Ծո­վա­յին տա­րերք, հրա­վառ արե­ւա­ծագ ու արե­ւա­մուտ, ալիք­նե­րու կշ­ռոյթ ու անոնց մէջ խայ­տա­ցող լուս­նի լոյս … Են­թադ­րե­ցի՞ք որու մա­սին է նիւ­թը…
Ին­ծի պէս ծո­վու սի­րա­հար, տե­սո­ղա­կան վիթ­խա­րի յի­շո­ղու­թեամբ օժտ­ուած, «Ծո­վը իմ կեանքն է» խոս­տո­վա­նած ու անոր մօ­տա­ւոր 6000 գե­ղար­ուես­տա­կան կտաւ նուի­րած, ան­գե­րա­զանց ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կին է ան, որուն անու­նը լսած են նոյ­նիսկ ար­ուես­տէ հե­ռու մար­դիկ:
Այ­վա­զովս­կի իր ծնն­դա­վայր Թէ­ո­դոս­իա­յի (Ուք­րան­իա) հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ ծննդ­եան ու մկր­տու­թեան մատ­եա­նին մէջ գրանց­ուած է Գէ­որգ Այ­վազ­եա­նի որ­դի Յով­հան­նէս անու­նով: Իր մա­սին կը պատմ­ուի, թէ պա­տա­նի տա­րի­քին, ածու­խի կտո­րով մը նկար­ներ կը գծէր հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րու տու­նե­րուն ճեր­մակ պա­տե­րուն վրայ: Ծո­վան­կա­րի­չին հռ­չա­կը տա­րած­ուե­լով աշ­խար­հով մէկ կը հաս­նի մին­չեւ արեւմըտ­եան ար­ուես­տի կեդ­րոնն­նե­րը: Իր գոր­ծե­րը, որոնք թէ­եւ շատ անգամ բնութ­եան ցա­սում ու պոռթ­կում կ’ար­տա­յայ­տեն, այ­նու­հան­դերձ եր­բեմն նպաս­տած են հա­մա­մարդ­կա­յին խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման: Հե­տաքրք­րա­կան է, չէ՞ … պատ­մեմ՝ ինչ­պէ՛ս …
ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի մի­ջեւ պաղ պա­տե­րազ­մի օրե­րուն, վե­րո­յիշ­եալ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճոն Քէ­նը­տին ու Նի­կի­տա Խրուշ­չո­վը կը հան­դի­պին Սպի­տակ տան մէջ: Ամե­րի­կա­ցի նա­խա­գա­հը իս­կոյն  կը հրա­մա­յէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սրա­հին մէջ տե­ղադ­րել Այ­վա­զովսկիի այն կտա­ւը, ուր պատ­կեր­ուած է 1891-1892 թուա­կան­նե­րուն ամե­րիկ­եան հս­կայ եր­կու նա­ւե­րու մթերք­նե­րով բեռ­նա­ւո­րու­մը եւ ու­ղար­կու­մը՝  երաշ­տէն տա­ռա­պող Ռու­սա­տա­նին: Օրին, պատ­կե­րը յս­տա­կօ­րէն կը մեղ­մաց­նէ լար­ուա­ծու­թիւնը, կան­խե­լով ստոյգ պա­տե­րազ­մը:
Այլ դէպք մըն ալ կը պա­տա­հի Սպան­իոյ մէջ, երբ Այ­վա­զովս­կի ծո­վա­փին նս­տած, խմ­բա­կի մը ու­սու­ցում կը կա­տա­րէր: Այդ օրե­րուն Սպան­իոյ գա­հի եր­կու հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն մի­ջեւ դա­ժան պա­տե­րազմ  տեղի կ’ունենար: Տես­նե­լով որ ծո­վա­փին նս­տած է նկա­րի­չը, եր­կու հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը, որոնք պատ­րաստ էին արիւ­նա­հե­ղու­թեան, եր­կուս­տեք հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, ճա­կա­տա­մար­տը կը տե­ղա­փո­խեն այլ տեղ, որ­պէս­զի չխան­գա­րեն մեծ նկա­րի­չը:
Այ­վա­զովս­կի կը նկա­րէ նա­եւ Օս­ման­եան սուլ­թա­նին հա­մար քա­նի մը պատ­կեր, որոնք ներ­կա­յիս կը գտն­ուին թր­քա­կան թան­գա­րան­նե­րու մէջ: Սուլ­թա­նը նոյ­նիսկ շքան­շա­նով մը կը պար­գե­ւատ­րէ աշ­խար­հահըռ­չակ նկա­րի­չը: Սա­կայն 1890-ական­նե­րուն, երբ հա­յե­րու դէմ կո­տո­րած­նե­րը սկիզբ կ’առ­նեն, Այ­վա­զովս­կի թր­քա­կան շքան­շա­նը կը կա­խէ իր շան վի­զը, ապա զինք կը նե­տէ ծո­վ:
Իր ծնն­դա­վայ­րի՝ Թէ­ո­դոս­իա­յի բնա­կիչ­նե­րը աստ­ուա­ծա­ցու­ցած են Այ­վա­զովս­կին, որ մեծ բա­րե­րար էր՝ կը մկր­տէր անոնց երե­խա­նե­րը, կ’ամուս­նաց­նէր աղ­ջիկ­նե­րը, կ’օժան­դա­կէր յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն: Անոր ջան­քե­րով քա­ղա­քը կ’ու­նե­նայ եր­կա­թու­ղի եւ հի­ա­նա­լի շատր­ուան: Մահ­ուան օրը ամ­բողջ Թէ­ո­դոս­ի­ան կը սգայ, ապա անոր շի­րի­մին վրայ գրա­բա­րով կ’ար­ձա­նագր­ուի. «Ծն­ուեց մահ­կա­նա­ցու, թո­ղեց ան­մահ յի­շա­տակ»:
Սիւզի Խշուաճեան