Նա­խորդ սիւ­նա­կին մէջ ընդ­հա­նուր ուր­ուագ­ծու­մը կա­տա­րե­ցինք Հա­յաս­տա­նի այ­սօր­ուան վի­ճա­կին, որ կը կազ­մէ 20 Յու­նի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րու բե­մին խո­րա­պատ­կե­րը: Աւելց­նենք, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պէտք չէ դի­տել իբ­րեւ այն­պի­սի հանգր­ուան, որ բո­լոր լու­ծում­նե­րուն բա­նա­լի­նե­րը պի­տի բե­րէ հա­յու­թեան: Բաց աչ­քե­րով կը տես­նենք, չէ՞, որ Հա­յաս­տան ին­կած է ռազ­մա­կան ու քա­ղա­քա­կան (նա­եւ շր­ջա­նա­յին ծի­րին մէջ) այն­պի­սի փո­թո­րիկ­նե­րու գիր­կը, որոնք մեր կամ­քէն ան­կախ զար­գա­ցում­նե­րու խա­ղա­լիք դար­ձու­ցած են մեզ: Իսկ այդ զար­գա­ցում­նե­րուն գլ­խա­ւոր խո­րա­գի­րը (ոչ մի­ա­կը) հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան հո­րի­զոն­ներն են, որոնց կող­քին կան Արե­ւելք-Արեւ­մուտք նո­րաց­ուած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, սա­կայն նա­եւ գոր­ծակ­ցա­կան որոշ գի­ծեր…:
ԱՅ­ԼԱՆ­ԴԱԿ ՎԻ­ՃԱԿ
Նախ եւ առաջ, պէտք է նկա­տենք, որ մեր հայ­րե­նի­քին մէջ այ­լան­դա­կու­թիւն­նե­րը մր­ցու­մի ելած են իրա­րու հետ: Ի մտի չու­նինք միայն այն,  որ եր­կի­րը ահա­ւոր կո­րուստ­նե­րու տա­րած, մեր գլ­խուն նոր վտանգ­ներ կա­խող իշ­խա­նու­թիւնը տա­կա­ւին կը յա­ւակ­նի նոր «նուա­ճում­նե­րու» հաս­նիլ (ո՞ր ուղ­ղու­թեամբ, յս­տակ է), կը պա­հէ հաւ­կուր  շա­հա­դէտ­նե­րու հա­մակ­րան­քը, այլ մա­նա­ւանդ այն, որ երկ­րին ղե­կը կը մնայ հրա­ժար­եա՛լ վար­չա­պե­տի մը եւ իր հրա­ժար­եա՛լ կա­ռա­վա­րութ­եան, նա­եւ՝ ինք­զինք լու­ծար­քի են­թար­կած Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի՛ մը ձեռ­քին: Կար­ծէք թէ հրա­ժա­րա­կան եւ լու­ծարք իմաստ չու­նե­նա­յին, դէպ­քե­րը կը շա­րու­նակ­ուին «բնա­կան ձե­ւով»: Ան­շուշտ պի­տի ըս­ուի, որ եր­կի­րը ան­դա­մա­լու­ծու­թեան պէտք չէ մատն­ուի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նին այժ­մու իրա­ւա­վի­ճա­կին դի­մաց, սա­կայն ինչ որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ՝ «ըն­թա­ցիկ եւ ան­խու­սա­փե­լի-ան­յե­տաձ­գե­լի գոր­ծեր»էն շա՜տ հե­ռու­նե­րը կը տա­նի:
Մէկ խօս­քով, Հա­յաս­տա­նի (եւ Ար­ցա­խի) շուրջ ճա­կա­տագ­րա­կան քայ­լե­րը, առա­ջարկ­նե­րը, հո­ղե­րու «փո­խա­նա­կում»ի լուռ ու բա­ցա­յայտ ծրա­գիր­նե­րը հրա­պա­րակ կու գան, երբ իշ­խա­նութ­եան մա­կար­դա­կին վրայ ստեղծ­ուած  է իրո­ղա­կան պա­րա­պու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը: Սահ­մա­նադ­րա­գէտ­ներ եւ օրէնս­գէտ­ներ կր­նան հա­զար ու մէկ վէ­ճի մէջ մտ­նել (այս գետ­նի վրայ մաս­նա­կի քն­նար­կում կը կա­տար­ուի), հարց տա­լու՝ թէ նման վճ­ռո­րոշ, ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­ՔԻ ՏԱ­ՐԱԾ­ՔԻՆ եւ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ճա­կա­տա­գիր­նե­րուն հետ կապ ու­նե­ցող տնօ­րի­նում­ներ ինչ­պէ՞ս կր­նան յա­ռաջ տար­ուիլ հրա­ժա­րա­կան տուած­նե­րու եւ լու­ծար­քի են­թարկ­ուած­նե­րու կող­մէ, ահա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն ձգե­լու հա­մար յա­ջորդ­նե­րուն: Ող­բեր­գու­թեան մէկ այլ ծալքն ալ հոն է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը «ամէն բան բնա­կան է»ի հա­ւաս­տիք­ներ կու տան հա­յու­թեան եւ մեր կա­ցու­թեան հե­տե­ւող բա­րե­կա­մին ու թշ­նամի­ին, երբ թշ­նա­ման­քը մնա­յուն վար­քա­գի­ծի վե­րա­ծած Ատր­պէյ­ճանն ալ կ’ըսէ, թէ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­ման­նե­րը խա­ղաղ են, յե­տոյ, օր մըն ալ… հայ­կա­կան կող­մը կ’ամ­բաս­տա­նէ, թէ կրա­կած է Նա­խի­ջե­ւա­նի ուղ­ղութ­եամբ, այ­լա­պէս քո­ղարկ­եալ «պատ­գամ» մը հասց­նե­լով մեր խուլ-կոյ­րե­րուն, չը­սե­լու հա­մար «օրա­կարգ իրա­կա­նաց­նող»նե­րուն: Արդ­եօք պատ­մու­թեան մէջ քա­նի՞ եր­կիր կր­նանք գտ­նել, ուր պար­տու­թիւն կեր­տած հրա­ժար­եալ­ներ խա­ղան երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րին հետ: Քա­նի՞ երկ­րի մէջ ղե­կա­վա­րի դիրք ու­նե­ցո­ղը այս­քա՛ն ինք­նա­հեր­քում կր­նայ ընել եւ հաշտ աչ­քով դիտ­ուիլ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ (օր մը խօսք կ’ըլ­լայ խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան եւ հար­ցե­րը քա­ղա­քա­կան ու­ղի­նե­րով լու­ծե­լու մա­սին, յա­ջորդ օրը վեր կ’առն­ուին թշ­նամի­ին բա­ցա­յայտ գրգ­ռու­թիւն­նե­րը եւ «եթէ խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րուն չըն­դա­ռա­ջեն, կր­նանք ու­ժի դի­մել» մը կ’ար­ձակ­ուի… կա­պա­րա­զերծ փամ­փուշ­տի պէս):
ՑՈՒ­ՑԱԿ­ՆԵՐ
Մա­յիս­եան տօ­նի նա­խօր­եա­կին, յս­տակ եղաւ, որ 27 կու­սակ­ցու­թիւն եւ դա­շինք կը մտ­նեն ընտ­րա­կան կր­կէս, յս­տա­կա­ցու­ցած են թեկ­նա­ծու­նե­րու ցու­ցակ­նե­րը: Գլ­խա­ւոր եւ երկ­րոր­դա­կան ախոյ­եան­ներն ալ  (չխօ­սինք խրտ­ուի­լակ­նե­րու մա­սին) ըստ բա­ւա­կա­նին յս­տա­կա­ցած են:
Սպա­սե­լով ընտ­րար­շա­ւի պաշ­տօ­նա­կան ար­ձա­կու­մին, խառ­նա­րա­նը նոր տուայ­տանք­ներ կ’ապ­րի քա­նի մը գի­ծե­րու վրայ: Իշ­խա­նու­թիւնն ու զինք փա­ռա­բա­նող լրա­տու պա­տու­հան­նե­րը հա­ւաս­տիք կու տան, թէ պի­տի յա­ջո­ղին պա­հել երկ­րին ղե­կը, իրա­կա­նաց­նել խոս­տում­նե­րը (այս մա­սին չենք ու­զեր եր­կար խօ­սիլ, այլ ար­ձա­նագ­րենք միայն, որ յու­սա­տու խոս­տում­նե­րուն ան­կա­տար մնա­լէն ան­դին, հող, կեան­քեր եւ տն­տե­սու­թիւն կորսն­ցու­ցած ենք, նա­հանջ­ներ ար­ձա­նագ­րած ենք մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ): Արդ­եօք այդ խոս­տում­նե­րուն իրա­կա­նա­ցու­մը պի­տի ըլ­լայ «գաղտ­նա­պա­հու­թեան» եւ «ամէն բա­նի հա­մար բաց հա­շիւ պի­տի տանք»-ի նո՞յն ըն­թաց­քով: Ին­չո՞ւ ոչ, երբ սու­տի «աւան­դու­թիւնը» հա­ճե­լի թմ­բիր կը պար­գե­ւէ ոմանց:
Ընդ­դի­մա­դիր ճա­կա­տը (որ քա­նի մը շեր­տի բաժն­ուած է) ինք­նավս­տահ է, որ այս իշ­խա­նութ­եան «օրե­րը հաշ­ուը­ուած» են, 21 Յու­նի­սին, Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի բաց­ուի վե­րա­կանգ­նու­մի, «կռ­նա­կը շտ­կե­լու» եւ աշ­խար­հի բե­մին վրայ Հա­յաս­տա­նի տեղն ու դե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­լու էջը: Տար­բեր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը մէկ յայ­տա­րա­րի վրայ բե­րող գլ­խա­ւոր գի­ծը այն է, որ «Թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թիւն» հռ­չա­կող­նե­րու ստա­պա­տիր եւ ան­վա­ղոր­դայն «քայ­լար­շա­ւը» պէտք է վերջ գտ­նէ:
«ԳԱ­ՐՈՒՆ»Ի ՏԱՐ­ԲԵ­ՐԱ­ԿԸ
Վեր­ջին երեք տա­րի­նե­րը, բայց մա­նա­ւանդ 44-օր­եայ պա­տե­րազմն ու հե­տե­ւանք­նե­րը կաս­կած չեն ձգած, որ Հա­յաս­տան, Ար­ցա­խով եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեամբ, մատն­ուած է «Արա­բա­կան գա­րուն»ի մէկ տար­բե­րա­կին (եւ եր­բեք ալ կա­րե­ւոր չէ, թէ «քա­լող­նե­րը» այս վի­ճա­կին հաս­ցու­ցին գի­տա՞կցա­բար, համ­բա­կու­թ­եա՞ն հե­տե­ւան­քով, թէ՞ դա­ւադ­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեան տրա­մադ­րու­թեամբ…): «Արա­բա­կան գա­րուն»ին են­թա­կայ եղող եր­կիր­նե­րը կրե­ցին մեծ ու փոքր վնաս­ներ, մէկ քա­նին կը շա­րու­նա­կեն արիւ­նիլ ու քանդ­ուիլ (չմոռ­նանք այդ բո­լո­րին մէջ Թուրք­իոյ իւ­րա­յա­տուկ դե­րը): Մեր «գա­րուն»ը նման է ամէ­նէն ծանր աղէտ­նե­րու մատն­ուած­նե­րուն: Ան­ձե­րէն շատ աւե­լի ան­դին, հայ­րե­նիքն ու ազգն են վնա­սուող­նե­րը: (Իշ­խա­նու­թեան կարգ մը մաս­նա­կից­ներ ար­դէն «պր­ծած են»):
Ինչ­պէս ար­ձա­նագ­րե­ցին ար­դէն, մեր ար­դար ու չա­փա­զանց­եալ բա­նա­վէ­ճե­րը երբ իրո­ղա­պէս պա­ռակ­տու­մի տա­րած են մեզ (հոս ալ չան­տե­սենք «քա­լող­նե­րու պետ»ին բա­ժա­նա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը), ան­դին, Թուրք­իոյ ծրա­գիր­նե­րուն գոր­ծա­կա­տար Ատր­պէյ­ճա­նը ի՛ր ծրա­գիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կէ ան­շեղ կեր­պով,  իսկ մեր ճա­կա­տին վրայ, բա­նա­կին վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը, սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նա­կան քայ­լերն ու ընդ­հան­րա­պէս երկ­րի անվ­տան­գու­թեան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը դր­ուած են… սառ­նա­րան:
ՎԵ­ՐԱ­ԿԱՆԳ­ՆՈՒ­ՄԸ՝
ՄԱՐ­ՏԱՀ­ՐԱ­ՒԷՐ ԲՈ­ԼՈ­ՐԻՆ
Եթէ հրա­ժար­եալ վար­չա­պետն ու գոր­ծա­կից­նե­րը ար­դէն քա­րո­զար­շա­ւի սկ­սած են «Հա­յաս­տա­նի մէջ ապա­գայ կայ» նշա­նա­բա­նով (ո՞վ կ’ըսէ թէ չկայ: Իսկ մօ­տիկ անց­եա­լը քան­դո­ղէն նման խօսք՝ միայն սնա­մէջ յո­խոր­տանք է), ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը, իրենց կար­գին, հրա­պա­րակ կու գան աւե­լի՛ շօ­շա­փե­լի ծրա­գիր­նե­րով ու խոս­տում­նե­րով: Հի­մա, ժո­ղո­վուր­դը կը սպա­սէ, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն շօ­շա­փե­լի հի­մեր եւ նա­խա­քայ­լեր բե­րեն:
Երկ­րին ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը ազ­նիւ մար­տահ­րա­ւէ­րի դի­մաց դրած է ԲՈ­ԼՈ­ՐԸ: Ահա­գին ԳՈՐԾ կայ ընե­լիք. իշ­խա­նա­փո­խու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ (կր­նայ ըլ­լալ) միայն մեկ­նար­կը: Ի՛նչ ալ որ ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րուն իս­կա­կան պաշտ­պա­նու­թեան դրօ­շը բարձ­րաց­նող­նե­րուն կեց­ուածք­նե­րը, անոնց մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, մար­տահ­րա­ւէ­րը կը հար­կադ­րէ բո­լոր ու­ժե­րուն մի­ա­ցու­մը, կազ­մե­լու հա­մար լեռ­նա­ցած բեռ­նե­րը բար­ձե­լու կա­րող՝ ԳՈՐ­ԾԱԿ­ՑԱ­ԿԱՆ կա­ռա­վա­րա­կան կազմ մը (քո­ա­լիսի­ոն):
Ան­շուշտ շատ կա­նուխ է (թէ­եւ իրա­կա­նութ­եան մէջ ուշ է) խօ­սե­լու հա­մար կա­ռա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցա­կան կազ­մի մը մա­սին (կազմ մը՝ որ հա­մախմ­բէ բո­լոր կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րը), սա­կայն յս­տակ է, որ յա­ջորդ լե­ռէն մուկ պէտք չէ ծնի: Հո­րի­զո­նին վրայ կ’երե­ւին դրա­կան նշան­ներ:
Բաղ­ձա­լի եւ ատակ-գոր­ծուն­եայ իշ­խա­նու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար, պէտք է վե­րա­դառ­նալ այն տա­րա­զին, որ 10 Նո­յեմ­բե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք հրա­պա­րակ բեր­ուե­ցաւ «Ազ­գա­յին Փըր­կու­թեան Շար­ժում»ին կող­մէ: Այդ օրե­րուն, գլ­խա­ւոր առա­ջար­կը այն էր, որ ձա­խո­ղած եւ պարտ­ուած, ան­կում­նե­րու տա­րած խմ­բա­կը ան­յա­պաղ պէտք է հե­ռաց­ուի, կազմ­ուի բո­լոր կա­րող ու ատակ ձեռ­քե­րը մարմ­նա­ւո­րող՝ փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, որ ձեռ­նար­կէ երկ­րին վե­րա­կանգ­նու­մին (առանց մոռ­նա­լու այս վի­ճա­կին հասց­նող­նե­րը ար­դար հաշ­ուե­տուու­թեան են­թար­կե­լու, ար­դա­րա­դա­տու­թիւնը գոր­ծի լծե­լու պա­հան­ջը), եւ աւե­լի՛ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծէ՝ ար­դար եւ երկ­րի իս­կա­կան ծի­ա­ծա­նը մարմ­նա­ւո­րող խորհր­դա­րա­նի մը կազ­մու­թեան: Այդ առա­ջադ­րան­քը չի­րա­կա­նա­ցաւ բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­նե­րով, սա­կայն այժ­մու դա­ժան պայ­ման­նե­րը ցոյց կու տան, որ այդ մտա­ծու­մը ժա­մա­նա­կավ­րէպ չէ, ան­մի­ջա­կան ապա­գա­յին պէտք է նա­յիլ ա՛յդ տրա­մա­բա­նու­թեամբ: Այլ խօս­քով, ըն­դու­նինք կամ ոչ, 20 Յու­նի­սէն ետք կազմ­ուե­լիք կա­ռա­վա­րու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ ԻՍ­ԿԱ­ԿԱՆ ՓՈ­ԽԱՆՑ­ՄԱՆ իշ­խա­նու­թիւն մը:
Աւե­լորդ է եր­կար ցան­կեր կազ­մել, թէ ինչ­պի­սի՞ աշ­խա­տանք­նե­րու տակ պի­տի «թաղ­ուի» նոր կա­ռա­վա­րու­թիւնը: Ար­ձա­նագ­րենք քա­նի մը կա­րե­ւոր կէտ, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը (ըն­թեր­ցողս կր­նայ դիւ­րու­թեամբ եզ­րա­կաց­նել թէ) ու­նի իր են­թա­բա­ժին­նե­րը:
Ամէն բա­նէ առաջ, կայ երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին անվ­տան­գու­թեան ապա­հո­վու­մը: Զու­գա­հե­ռա­բար, հրա­մա­յա­կան է վեր­ջին 3 տա­րի­նե­րուն խո­րա­ցած բա­ժան­ուա­ծու­թեան եւ ատե­լու­թեան մթ­նո­լոր­տին բա­րեշր­ջու­մը (չմոռ­նանք, որ 2018-էն առաջ ալ պատ­կե­րը գու­նա­ւոր չէր…): Կայ նա­եւ բա­նա­կին վե­րա­կազ­մու­թիւնն ու ատակ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան մը հս­կո­ղու­թեամբ վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը, վե­րահ­զօ­րա­ցու­մը, արդ­ի­ա­կա­նա­ցու­մը: Նման հրա­մա­յա­կա­նի դի­մաց են ոս­տի­կան ու­ժերն ու ապա­հո­վու­թեան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը: Ո՛չ մէկ կաս­կած, որ Հա­յաս­տան չէ սնան­կա­ցած:
Ար­ցախն ու անոր սահ­ման­նե­րուն, իրա­ւա­վի­ճա­կին եւ իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­կանգ­նու­մը նոյն­քան հրա­տապ են եւ հրա­մա­յա­կան: Այս­օր­ուան իշ­խա­նու­թիւնը յա­ւակ­նե­ցաւ «զե­ռօ կէտ»է սկ­սիլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, հի­մա տե­սանք որ զե­ռո­յէն քա­նի՛ աս­տի­ճան վար ին­կած ենք: Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու ու անոնց յա­ջոր­դած շր­ջա­նի իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս մսխ­ուած պէտք չէ նկա­տել, սա­կայն նա­եւ նոր «դա­րաշր­ջան»ին պէտք է մօ­տե­նալ այն նա­խան­ձախնդ­րութ­եամբ, որ Ար­ցախն ու Հա­յաս­տա­նը լոկ մե­ծե­րու հաշ­ուարկ­նե­րուն խա­ղա­լի­քը պէտք չէ ըլ­լան (մօ­տա­ւո­րա­պէս 150 տա­րի առաջ, հայ­կա­կան հար­ցը Սան Սթե­ֆա­նո­յի «միա­կող­մա­նի որո­շում­նե­րէն» ետք, դր­ուե­ցաւ Պեր­լի­նի ժո­ղո­վին «բազ­մա­կող­մա­նի որո­շում­նե­րուն» խնամ­քին տակ…: Դա­րը փոխ­ուած է, խա­ղին կա­նոն­նե­րը շատ չեն փոխ­ուած): Այլ խօս­քով, Ատր­պէյ­ճա­նի խլած ու նուէր ստա­ցած տա­րածք­նե­րը ո՛չ միայն պէտք է վե­րա­կանգն­ուին, այլ լի­ար­ժէ­քօ­րէն հե­տապնդ­ուին ու ամ­րագր­ուին խոր­տակ­ուած հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դին բո­լոր իրա­ւունք­նե­րը: Կա­րե­լի չէ ու­րա­խա­նալ, որ ռուս խա­ղա­ղա­րար ու­ժե­րը ի՜նչ լաւ բան կ’ընեն, երբ հայ ուխ­տա­ւոր­ներ կ’առաջ­նոր­դեն դէ­պի Ամա­րաս ու Դա­դի­վանք, մինչ­դեռ ան­դին, Ատր­պէյ­ճան կը մար­սէ կուլ տուա­ծը, «շի­նա­րա­րա­կան» եւ հան­քե­րու շա­հա­գործ­ման ծրա­գիր­ներ սկ­սած է իրա­կա­նաց­նել, մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը կը փճաց­նէ աշ­խար­հի աչ­քե­րուն առ­ջեւ: (Յա­ճախ կը մոռ­նանք, որ խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րը ի՛նչ առա­քելու­թիւն ու­նին, չեն կր­նար փո­խա­րի­նել սե­փա­կան բա­զու­կը, Ար­ցախ թէ Հա­յաս­տան):
Ներ­քին ճա­կա­տին վրայ, հա­մա­չափ հրա­մա­յա­կան­ներ են տն­տե­սու­թեան եւ անոր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն վե­րա­կանգ­նու­մը, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ դի­մա­գի­ծի վե­րամ­շա­կու­մը, երկ­րա­գոր­ծու­թեան եւ ար­տադ­րո­ղա­կա­նու­թեան վե­րաշ­խու­ժա­ցու­մը: (Կր­նանք թուել բո­լոր ոլորտ­նե­րը): Փաս­տօ­րէն, նոր կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծը պի­տի ըլ­լայ նախ եւ առաջ վերց­նել փլա­տակ­նե­րը (նմա­նո­ղութ­եամբ՝ Թրամ­փի թո­ղած փլա­տակ­նե­րը մաք­րե­լու Պայ­տը­նի քայ­լե­րուն), որուն պի­տի յա­ջոր­դէ իրա­կան վե­րա­կա­ռու­ցու­մը՝ ՓՈ­ԽԱՆՑ­ՄԱՆ ՇՐ­ՋԱ­ՆԷՆ ԵՏՔ:
Ան­յե­տաձ­գե­լի եւ յիշ­ուած­նե­րուն հա­մա­չափ հրա­մա­յա­կան­ներ կան նա­եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան ոլոր­տին մէջ, ուր եւս ար­ձա­նագր­ուած է ահա­գին քան­դում, նա­հանջ եւ մս­խում: Չմոռ­նանք, որ ինք­նագ­լուխ որո­շում­նե­րով առաջ­նորդ­ուե­լու հրա­ժար­եալ վար­չա­պե­տին «գաղտ­նա­սի­րու­թիւնը» տուաւ բազ­մա­թիւ (նա՛եւ իրեն հա­մար) ան­հա­ճոյ «պտուղ­ներ»: Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար մը հրա­ժա­րե­ցաւ, պատ­մու­թեան ան­ցան եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ (պահ մը մոռ­նանք կարգ մը «քա­լող­նե­րուն» հրա­ժա­րու­մը՝ իշ­խա­նա­կան խմ­բա­կէն), խորհր­դա­կան­ներ, «մտե­րիմ­նե­րու» տե­ղա­շարժ ար­ձա­նագր­ուե­ցաւ, նոր հրա­ժա­րա­կան­նե­րու մա­սին շշուկ­ներ կան եւ որոշ չա­փով կը հիմ­նա­ւո­րեն ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու այն տե­սա­կէտ­նե­րը, թէ իշ­խա­նու­թիւնը հա­զիւ թէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն մը կր­նայ ապա­հո­վել յա­ջորդ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ:
«Ար­տա­քին»ի ոլոր­տին մէջ, եւ հա­մա­չա­փօ­րէն՝ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան ոլոր­տին մէջ մեզ սպա­սող հրա­մա­յա­կա­նին, նոր իշ­խա­նութ­եան հե­ռան­կար­նե­րուն մաս պէտք է կազ­մէ ՀԱՅ ԴԱ­ՏԸ՝ իր ամ­բող­ջա­կան տա­րած­քով: Ճիշդ է, կան ան­մի­ջա­կան եւ հե­ռա­հաս պա­հանջ­ներ, սա­կայն հա­մա­թու­րա­նա­կա­նութ­եան դէմ սար­դա­րա­պատ­ուե­լու մեր կամ­քը կա­րե­լի չէ «բար­ձի-թո­ղի ընել»:
…Ո՛չ իշ­խա­նու­թիւնը, ո՛չ ալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը հան­գիստ սր­տով կը մօ­տե­նան քու­է­ար­կու­թեան սն­տու­կին: Յս­տակ է, որ կայ կա­րե­ւոր մար­տահ­րա­ւէր մը. պէտք է վերջ դնել «անձ­նա­կեդ­րոն» եւ այ­լան­դակ գաղտ­նա­պա­հու­թեան գոր­ծե­լա­կեր­պին (տե­ղին գաղտ­նա­պա­հու­թիւնը շատ կա­րե­ւոր է, սա­կայն կեղծ հրա­պա­րա­կայ­նու­թիւնը, ամ­բո­խա­հա­ճու­թիւնը՝ վնա­սա­բեր): Ժո­ղո­վուրդ թէ իշ­խա­նա­ւոր՝ պէտք է բաց աչ­քով եւ բաց ու­ղեղ­նե­րով տես­նեն, որ ան­ձե­րը, որ­քան ալ որ կա­րող ու ազ­դու դե­րա­կա­տար ըլ­լան, մնա­յուն եւ ան­փո­խա­րի­նելի չեն. ազգն ու հայ­րե­նիքն են մնա­յունն ու յա­ւեր­ժա­կա­նը:
Մէկ խօս­քով, պէտք է մի­աց­եալ ձեռ­քե­րով դուրս գանք հրա­բու­խին խառ­նա­րա­նէն եւ ԱԶ­ԳԸ կազ­մող, ԱԶ­ԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­ՔԻՆ հա­ւա­տա­ցող ձեռ­քե­րով փաս­տենք, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պի­սի՛ ապա­գայ կայ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, «մոռց­ուած» Սփիւռ­քին մէջ:
Ս. Մահսերէճեան