«Իրաւունքի» ունեցած տեղեկութիւն­ներուն  համաձայն, ՀՀ արտաքին գործոց հրաժարական տուած նա­խարար Արա Այվազեան այս օրերուն աշխուժ հանդիպումներ  կ’ունենայ նախա­րարութեան աշխատակազմին հետ երեւանեան սրճարաններուն մէջ:

«Հարցը, որ նախարարի եւ տեղակալներու հրաժարա­կանէն վերջ նախարարութեան մէջ ուղ­ղակի քաոս կը տիրէ, իսկ աշխատակից­ները ինչ-ինչ հարցեր կը փորձեն լուծել Ա. Այվազեանին միջոցով:

Երբ երէկ ԱԳ երեք փոխնախարար­ները եւս` Աւետ Ադոնց, Արտակ Ապիտօնեան եւ Գագիկ Ղալաչեան պաշտօնա­պէս հրաժարեցան իրենց ստանձնած պաշտօ­նէն, նախարարութեան այդ քաոսային վի­ճակը ալ աւելի պիտի սրուի», կը գրէ թերթը: