Կը գրեմ հա­ւատ­քով, յոյ­սով, ոգե­ւո­րու­թեամբ, բայց նա­եւ վի­րա­ւոր հպար­տու­թեամբ։ Եր­կար պայ­քար­նե­րէ ետք, ահա կը գտն­ուինք ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօր­եա­կին եւ մտած ենք ընտ­րա­պայ­քա­րի ընդ­դէմ այն իսկ սնանկ եւ յան­ցա­գործ եւ եր­կի­րը պար­տու­թե­նէ պար­տու­թիւն տա­նող քա­ղա­քա­կան խլ­եա­կին, որ վա­ղուց ար­դէն դուրս դր­ուած պէտք էր ըլ­լար մեր երկ­րի քա­ղա­քա­կան բե­մէն։ Ընդվ­զե­ցու­ցիչ փաս­տը այն է, որ ան դեռ կը գոր­ծէ որ­պէս վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տար եւ իր հա­սա­կը կը պտտց­նէ ոչ միայն երկ­րի ճա­նա­պարհ­նե­րուն վրայ (շր­ջա­պատ­ուած՝ ոս­տի­կա­նա­կան ան­հատ­նում օղակ­նե­րով), այ­լեւ ար­տա­սահ­ման­եան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ՝ ՀՀ դիւա­նա­գի­տու­թեան զգա­յուն դաշ­տը վե­րա­ծե­լով ընտ­րա­կան կր­կէ­սի։
Այո, լի­ո­վին կը գի­տակ­ցիմ այն իրո­ղու­թեան, որ գո­յու­թիւն ու­նին շարք մը հան­գա­մանք­ներ, որոնք անհ­նա­րին դար­ձու­ցած են քա­ղա­քա­կան սուր եւ կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ներ­կա­յաց­նող վի­րա­հա­տու­թիւնը եւ կա­մուրջ հայ­թայ­թած՝ այս իշ­խա­նա­ւո­րին երկ­րի գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան սան­ձե­րը առե­ւանգ­ուած պա­հե­լու եւ իր աղէ­տը տա­րա­ծե­լու ան­պա­տիժ…Սո­ղո­մո­նի իմաս­տու­թիւնը ըրած է այն­պէս, որ հա­րա­զատ մայ­րը – ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս գէթ – զի­ջի իր տե­ղը անե­րես եւ ան­պա­տիւ յա­ւակ­նոր­դին… Բայց եր­բե՛ք չկաս­կա­ծիլ, որ ամէն Սո­ղո­մոն Իմաս­տու­նի մէջ ի վեր­ջոյ պի­տի յայտն­ուի խենթ Սո­ղո­մո­նը, որուն անս­խա­լա­կան էու­թեան քա­ջա­ծա­նօթ է ամէն մէկ հայ։ Չկաս­կա­ծի՛լ, որ ամէն մէկ հայ այդ խենթ Սո­ղո­մոնն է, որ կը կրէ իր էութ­եան մէջ իր գե­րի­մաս­տուն իմա­ցա­կա­նու­թեամբ։ Պար­տու­թեան այս վար­չա­կար­գը փա­խուս­տի ճամ­բայ չու­նի այ­լեւս։ Ան պի­տի խոր­տակ­ուի, որ­պէս­զի յառ­նէ ան­կա­խու­թ­եա՛ն իրա­ւա­կար­գը եւ մեր գոր­ծը մտ­նէ իր պատ­մա­կան հու­նին մէջ։
Ես կը հա­ւա­տամ, որ ՀՀ ընտ­րա­կան դաշ­տը այ­սօր ար­դէն կը գտն­ուի ինք­նա­բիւ­րե­ղաց­ման յս­տակ հո­լո­վոյ­թի մը մէջ։ Կը հա­ւա­տամ, որ ՀՀ հա­սա­րա­կու­թիւնը պի­տի կր­նայ թօ­թա­փել իր վրա­յէն քա­ղա­քա­կան բա­րո­յալ­քու­մի ներ­կայ վա­րա­կը եւ բա­ցար­ձա­կա­պէս մեր­ժէ պար­տու­թեան վար­չա­կար­գին կող­մէ իրեն պար­տադ­րուող այս ամօ­թը։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի կր­նայ Ո՛Չ ըսել իր ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւնն ու պատ­մու­թիւնը արա­տա­ւո­րող այս թիւ­րի­մա­ցու­թեան։ Այս ազ­գը չի կր­նար ըն­դու­նիլ որե­ւէ հա­մա­կե­ցու­թիւն մար­դու այս տե­սա­կին հետ, որ տար­րա­կան քա­ջու­թիւնն իսկ չու­նի իր թշ­նա­մին ճանչ­նա­լու։ Ան պէտք չէ վե­րապ­րի ՀՀ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն ներս թէ­կուզ նուա­զա­գոյն ներ­կա­յու­թեամբ։ Հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կեան­քին մէջ տեղ չի կր­նար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ թշ­նամի­էն կախ­եալ, թշ­նամի­էն ար­հա­մարհ­ուած եւ պա­տան­դի դիր­քե­րէն գոր­ծող խու­ճա­պա­հար գոր­ծիչ­նե­րու հա­մար։ Հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան մար­մի­նը պէտք է ար­մա­տա­պէս ախ­տա­զերծ­ուի, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ապա­հո­վել իր ան­կա­խու­թիւնն ու իր լի­նե­լիու­թեան կեն­սա­կան գոր­ծօն­նե­րը։ Ան պէտք է մշ­տա­զերծ­ուի ապա­կա­նութ­եան բո­լոր ըն­դո­ծին ախ­տե­րէն եւ կանգ­նի ոտ­քի որ­պէս ան­վի­ճե­լի տէ­րը մեր երկ­րի ճա­կա­տագ­րին։
Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով, այ­սօր մենք բացսր­տու­թեամբ կը դի­մենք մեր ազ­գի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն։ Ջր­բա­ժա­նը, որուն առ­ջեւ կը գտն­ուինք ազ­գո­վին, պար­տա­ւո­րիչ է հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան բո­լոր ու­ժե­րուն հա­մար անխ­տիր։ Ան պար­տա­ւո­րիչ է մա­նա­ւանդ ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տի բո­լոր շեր­տե­րուն։ Մենք պի­տի գի­տակ­ցինք, որ Փա­շին­եա­նի պար­տու­թեամբ վերջ չի գտ­ներ մեր պե­տա­կան հա­մա­կար­գի ախ­տա­հան­ման դժ­ուա­րին գոր­ծը։
Պատ­մու­թիւնը ըրած է այն­պէս, որ մեր վի­րա­ւոր երկ­րի վե­րած­նուն­դի բա­նա­լին այ­սօր գտն­ուի ընդ­դի­մու­թեան ձեռ­քե­րուն մէջ եւ այդ մէ­կը կ’են­թադ­րէ պատ­մա­կան եւ բա­րո­յա­կան հս­կայ մէկ պա­տաս­խա­նատ­ուու­թիւն, որուն պէտք է անձ­նա­պէս հա­ւա­սա­րի ամէն հայ։ Ընտ­րու­թիւնը շատ յս­տակ է։ Կամ մենք պի­տի եր­թանք դէ­պի նոր, կեն­սու­նակ, արդ­ի­ա­կան եւ ազա­տագր­ուած պե­տա­կա­նու­թիւն եւ կամ ազ­գո­վին յանձն­ուինք վերջ­նա­կան գա­հա­վէ­ժին եւ ազ­գո­վին դուրս գանք պատ­մու­թեան բե­մէն։ Եր­րորդ այ­լընտ­րանք գո­յու­թիւն չու­նի։ Այս ճա­կա­տագ­րա­կան որո­շու­մը կը պատ­կա­նի հա­յե­րու ա՛յս սե­րուն­դին։ Հայ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան այս հա­րա­զատ սե­րունդն է, որ պի­տի վճ­ռէ ճա­կա­տա­գի­րը հա­յու­թեան բո­լոր վաղ­ուան սե­րունդ­նե­րուն։ Հե­տե­ւա­բար պէտք է այժ­մէն իսկ հասկ­նանք իմաստն ու տա­րո­ղու­թիւնը այս հա­ւա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թեան (commitment)։
Մեր եր­կի­րը ան­ցաւ ծով արիւն­նե­րու մէ­ջէն։ Պա­տե­րազ­մը խլեց ամ­բողջ սե­րունդ մը մեր տու­նե­րէն եւ մեր կեան­քե­րէն։ Հա­զա­րա­ւոր մայ­րեր եւ հայ­րեր եղան որ­դե­կո­րոյս։ Հա­զա­րա­ւոր երե­խա­ներ որ­բա­ցան։ Հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ մնա­ցին աներ­դիք եւ ան­նե­ցուկ։ Հա­զա­րա­ւոր հաշ­ման­դամ­ներ, գե­րի­ներ, ան­թաղ մար­մին­ներ ամէն օր կը ցն­ցեն մեր հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւնը։ Ամ­բողջ եր­կիր մը կը կոտ­տայ ցա­ւի ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Ամ­բողջ ազգ մը դա­շու­նա­հար­ուած է իր կռ­նա­կէն։
Ճիշդ է. ազ­գը հաշ­ուի պի­տի նս­տի ազ­գա­յին այս մեծ աղէ­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։ Բայց ոչ ոք – ԲԱ­ՑԱՐ­ՁԱ­ԿԱ­ՊԷՍ ՈՉ Ո՛Ք – թիւր պատ­րան­քը չս­նու­ցա­նէ իր մտ­քին մէջ, որ կեան­քը պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր հին կա­ղա­պար­նե­րուն, երբ վեր­ջա­պէս հաս­նի յաղ­թա­նա­կի լու­սա­ւոր օրը մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՐՁ ԴԷ­ՊԻ ԿԵԱՆ­ՔԻ ՀԻՆ ՆՈՐ­ՄԵ­ՐԸ, ԱՅ­ՍԻՆՔՆ՝ ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՐՁ ԴԷ­ՊԻ ՕԼԻ­ԳԱՐԽ­ԻԱ՝ ԲԱ­ՑԱՌ­ՈՒԱԾ Է ՎՃ­ՌԱ­ԿԱ­ՆՕ­ՐԷՆ։ ԿԸ ԿՐԿ­ՆԵՄ։ ԲԱ­ՑԱՌ­ՈՒԱԾ Է ՈՒ ՎԵ՛ՐՋ։
Մեր ազ­գը ահա­ւոր գին մը վճա­րեց իր ազա­տու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան երաշ­խիք­նե­րը նուա­ճե­լու հա­մար։ Մեր երի­տա­սար­դու­թիւնը մեծ հա­ւատ­քով փա­րած է իր հայ­րե­նի­քի ազա­տագ­րու­թեան դա­տին։ Մենք կաս­կած չու­նինք, որ դեռ մեծ կռիւը մեր առ­ջեւն է։ Ազ­գը պի­տի դուրս քշէ թշ­նա­մին մեր հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րէն։ Այդ բո­լո­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան այն սուրբ պայ­մա­նով, որ այ­սու­հետեւ մեր ժո­ղո­վուրդն ու մեր հայ­րե­նի­քը ան­քակ­տելի­օ­րէն կը պատ­կա­նին իրա­րու եւ զե՛րծ՝ ամէն տե­սա­կի ար­տա­քին եւ ներ­քին շա­հա­գոր­ծող­նե­րէ։
Հա­յաս­տան Դա­շին­քը ար­դէն հրա­պա­րա­կած է իր ծրա­գի­րը, որուն դրոյթ­նե­րը կը ցո­լաց­նեն նոր եւ արդ­ի­ա­կան պե­տա­կա­նու­թեան տես­լա­կա­նը։ Ամէն հայ սր­տանց պէտք է ող­ջու­նէ այս պատ­մա­կան եղե­լու­թիւնը։ Դա­շին­քը կը հրա­ւի­րէ հան­րու­թիւնը մաս­նակ­ցե­լու այդ տես­լա­կա­նի ձեւաւոր­ման եւ կը յայ­տա­րա­րէ, որ Հա­յաս­տան Դա­շին­քով իմա­ցա­ւո­րուող վաղ­ուան մեր պե­տա­կա­նու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԱ­ՅԻՆ, որ, իր կար­գին, կ’են­թադ­րէ երկ­րին եւ ազ­գին առա­ջա­տար մտ­քե­րու հա­ւա­քագ­րումն ու զօ­րա­շար­ժը։
Այս զօ­րա­շար­ժը կա­րե­լի չէ կեն­սա­գոր­ծել առանց տո­կուն բո­վան­դա­կութ­եան։ Այս զօ­րա­շար­ժը կը մեր­ժէ բո­լոր փուճ եւ ապա­կողմ­նո­րո­շիչ լո­զունգ­նե­րը։ Մենք պէտք ու­նինք ազ­գի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու, հմ­տու­թիւն­նե­րու, ոգե­կան ու­ժի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ներ­կա­յու­թեան ան­նա­խըն­թաց հա­մա­տեղ­ման։ Ազ­գը պի­տի մի­ա­ւոր­ուի մէկ ընդ­հան­րա­կան տես­լա­կա­նի շուրջ, մէկ ընդ­հան­րա­կան դրօ­շի տակ, որ մեր ԵՌԱ­ԳՈՅՆՆ է, մէկ ՀՀ զի­նան­շա­նով եւ ան­փո­փո­խե­լի մեր ազ­գա­յին օրհ­ներ­գով, որ ար­եան մկր­տու­թիւն ստա­ցած «ՄԵՐ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ»ն է եւ վե՛րջ։
Պի­տի վե­րա­կանգ­նին երկ­րի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թիւնը, ազ­գա­յին տն­տե­սու­թիւնը, գիւ­ղատն­տե­սու­թիւնը, ռազ­մա­վա­րա­կան են­թա­կա­ռոյց­նե­րը, ազ­գա­յին կր­թու­թեան կեն­սա­կան նոր­մե­րը։ Պի­տի վե­րա­կանգ­նին ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի օր­գան­նե­րը, առող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­կար­գը, ըն­կե­րա­յին (սոց­ի­ա­լա­կան) ապա­հո­վու­թեան մա­տու­ցա­կար­գե­րը (delivery systems)։ Նոր ու­ժա­կա­նու­թեամբ պի­տի գոր­ծեն երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հնոց­նե­րը։ Հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը պի­տի վե­րան­ուա­ճէ իր ար­ժա­նի տե­ղը տա­րա­ծաշր­ջա­նի ռազ­մա­բե­մին վրայ։
Եւ որ­պէս­զի այս կեն­սա­կան զօ­րա­շար­ժը ըլ­լայ մշ­տա­կան, հա­մազ­գա­յին եւ ան­սա­սա­նե­լի, նոր պե­տա­կա­նու­թեան օրա­կար­գին վրայ կեդ­րո­նա­կան տեղ պի­տի ու­նե­նայ երկ­րի մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը ար­մա­տա­պէս յե­ղաշր­ջե­լու առաջ­նա­հեր­թու­թիւնը։ Այս առա­քե­լու­թիւնը էա­կան է եւ ան­յե­տաձ­գե­լի։ Ազատ ձեռ­նար­կա­տի­րա­կան տն­տե­սու­թիւնը ոչ ոքի կա­մա­յա­կան խա­ղա­վայ­րը չի կր­նար ըլ­լալ այ­լեւս։ Ըսած ենք ու կը կրկ­նենք։ Շու­կան չի պատ­կա­նիր շու­կա­յա­կան ու­ժե­րուն։ Ան կը պատ­կա­նի հան­րու­թեան եւ ազ­գին եւ հոն պի­տի գոր­ծեն հան­րու­թեան եւ ազ­գին հաս­տա­տած ար­դա­րա­խոհ կա­նոն­նե­րը։ Շու­կա­յա­կան ու­ժե­րը ազատ են մր­ցե­լու ողիմպ­ի­ա­կան այս մր­ցա­դաշ­տին մէջ, որ կը պատ­կա­նի հան­րու­թեան։ Իրենք ազատ են դաշ­տը օգ­տա­գոր­ծե­լու։ Իրենք ազատ չեն դաշ­տը աղա­ւա­ղե­լու։ Ազ­գա­յին հարս­տու­թիւնը ի վեր­ջոյ պի­տի գտն­ուի հան­րու­թեան հա­կակշ­ռին տակ եւ ազ­գա­յին եկա­մու­տը են­թա­կայ պի­տի ըլ­լայ հան­րու­թեան հաս­տա­տած եւ հաս­տա­տե­լիք վե­րա­բաշ­խու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
Հա­յաս­տան Դա­շին­քի թեկ­նա­ծուն՝ Նախ. Քո­չար­եան կարեւորու­թեամբ շեշ­տեց այն ցն­ցիչ փաս­տը, որ վեր­ջին քա­նի մը ամիս­նե­րու ըն­թաց­քին եր­կի­րը լքած է մօտ 80,000 մարդ։ Ասի­կա ծայ­րա­յեղ յու­սալ­քու­մի աղա­ղա­կող ստու­գա­նիշն է, որ այ­սօր կը գոր­ծէ միայն ու միայն ի նպաստ թշ­նամի­ին։ Պարզ խօս­քով, ներ­կայ ճգ­նա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րուն մէջ,- եւ ի պա­տաս­խան անց­նող երե­սուն տա­րի­նե­րու դառն փոր­ձին եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով,- մեր ժո­ղո­վուրդն է, որ պար­տադ­րա­բար կ’օտար­ուի իր հայ­րե­նի­քէն։ Ան կը ս­տիպ­ուի լքել իր հայ­րե­նի­քը։ Խզ­ուի՛լ իր