«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանի եւ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի` 14 Յոււնիսին տեղի ունենալիք հանդիպումին ընդառաջ Սպիտակ տունը հանդէս  եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ  կատարուած է սպասուելիք հանդիպումի օրակարգին:

ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիւան յայտնած է, որ երկու երկիրներու առաջնորդները հանդիպումի ընթացքին մասնաւորապէս պիտի քննարկեն Միջերկրական ծովու արեւելքին, Սուրիոյ, Իրանին, Լեռնային Ղարաբաղին (Արցախ) առնչուող հարցեր:

Հանդիպումը նախատեսուած է իրականացնել Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ` ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին:

Էրտողան եւ Պայտըն պիտի անդրադառնան նաեւ ԱՄՆ-Թուրքիա երկկողմ յարաբերութիւններուն: