Արեւմուտքի Վերածնունդի ակնառու կերտիչներէն է Մայքլ Անճելօն, որուն քանդակները մինչ օրս կը համարուին մարդկութեան լաւագոյն ձեռակերտները: Անոր նշանաւոր խօսքն է. «Իւրաքանչիւր ժայռ իր մէջ կը պարունակէ արձան մը, իսկ արուեստագէտի պարտաւորութիւնն է  յայտնաբերել զայն»:
Նկարիչ, գրող, քանդակագործ ու երկրաչափ Մայքլ Անճելօ այնքան նուիրուած էր իր արուեստին, որ կը քանդակէր նոյնիսկ գիշերուան ժամերուն, մոմ մը կպցուցած իր ճակտին:
Սակայն, բազմատաղանդ Մայքլ Անճելոյի ստեղծագործութեան գլուխ գործոցն է արուեստի կատարելութիւն համարուած «Դաւիթ»ի քանդակը, կերտուած 1501-1504-ի միջեւ: Ի դէպ, Դաւիթ անունը ունի աստուածաշնչեան ակունք ու եբրայերէն կը նշանակէ «սիրելի»: Հին Կտակարանի Սամուէլ գիրքին մէջ յիշատակուած եբրայեցիներու երկրորդ թագաւոր, տասընհինգ տարեկան Դաւիթի կերպարն է ան, զոր Մայլքլ Անճելօ պատկերած է ամբողջական մերկութեան մէջ, խորհրդանշելով մարդկային ուժն ու երիտասարդութեան գեղեցկութիւնը: Քանդակի չափը ինքնին հիացուցած է իր ժամանակակիցները:
Քանի մը հետաքրքրական գիտելիք այս քանդակին մասին…
Մայքլ Անճելօ «Դաւիթ»ի արձանը քանդակած է մարմարեայ հըսկայ ժայռի բեկորի մը վրայ, որ քանիցս դէս ու դէն շպրտուած էր այլ արուեստագէտներու կողմէ: Դեռ աւելին. արուեստագէտ մը սկսած է փորագրել անոր վրայ, ապա կիսատ թողած է զայն ու այդպէս ալ ան լքուած է ամբողջ տասը տարի:
Արձանը ներկայիս կը գտնուի ոչ թէ նշանաւոր Լուվրի (ինչպէս շատեր կը կարծեն), այլ Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքին մէջ:
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին «Դաւիթ»ի երեք քանդակներ, կերտուած երեք տարբեր արուեստագէտներու՝ Տոնաթելլոյի, Վերոչիոյի եւ Մայքլ Անճելոյի ձեռամբ:
Իր այս քանդակով իտալացի արուեստագէտը այնքան հրապուրուած էր, որ օրեր շարունակ, անոր դէմ կանգնելով, աղերսած է, որ բարբառի եւ մարդկային լեզու ելլէ: Ի վերջոյ ըսած է. «Տեսայ հրեշտակ մը այդ մարմարեայ ժայռին մէջ եւ փորագրեցի մինչեւ ազատ արձակեցի զայն»:
Սիւզի Խշուաճեան