ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան 11 Յունիսին տեսակապով քննարկում  ունեցած է 12 երկիրներէն (ԱՄՆ, Քանատա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Ռուսիա, Քուէյթ, ԱՄԷ եւ այլն) հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, գործարարներու հետ: Քննարկումին մասնակցած է մօտաւորապէս 240 հայրենակից:

Քննարկումին հիմնական նիւթը եղած է արդէն երեք տարի դէպի Հայաստան ընդհատուած ներդրումային հոսքի վերականգնումը:

Քննարկուած է նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ հիմնահարցերու լուծման ուղիներու, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու, Հայաստանի վերականգնման գործին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներու ներուժի օգտագործման, համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման հարցեր:

Հանդիպումին մասնակից գործարարները Ռոպերթ Քոչարեանին հետ համաձայնած են 20 Յունիսէն  անմիջապէս վերջ այցելել Հայաստան եւ տեղւոյն քննարկելու Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու ճանապարհային քարտէզը եւ առարկայական նախագիծեր:

Առցանց հանդիպումը կազմակերպուած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: