Հայաստանի մէջ 20 Յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին Եւրոպական Միութեան խօսնակին յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է Հայաստանի կայուն, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման գաղափարին: «Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ Մարդու Իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ) ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատումով` ընտրութիւնները եղած են մրցունակ եւ, ընդհանուր առմամբ, կառավարուած են պատշաճ կերպով կարճ ժամանակահատուածի մէջ: Ընտրողները ունեցած են ընտրութեան լայն կարելիութիւն, եւ հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ընդհանուր առմամբ, յարգուած են: Մասնակիցները կրցած են ազատ քարոզչութիւն իրականացնել: Քուէարկության օրը՝ ներառեալ ձայներու հաշուարկը, ընդհանուր առմամբ գնահատուած է դրական», – նշուած է յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Հայաստանի Եւրոմիութեան պատուիրակութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ: «ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութիւնը, այդուհանդերձ, ընդգծած է՝ քարոզչութեան բացասական տօնայնութիւնը ու հիմնական մրցակիցներու շրջանին անձնաւորուածութիւնը խոչընդոտած են քաղաքականութեան շուրջ կեդրոնացուած քննարկումներու իրագործումը: Առաքելութեան առնչութեամբ՝ ընդհանուր առմամբ, քարոզարշաւի ողջ ընթացքին կանայք եղած են յետին ծրագիրի մէջ: Դիմում-բողոքները կամ հայցադիմումները պէտք է մանրակրկիտ եւ արդիւնաւէտ եղանակով քննութեան առնուին` կիրառելով Հայաստանի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած համապատասխան ընթացակարգերը», յայտարարած է ԵՄ խօսնակը: «Մենք կ’ակնկալենք սերտ գործակցութիւն Հայաստանի բոլոր հաստատութիւններուն՝ նորընտիր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ: Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր քաղաքական ուժերուն միաւորելու ջանքերը եւ միատեղ աշխատելու՝ արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ ի նպաստ Հայաստանին։ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ա՛լ աւելի ամրապնդելու ԵՄ-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւնները եւ աջակցելու Հայաստանին՝ կեանքի կոչելու երկրի մէջ կարեւոր բարեփոխումներու իրականացման օրակարգը՝ հիմք ընդունելով ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի միջոցով սահմանուած միատեղ պարտաւորութիւնները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: