Երեք­շաբ­թի, 1 Յու­նի­սին Հա­յաս­տա­նի Առող­ջա­պա­հու­թեան Նա­խա­րա­րու­թիւնը, ար­ձա­գան­գե­լով 31 Մա­յիս 2021-ին հրա­պա­րակ­ուած Աբով­եա­նի թո­քախ­տա­ւոր­նե­րու հիւան­դա­նո­ցի դի­ա­հեր­ձա­րա­նի լու­սան­կար­նե­րուն (նկու­ղի մը մէջ գե­տի­նը նետ­ուած հա­րիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ զի­նուոր­նե­րու մար­մին­ներ եւ մա­սունք­ներ), հաս­տա­տեց, որ լու­սան­կար­նե­րը Աբով­եա­նի դի­ա­հեր­ձա­րա­նէն են՝ մի­ա­ժա­մա­նակ պն­դե­լով, թէ այդ պայ­ման­նե­րը կը բա­ւա­րա­րեն դի­ակ­նե­րու պա­հու­մի պա­հանջ­նե­րը:
Աւե­լի ուշ առող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն յայտ­նե­ցին, որ ու­նին նա­հա­տակ զի­նուոր­նե­րու 50 մա­սունք­ներ, որոնք քա­նի մը ան­գամ են­թարկ­ուած են փոր­ձաքն­նու­թեան, բայց կա­րե­լի չէ եղած «Տի.Էն.Էյ.»ը ան­ջա­տել: Մնա­ցած բո­լոր դի­ակ­նե­րը փոր­ձաքնն­ուած են, որոնց մէկ մա­սը՝ ներ­կայ դրու­թեամբ 149-ը, ծնող­նե­րու տու­եալ­նե­րուն հետ չեն հա­մընկ­նած:
Առող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը նե­րո­ղու­թիւն խնդ­րեց զո­հե­րուն հա­րա­զատ­նե­րէն՝ աւելց­նե­լով. «Բաց­թո­ղումս եղած է, որ որո­շա­կի տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րէ ետք ան­գամ մը եւս ան­ձամբ չեմ այ­ցե­լած եւ պահ­պան­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ստու­գած»:
Նոյն օրը վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տար Նի­կոլ Փա­շին­եան  պա­տաս­խա­նա­տու գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րուն յանձ­նա­րա­րեց ծա­ռա­յո­ղա­կան քն­նու­թիւն կա­տա­րել այս հար­ցով:
Քնն­չա­կան կո­մի­տէն հար­ցին մա­սին սկ­սած է նիւ­թեր նա­խա­պատ­րաս­տել՝ չբա­ցա­ռե­լով, որ քր­է­ա­կան գործ յա­րուց­ուի:
Յայտ­նենք, որ դի­ա­հեր­ձա­րա­նին մէջ յայտն­ուած զի­նուոր­նե­րու դի­ակ­նե­րու աճիւն­նե­րուն եւ մա­սունք­նե­րուն լու­սան­կար­նե­րը պատ­ճառ դար­ձած էին ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ալի­քի յա­ռա­ջաց­ման: