Լի­բա­նա­նի երես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն էր:
Մեր թեկ­նա­ծու­նե­րէն մէ­կը կը խօ­սէր կրա­կոտ  ճա­ռեր, որոնք կը վեր­ջա­նա­յին սր­տա­գին կո­չով մը՝ ուղղ­ուած «հայ, ասո­րի, սր­ի­ա­նի, աշու­րի, քլ­տա­նի, յոյն, կա­թո­ղի­կէ, աւե­տա­րա­նա­կան…» հա­մայնք­նե­րուն եւ հայ­ցե­լով անոնց ան­վե­րա­պահ զօ­րա­վի­գը…:
Եւ  թեր­թե­րը կը փու­թա­յին բա­ռա­ցի տպել անոր ոգե­ւո­րիչ  ճա­ռե­րը:
Առա­ջին ըն­թեր­ցու­միս  չհա­ւա­տա­ցի աչ­քե­րուս, որ երես­փո­խան մը ասո­րին եւ սր­ի­ա­նին  նկա­տէ եր­կու տար­բեր հա­մայնք­ներ. ուս­տի գրե­ցի խմ­բագ­րու­թեան՝ բա­ցատ­րե­լով, որ ասոնք նոյն բանն են,  խնդ­րե­լով, որ տեղ­եակ պա­հէ ար­ժա­նա­պա­տիւ են­թա­կան այս ամօ­թա­լի շփո­թին:  Եւ ահա քա­նի մը օր ետք կար­դա­ցի նոյն թեր­թին մէկ այլ թղ­թակ­ցու­թիւնը, ուր  ասո­րին եւ սր­ի­ա­նին դարձ­եա՛լ կը ներ­կա­յա­նա­յին իբ­րեւ եր­կու տար­բեր հա­մայնք­ներ: Պարզ է, որ եթէ մեր ապա­գայ երես­փո­խա­նին հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նէր նման շփոթ մը, ան կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նէր անոր ճա­ռե­րը տպող թեր­թին հա­մար եւս.  չէ՞ որ նման գտա­նէ զն­ման իւր:
Լու­սա­հո­գի Յա­կոբ Իս­կեն­տէր­եա­նը,  հրա­շա­լի զրու­ցա­կից մը ըլ­լա­լէ բա­ցի, նա­եւ փի­լի­սո­փայ էր եւ նման կա­ցու­թիւն­նե­րու առ­թիւ լայն  ու  առինք­նող ժպի­տով մը կ’ըսէր. «Ամէն որդ­նո­տած լուբ­իա իր գնոր­դը կ’ու­նե­նայ»,- եւ ան­շուշտ թր­քե­րէն կ’ըսէր, որով­հե­տեւ ասոյ­թին ծա­գու­մը թր­քա­կան է եւ համն ալ… ճի՛շդ անոր մէջն է:
* * *
Նոր սե­րուն­դին հա­մար այս անուն­նե­րը գրե­թէ բո­լո­րո­վին օտա­րո­տի են, իսկ  մնաց­եա­լին հա­մար ալ բա­ւա­կան շփո­թե­լի: Ասոնց պատ­շաճ իմա­ցու­թիւնը  կ’են­թադ­րէր հա­յոց  եւ ընդ­հա­նուր  ազ­գաց պատ­մու­թեան ու­սու­ցու­մի այն­պի­սի որակ մը, որ եր­կար ատե­նէ ի վեր  դադ­րած է գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ:
Ստո­րեւ քա­նի մը շատ նախ­նա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­ներ՝ ի պէտս ապա­գայ թեկ­նած­ուաց մե­րոց, երես­փո­խա­նա­կան յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն  ըն­դա­ռաջ:
1.Ասո­րես­տան­ցի­ներ  կամ ասուր­ներ
Ասո­րես­տա­նը եղած է հին աշ­խար­հի հզօ­րա­գոյն թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ հիմն­ուած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 2500-ին Քա.՝ դառ­նա­լով ահն ու սար­սա­փը  շր­ջա­կայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու: Ան կը գտն­ուէր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւը, ար­դի Իրա­քի հիւ­սի­սը,  եւ բազ­միցս յի­շա­տակ­ուած է Հին կտա­կա­րա­նի մէջ: Անոր թա­գու­հի­նե­րէն մէկն էր՝  հեք­ի­ա­թա­յին Շա­մի­րա­մը, որ խել­քը տուած էր մեր Արա  Գե­ղե­ցի­կին, որուն այն­պէս ալ չկր­ցաւ տի­րա­նալ: Ու­նե­ցած է քա­նի մը մայ­րա­քա­ղաք­ներ, վեր­ջի­նը եղաւ  Նին­ուէն, որ 609-ին Քա.  գրաւ­ուե­ցաւ  ու կոր­ծա­նե­ցաւ դրա­ցի  Բա­բե­լո­նի (Babylone) կող­մէ, որ սահ­մա­նա­կից էր իրեն:
Ֆրան­սե­րէն ան­ուա­նումն է Assyrie, լե­զուն՝ assyrien, արա­բե­րէն՝ Աշուր եւ աշու­րի:
2. Քաղ­դ­է­ա­ցի­ներ
Ասոնք պատ­մա­կան Բա­բե­լո­նի բնակ­չու­թեան մէկ բա­ղադ­րիչն էին, որոնք հետզ­հե­տէ զօ­րա­նա­լով տի­րե­ցին անոր 6-րդ դա­րուն Քա. եւ վե­րան­ուա­նե­ցին զայն Քաղ­դ­է­աս­տան: Քաղ­դ­է­ա­ցի­նե­րու  Նա­բու­գո­դո­նո­սոր Բ. ար­քան էր, որ 587 թուին գե­րե­վա­րեց  հր­եա­նե­րը  դէ­պի Բա­բե­լոն, ուր անոնք  մնա­ցին  մօ­տա­ւո­ր­ա­­պէս  ութ­սուն տա­րի: Ու երբ վե­րա­դար­ձան Պա­ղես­տին,  անոնք   մոռ­ցած իրենց լե­զուն եւ այ­բու­բե­նը:
Ֆրան­սե­րէն ան­ուա­նումն է Chaldee, լե­զուն՝ chaldeen, արա­բե­րէն` Քալ­տու,  քլ­տա­նի:
3. Ասո­րի­ներ
12-րդ դա­րուն Քա. ար­դի Սուր­իա կը ներ­խու­ժեն սե­մա­կան  մե­ծա­թիւ   ցե­ղա­խում­բեր, որոնք ծա­նօթ են արա­մ­է­ա­ցի անու­նով: Այս­տեղ անոնք կը հիմ­նեն  զա­նա­զան թա­գա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ կը յա­ջո­ղին տե­ղա­ցի­նե­րուն պար­տադ­րել իրենց լե­զուն՝ արա­մէ­ե­րէ­նը: Արա­մ­է­ա­ցիք մնա­յուն նշա­ւակ դար­ձան  Ասո­րես­տա­նի, աւե­լի ուշ Բա­բե­լո­նի եւ վեր­ջա­պէս պար­սիկ­նե­րու: Այս ան­հիւ­րըն­կալ մի­ջա­վայ­րը հիւ­ծեց զի­րենք, եւ անոնց­մէ  վե­րապ­րե­ցաւ շա­ռա­ւիղ մը միայն՝ ասո­րի­նե­րը, որոնք յա­ջո­ղե­ցան ի վեր­ջոյ հիմ­նել կար­ճա­տեւ (132Քա. – 216Քե.), սա­կայն կա­յուն, Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­կից՝ Օս­րո­ե­նի փոք­րիկ թա­գա­ւո­րու­թիւնը՝  Եդես­իա  կամ Ուռ­հա  (Ուր­ֆա) մայ­րա­քա­ղա­քո­վ Եփ­րա­տի ափին:
Այս  թա­գա­ւո­րու­թիւնը  ան­ուա­նի է Աբ­գար տիտ­ղո­սը1 կրող ար­քա­նե­րու   եր­կար շար­քով մը՝ թիւով տասն­մէկ: Են­թադ­րե­լի է, որ ասոնց­մէ մէկ քա­նին հա­յեր եղած ըլ­լան: Խո­րե­նա­ցի կը թուէ մաս­նա­ւո­րա­բար Մծ­բին (Nisibine) քա­ղա­քի հիմ­նա­դիր Աբ­գա­րը՝ իբ­րեւ հայ: Այս այն թա­գա­ւորն է, որ իր ամ­բողջ հարս­տու­թեան մին­չեւ վեր­ջին  լու­ման ծախ­սեց քա­ղա­քի կա­ռու­ցու­մին  ու շէ­նա­ցու­մին հա­մար. ի պա­տիւ իր այս նուի­րու­մին՝  այն­տեղ կանգ­նե­ցու­ցին իր ար­ձա­նը, որուն  ցու­ցա­մա­տին ու բթա­մա­տին մի­ջեւ  սեղմ­ուած  էր դա­հե­կան մը, որ իրեն մնա­ցած մի­ակ  դրամն էր:
* * *
Այ­լա­պէս ան­ուա­նի է ու­րիշ  Աբ­գար մը՝ հին­գե­րոր­դը,- այս եւս հայ կո­չող­ներ չեն պակ­սիր,- որ կ’ապ­րէր  Քրիս­տո­սի օրով  եւ բո­րոտ էր: Լսած ըլ­լա­լով  Քրիս­տո­սի հրաշք­նե­րը ու մա­նա­ւանդ բու­ժում­նե­րը, ան Հր­է­աս­տան կը ղր­կէ եր­կու սուր­հան­դակ­ներ՝ նա­մա­կով մը, հրա­ւի­րե­լով Յի­սու­սը իր մայ­րա­քա­ղա­քը: Նա­մա­կը Յի­սու­սին կը յանձն­ուի Աւագ Չո­րեք­շաբ­թի, եւ Յի­սուս կը ստիպ­ուի մեր­ժել հրա­ւէ­րը, քա­նի միւս օրը տե­ղի պի­տի ու­նե­նար իր առա­քե­լութ­եան պսա­կու­մը՝ խա­չե­լու­թիւնը: Սա­կայն, հի­ա­նա­լով  Աբ­գա­րի հա­ւատ­քին վրայ, ան  երե­սը  կը շփէ պաս­տա­ռով մը, որուն վրայ  կը տպ­ուի դի­ման­կա­րը, եւ կ’երաշ­խա­ւո­րէ  խնդ­րար­կու­նե­րը, որ այդ դի­ման­կա­րը բա­ւա­րար էր իր փո­խա­րէն բու­ժե­լու  հիւանդ  թա­գա­ւո­րը:
Ան­շուշտ այս բո­լո­րը կը թե­լադ­րեն, որ ասո­րի­նե­րը  շատ կա­նուխ, թէ­կուզ Քրիս­տո­սի կեն­դա­նու­թեան իսկ, ար­դէն քրիս­տոն­եայ էին: Անոնք եղած են Աստ­ուա­ծա­շուն­չը առա­ջին թարգ­մա­նող­նե­րէն2: Սա­հակ Պար­թեւ  2-րդ. դա­րու մի­ակ տրա­մադ­րե­լի ասո­րա­կան բնօ­րի­նա­կի մը վրա­յէն թարգ­մա­նեց հա­յե­րէն Աստ­ուա­ծա­շուն­չը  մօ­տա­ւո­րա­պէս 410-ին,  իսկ ան­կէ քսան տա­րի ետք  վե­րա­նա­յե­ցաւ զայն  յու­նա­կան ՝ Եօ­թա­նաս­նից  կոչ­ուած օրի­նա­կի մը հի­մամբ:
* * *
Հայ-ասո­րա­կան մեր­ձա­ւո­րու­թիւնը շատ խոր ար­մատ­ներ ու­նի:
Ասո­րա­կան քա­ղաք­նե­րը  բնակ­ուած էին հոծ հա­յու­թեամբ. Եդես­իոյ, Մծ­բի­նի բնակ­չու­թեանց մին­չեւ կէ­սը  են­թադ­րա­բար հայ էր3: Միւս կող­մէ՝ մեր սահ­մա­նա­մերձ Աղձ­նիք  նա­հան­գը կը բո­վան­դա­կէր ասո­րա­կան պատ­կա­ռե­լի հա­մայնք մը: Այս  հա­մա­տա­րած բնա­կակ­ցու­թիւն­նե­րը մաս­նա­ւոր հար­ցեր չեն ստեղ­ծած, եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը իրենց ամ­բողջ պատ­մու­թիւնը  ապ­րած են հաշտ ու հա­մե­րաշխ:
Այս իրո­ղու­թեան նպաս­տած է մաս­նա­ւո­րա­բար  մեր գի­րե­րու գիւ­տը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եդես­իոյ մէջ. ար­դա­րեւ, իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար  Մես­րոպ օրին ուղղ­ուե­ցաւ Եդես­իա, ուր գո­յու­թիւն ու­նէր աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան դպ­րոց մը ու մա­նա­ւանդ հա­րուստ մա­տե­նա­դա­րան մը: Ահա այս մի­ջա­վայ­րին մէջ է, որ Մես­րոպ հնա­րեց մեր այ­բու­բե­նը՝ ասո­րի հայ­րե­րու  սի­րա­լիր սպա­սար­կու­թեան  եւ ջերմ հիւր­ըն­կա­լու­թեան պայ­մանն­րուն մէջ:
Կար մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը իրա­րու զօ­դող այլ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը, որ էր դա­ւա­նան­քը. ասո­րի­նե­րը իրենք եւս մի­աբ­նակ ուղ­ղա­փառ  էին, գէթ սկզբնա­պէս: Հե­տա­գա­յին անոնց ծո­ցին մէջ յա­ռա­ջա­ցան զա­նա­զան հերձ­ուած­ներ,  եւ ինչ որ զար­մա­նա­լի է, իւ­րա­քան­չիւր  հերձ­ուած  ջա­նաց կր­ցա­ծին չափ հե­ռա­նալ   մայր զանգ­ուա­ծէն՝4 ջա­նա­լով հնա­րել իր սե­փա­կան այ­բու­բե­նը՝ թէ­կուզ  հիմն­ուե­լով  մայր այ­բու­բե­նին վրայ, որ Էստ­րան­գե­լօ5 ըս­ուածն է:
Այս բո­լո­րը շատ տարտղ­նե­ցին  ու տկա­րա­ցու­ցին ասո­րի ժո­ղո­վուր­դը, որ չկր­ցաւ հայ­րե­նիք մը կեր­տել ու հետզ­հե­տէ անշ­քա­ցաւ:  Առա­ւել տու­ժո­ղը եղաւ լե­զուն, որ հետզ­հե­տէ  մո­ռա­ցու­թեան մատն­ուե­ցաւ,  եւ ասո­րա­կան փոքր հա­մայնք­ներ գո­յա­տե­ւե­ցին Արե­ւել­քի (մեր օրե­րուն նա­եւ՝ Արեւ­մուտ­քի) զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ իբ­րեւ կրօ­նա­կան, քան թէ ազ­գա­յին խմ­բա­ւո­րում­ներ, ճիշդ հր­եա­նե­րուն պէս՝  նախ­քան ասոնց  Հր­է­ա­ստան վե­րա­դար­ձը:
Ու­րեմն՝ բա­նա­լի բա­ռեր.
-Ասո­րես­տան, ասու­րի, ասու­րե­րէն, Assyrie, assyrien, Աշուր, աշու­րի
-Քաղ­դ­է­աս­տան, քաղ­դ­է­ա­ցի, քաղ­դէ­ե­րէն, Chaldee, chaldeen,  Քալ­տու, քլ­տա­նի
-Օս­րո­են, ասո­րի, ասո­րե­րէն,    Osroօne, syriaque, Ռու­հա, սր­ի­ա­նի
Արմենակ Եղիայեան