ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ
Յակոբեան 4 Յունիսին հանդիպած են Սեւանի անդամներուն հետ։

Ռոպերթ Քոչարեանի խօսքին համաձայն, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին կտրականապէս աւելցած է երկրէն մեկնող եւ չվերադարձողներուն թիւը․ 4 ամսուան ընթացքին բացասական սալտոն կազմած է 80 հազար մարդ։ Նման ցուցանիշներ Հայաստանի մէջ եղած են 90-ականներու սկիզբը։ Սա արդէն կը կոչուի արտագաղթ՝ փախուստ։ «Եթէ երկրի մէջ ամէն ինչ լաւ է, ինչու՞ կը փախչին։ Ուրեմն չեն վստահիր այս իշխանութեան։ Այս վիճակը փոխելու միակ կարելիութիւնը իշխանափոխութիւնն է», յայտարարած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը։

Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է, որ Գեղարքունիքը Հայաստանի այն մարզերէն է, որ պատերազմէն վերջ դարձած է սահմանամերձ եւ իր վրայ կը զգայ վտանգը, որովհետեւ թշնամին հասած է Վարդենիսի մատոյցները։ Վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին բանավէճի հրաւէրը չընդունելուն մասին ըսաւ. «Դաւաճանի ու յանձնողականութեան հետ բանավիճելու որեւէ նիւթ չունինք»։

Վահէ Յակոբեան, իր կարգին, ընգծած է, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու բնակիչները աւելի զօրաւոր կը զգան անվտանգութեան հարցի լրջութիւնը։ Անոնք պէտք է ըլլան աւելի գիտակից եւ հասկնան, թէ որ խումբը ի վիճակի է լուծելու անոնց անվտանգութեան հարցը։