«Երկիր».-ԵԱՀԿ գործող նախագահ Անն Լինտըն գրառում  կատարած է Twitter-ի մէջ` ողջունելով Ատրպէճանի կողմէն 15 հայ գերիներու վերադարձը:

«Կ’ողջունենք Հայաստան 15 գերիներու վերադարձն ու Ատրպէյճանին տեղեկատուութեան փոխանցումը, որ կ’օգնէ ականազերծում իրականացնել: Վստահութեան ամրապնդման այս միջոցները կ’օգնեն համապատասխան մթնոլորտ ստեղծելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ բանակցութիւնները շարունակելու համար»,  գրած է Լինտըն: