“Երկիր Մետիա”._Հայկական կողմէն արձակուած կրակոցէն ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողի վիրաւորուելու մասին Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութիւնը հերթական բացայայտ սուտ է։ ՀՀ ՊՆ-էն յայտնած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ կրակ չեն բացած։ Ըստ ամենայնի, ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողի վիրաւորուելու պատճառները պէտք է փնտռել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Զինեալ ՈՒժերու զինուորական ծառայողներու ներանձնային փոխյարաբերութիւններու եւ կարգապահութեան հետ կապուած հարցերու մէջ։