Շա­րու­նա­կե­լով օտա­րա­գիր հայ գրող­նե­րու աշ­խա­տու­թիւնս կ’անդ­րա­դառ­նամ  ֆրան­սա­գիր Վա­հէ Քա­չա­յին (Վա­հէ Խա­չա­տուր­եան):
Ծնած է 1 Ապ­րիլ 1928-ին, Դա­մաս­կոս: Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Պէյ­րու­թի մէջ։ 1945-ին մեկ­նած է Փա­րիզ, ուր երեք տա­րի հե­տե­ւած է բե­մադ­րա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու։ Եղած է «Սուար Տը ՊԷյ­րութ» («Soir de Beyrouth») թեր­թի թղ­թա­կի­ցը Փա­րի­զի մէջ։ 1953-ին լոյս տե­սած է իր առա­ջին վէ­պը՝ «Կի­րա­կի Օր­ուա­նից Մնա­ցած Ծխուկ­ներ»։
Հե­ղի­նա­կին մեծ յա­ջո­ղու­թիւն  բե­րած է «Ակն Ընդ Ական» վէ­պը (1955), որ հա­յե­րէն հրա­տա­րակ­ուած է 1956 թուա­կա­նին, իսկ 1957-ին ար­ժա­նա­ցած է Ռիւա­րո­լի մր­ցա­նա­կին: Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն Քա­չա հրա­տա­րա­կած է շարք մը վէ­պեր ու վի­պակ­ներ, որոնց պատճառով ծանօթ դարձած է՝ «Կարթ» (1957), «Սեղմ­ուած Բռունցք­ներ» (1958), «Արար­չի Ու­թե­րորդ Օրը» (1960), «Գի­շա­տիչ­նե­րի Խն­ճոյ­քը» (1960):
Քա­չան իր գրա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան զու­գա­հեռ հա­մա­գոր­ծակ­ցած է ֆրան­սա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի նշա­նա­ւոր դէմ­քե­րու հետ, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ շա­րու­նա­կած է նա­եւ լրագ­րու­թիւնը։ 1962-ին «Խղ­ճա­հա­րու­թիւն չկայ կոյ­րե­րի հան­դէպ», «Քաղց­կե­ղա­ւոր­նե­րը» տե­ղե­կագ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար ստա­ցած է մա­մու­լի Պել­ման մր­ցա­նակ։
Քա­չա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն են՝ «Գա­ւա­զան» (1963), «Կա­պիկ­նե­րի Նա­ւը» (1966), «Հր­եա­յի Մա­հը»,( 1968), «Մի Մարդ Ըն­կաւ Փո­ղո­ցում» (1975), «Աշ­խարհ» (1977), «Աղ­մուկ, Որ Լս­ւում Էր» (1979):
Քա­չա­յի գլուխ­գոր­ծո­ցը կը հա­մար­ուի «Մի Դա­շոյն Այս Պար­տէ­զի Մէջ» (1981) վէ­պը, որ բարձր ոգի­ով գր­ուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մըն է։ Կը ներ­կա­յաց­նէ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի իրա­կա­նու­թիւնը, պոլ­սա­հա­յու­թեան կեան­քը՝ հա­միտ­եան ար­հա­ւիրք­նե­րէն մին­չեւ Մեծ Եղեռն։
Վա­հէ Քա­չա­յի վէ­պե­րուն ու վի­պակ­նե­րուն մէջ կը տի­րէ իրա­կա­նութ­եան արատ­նե­րու քն­նա­դա­տու­թիւնը եւ պա­տե­րազ­մի դա­տա­պար­տու­մը, նկա­տե­լի է նա­եւ գո­յա­պաշ­տու­թեան (existentialism) ազ­դե­ցու­թիւնը։
«Գի­շա­տիչ­նե­րի Խն­ճոյ­քը» Վա­հէ Քա­չա­յի լա­ւա­գոյն վի­պակ­նե­րէն է, ուր հե­ղի­նա­կը կը  քն­նար­կէ  թէ  ինչ­պի­սի՞ պայ­ման­նե­րու տակ տե­ղի կ’ու­նե­նայ մարդ-գի­շա­տիչ փո­խա­կեր­պու­մը: Պատ­մու­թեան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան 1942 թուա­կա­նին, գեր­ման զօր­քէ գրաւ­եալ Փա­րի­զի մէջ։ Քա­չան նախ իր հե­րոս­նե­րը «սահ­մա­նա­յին իրա­վի­ճա­կի» մէջ կը դնէ, ապա աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­նէ անոնց դի­մակ­նե­րը։ Պրի­ժիտ Ման­սէի տա­րե­դար­ձի օրն է, խն­ճոյ­քի սե­ղա­նին շուրջ հա­ւաք­ուած են բա­րե­կամ­նե­րը, որոնք ջերմ խօս­քեր կ’ուղ­ղեն իրար հաս­ցէ­ին: Յան­կարծ գեր­մա­նա­ցի սպայ մը ներս կը մտ­նէ եւ եր­կու պա­տանդ կը պա­հան­ջէ՝ անոնց որո­շա­կի ժա­մա­նակ յատ­կաց­նե­լով, որ­պէս­զի խն­ճոյ­քի մաս­նա­կից­նե­րը իրենք իրենց մէջ ընտ­րեն պա­տան­դը… Եւ այս­պի­սով բա­րե­կամ­նե­րու խն­ճոյ­քը կը փոխ­ուի գի­շա­տիչ­նե­րու խն­ճոյ­քի:
Վա­հէ Քա­չան, մարդ արա­րա­ծը որոշ իրա­վի­ճա­կի մեջ դնե­լով, ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէ՞ս ան կ’անց­նի իր «մարդ լի­նե­լու» կոչ­ման սահ­մա­նը։ Միւս կող­մէն, հե­ղի­նա­կը կը շեշ­տէ թէ այս փո­խա­կերպ­ման հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը պա­տե­րազմն է, որ  չու­նի ար­դա­րա­ցում:
Հե­ղի­նա­կին «Ակն Ընդ Ական», «Արար­չի Ու­թե­րորդ Օրը», «Գալ­իա», «Ու­զա­ծիդ Չափ», «Հր­եա­յի Մա­հը», «Մի Մարդ Ըն­կաւ Փո­ղո­ցում», «Գի­շա­տիչ­նե­րի Խն­ճոյ­քը», «Լո­ղի Ու­սու­ցի­չը» վէ­պերն ու վի­պակ­նե­րը տե­սե­րի­զի վե­րած­ուած են։ Քա­չա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը թարգ­ման­ուած են տար­բեր լե­զու­նե­րու։
Վա­հէ Քա­չան մա­հա­ցած է 14 Յուն­ուար 2003-ին, Փա­րիզ:
Նայիրի Ազարիկեան