Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ սուրիական լրատուամիջոցներէն սփռուած ուղղիղ եթերով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատ վերընտրուեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին ձայներուն մեծամասնութեամբ, ստանալով 13. 540. 860 սուրիացի քաղաքացիի ձայնը՝ 95, 1% տոկոսով։