Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ ներկայ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Տումայի մէջ քուէարկութեան կեդրոններէն մէկուն մէջ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ընթացքին ըսաւ. «Այսօրուան պատկերը կը հաստատէ, որ սուրիացի քաղաքացին ազատ է։ Որոշումը սուրիացի քաղաքացիին որոշումն է, Սուրիոյ ժողովուրդին որոշումն է եւ ոչ՝ այլ կողմերու։ Մենք միասնաբար պիտի վերականգնենք մեր քաղաքները, մեր գիւղերը, մեր երկիրը պիտի գտնէ իր նախկին փայլքը։ Ջերմօրէն կ՚ողջունեմ Սուրիոյ ժողովուրդը, որ պատերազմի երկարատեւ տարիներուն զոհաբերեց, պայքարեցաւ եւ տոկաց։ Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ գալիք օրերուն Սուրիոյ ժողովուրդը իր ուժերուն վստահելով ձեռքբերումներ պիտի ունենայ եւ երկիրը պիտի բարգաւաճի մեր բազուկներով»։