ինք­նու­թե­նէն։ Իր ար­մատ­նե­րէ՛ն։ Միւս կող­մէ երկ­րի մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը իր մեծ շա­հոյ­թը կը տա­նի երկ­րէն դուրս փշ­րանք­ներ միայն տրա­մադ­րե­լով երկ­րի տըն­տե­սու­թեան վե­րա­ներդ­րու­մա­յին դաշ­տին։ ԱՅՍ ԱԽ­ՏԱ­ՒՈՐ ՇՐ­ՋԱ­ՆԱԿՆ Է (vicious circle), ՈՐ ՊԻ­ՏԻ ԱՆ­ՅԱ­ՊԱՂ ՓՇՐ­ՈՒԻ ՎԱՂ­ՈՒԱՆ ՄԵՐ ՊԵ­ՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԻՆ ՄԷՋ։ Ան պի­տի փշր­ուի վե­րած­նուն­դի կա­ռա­վա­րութ­եան տն­տե­սա­կան խի­զախ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։ Փա­շին­եա­նա­կան աղէ­տը վերջ­նա­կան լու­ծար­ման են­թար­կե­լու մի­ակ իս­կա­կան բա­նա­լին կը գտն­ուի մեր պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի այս խի­զախ յանձ­նա­ռու­թեան մէջ։ Նե­րա­ռա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան այս պատ­մա­կան գրաւն է, որ այժմ մար­մին կը ս­տա­նայ Հա­յաս­տան Դա­շին­քի ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­զով։
Մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի ար­մա­տա­կան յե­ղաշր­ջու­մը ան­սա­կար­կե­լի է։ Մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը պէտք է ամէն գնով բեր­ուի մր­ցակ­ցա­յին դաշ­տէն ներս, որ­պէս­զի երկ­րի տն­տե­սու­թիւնը վե­րա­դարձ­ուի իր իս­կա­կան իրա­ւա­տի­րոջ՝ ՀՀ քա­ղա­քացի­ին եւ հա­մայն հա­յու­թ­եա՛ն։ Եւ որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նը կա­րո­ղա­նայ ընդգրկ­ուիլ հա­մաշ­խար­հա­յին տն­տե­սու­թեան աւա­զա­նին մէջ ու­ժա­կան եւ հա­ւա­սա­րա­զօր ներ­կա­յու­թեամբ։ Եւ որ­պէս­զի բիւ­րե­ղա­նան մեր երկ­րի տն­տե­սու­թեան մր­ցակ­ցա­յին առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը եւ ամ­րա­կայ­ուի իս­կա­կան աշ­խա­տա­տե­ղե­րով յա­գե­ցած մեր երկ­րի բարձ­րո­րակ աշ­խա­տա­շու­կան։
Չի՛ք ազա­տու­թիւն առանց մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րու լի­ա­զօ­րող ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։ Չի՛ք իրա­կան բար­գա­ւա­ճու­թիւն առանց մեր ժո­ղո­վուր­դի գի­տա­կից եւ նուիր­եալ հայ­րե­նա­տի­րու­թեան։ Չի՛ք յաղ­թա­նակ առանց ար­դա­րա­կո­րով եւ ապա­գա­յասեւեռ ՀՀ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմն­ուած՝ մեր ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րու գե­րա­կա­յու­թեան վրայ։
Մեր պայ­մա­նագ­րու­թիւնը միշտ պի­տի ըլ­լայ ազ­գին հետ։ Մեր պայ­քա­րի առաջ­նա­գի­ծը մեր ազատ եւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան, հա­յոց հայ­րե­նի­քի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, մի­աց­եալ, ազատ եւ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի հզօր տես­լա­կանն է ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծի բո­լոր ստո­րո­գե­լի­նե­րով։
Կարօ Արմէնեան