Երեք­շաբ­թի, 22 Յու­նի­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի առաջ­նորդ­նե­րուն մամ­լոյ ասու­լի­սը: Լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անոնք անդ­րա­դար­ձան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն, յե­տընտ­րա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ ընե­լիք­նե­րուն:
Խօ­սե­լով ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին, Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ նա­խա­գահ, «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու Ռո­պերթ Քո­չար­եան ըսաւ. «Այն լի­ա­զօ­րու­թիւնը, որ ստա­ցած է այս իշ­խա­նու­թիւնը, հա­մոզ­ուած եմ, որ վս­տա­հու­թեան լի­ա­զօ­րու­թիւն չէ, մեր բո­լոր հան­դի­պում­նե­րը եղած են աւե­լի մար­դա­շատ, քան իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը, կար­ծի­քովս՝ այս­տեղ ազ­դեց նախ­կին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­դար­ձի գոր­ծօ­նը»:
«Այդ գոր­ծօ­նը էա­պէս զօ­րա­ցուց այն հան­գա­ման­քը, որ երեք նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րը աշ­խոյժ կը մաս­նակ­ցէ­ին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, եր­կու­քը՝ ընտ­րա­ցու­ցակ­ներ գլ­խա­ւո­րե­լով, եր­րոր­դը՝ քա­րո­զար­շաւ­նե­րուն շատ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցե­լով: Մենք չկր­ցանք կոտ­րել այդ հան­գա­ման­քը, քա­նի որ քա­րո­զար­շա­ւը շատ կարճ էր, չէ­ինք հասց­ներ եւ յատ­կա­պէս գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ քիչ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած ենք, եւ եթէ նկա­տած էք՝ իշ­խա­նու­թիւնը շատ աւե­լի մեծ ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րած է գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ: Ասի­կա, տպա­ւո­րու­թեամբս, ազ­դեց այն­պէս, որ մար­դիկ ամէն պա­րա­գա­յի վեր­ջին պա­հուն մտա­հո­գու­թիւն ու­նե­ցան այդ տե­սան­կիւ­նէն եւ գա­ցին քու­է­ար­կե­ցին ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու օգ­տին: Ասի­կա կ’երե­ւի յե­ղա­փո­խու­թեան վեր­ջին փամ­փուշտն էր, բայց չեմ կար­ծեր, որ իշ­խա­նու­թիւնը ճիշդ կը գնա­հա­տէ իրա­վի­ճա­կը եւ հաս­տատ կը մտա­ծէ, որ ասի­կա նոր լի­ա­զօ­րու­թիւն է, բայց կը կրկ­նեմ, որ ասի­կա հա­կա­ռակ կող­մէն եկող լի­ա­զօ­րու­թիւն էր», մեկ­նա­բա­նեց Քո­չար­եան:
Ան դի­տել տուաւ, որ չ’ըն­դու­նիր այն կար­ծի­քը, թէ իրենք պարտ­ուած են, քա­նի որ ասի­կա խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն էր, եւ կը պարտ­ուին անոնք, որոնք չեն անց­նիր խորհր­դա­րան: «Միւս քն­նար­կուող հար­ցը խորհըր­դա­րա­նա­կան աթոռ­նե­րու հարցն է. ստանձ­նել, թէ չս­տանձ­նել աթոռ­նե­րը, մենք դա­շին­քին մէջ այս հար­ցի վերջ­նա­կան որո­շու­մը դեռ չու­նինք, ես կըր­նամ իմ անձ­նա­կան կար­ծիքս ըսել, որ մենք ստա­ցած ենք մեր պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու շատ լուրջ, նոր կա­րե­լիու­թիւն, պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր պայ­քա­րը, խորհր­դա­րա­նա­կան պայ­քա­րը կր­նայ հզօ­րաց­նել, այլ ոչ միայն փո­խա­րի­նել փո­ղո­ցա­յին պայ­քա­րը, եւ այս հա­մա­տե­ղու­մը միայն կը զօ­րաց­նէ մեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը»:
Երկ­րորդ նա­խա­գա­հին դի­տար­կու­մով՝ իշ­խա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պած նա­խանց­եալ օր­ուան հան­րա­հա­ւա­քը ցոյց տուաւ, որ վեր­ջին­ներս պի­տի շա­րու­նա­կեն նոյն ոճով աշ­խա­տիլ, եւ ոչինչ փոխ­ուած է  անոնց մար­տա­վա­րու­թեան մէջ:
Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նման ար­դիւն­քի մա­սին խօ­սե­լով՝ Քո­չար­եան խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ ար­դիւնք­նե­րը իրենց հա­մար անս­պա­սե­լի էին: «Կը կար­ծեմ՝ անս­պա­սե­լի էին նա­եւ շա­տե­րու հա­մար, նախ եւ առաջ այն պատ­ճա­ռով, որ բո­լոր հար­ցա­խոյզ­նե­րը ցոյց կու տա­յին այլ պատ­կեր, վս­տա­հա­բար, մենք պէտք է փոր­ձենք գտ­նել բա­ցատ­րու­թիւն, եւ մենք կ’են­թադ­րենք, որ եղած են զանգ­ուա­ծա­յին խախ­տում­ներ: Մենք ակն­յայտ տե­սած ենք վար­չա­կան լծակ­նե­րու կի­րար­կում եւ այդ պատ­ճա­ռով պի­տի դի­մենք Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը քն­նար­կե­լու»:
«Ես գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան մարդ եմ: Ինք­զինքս դժ­ուար կը  պատ­կե­րաց­նեմ օրէնս­դիր մար­մի­նին մէջ: Խում­բիս մէկ մա­սը կը կար­ծէ, որ ես պէտք է ըլ­լամ խորհր­դա­րա­նին մէջ, օգ­տա­գոր­ծեմ այդ ամպի­ո­նը քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի հա­մար: Միւս մա­սը կը կար­ծէ, որ պէտք չէ: Ես նման ցան­կու­թիւն չու­նիմ: Դեռ վերջ­նա­կան չեմ որո­շած: Պէտք է որո­շում կա­յաց­նել սառ­նա­սիրտ, առանց զգա­ցա­կա­նու­թեան: Ես ինք­զինքս դժ­ուար կը պատ­կե­րաց­նեմ խորհր­դա­րա­նին մէջ», ըսաւ Ռո­պերթ Քո­չար­եան:
Ռո­պերթ Քո­չար­եան նա­եւ յայտ­նեց, որ իրենց պայ­քա­րը շատ աւե­լի ուժ­գին պի­տի դառ­նայ, խորհր­դա­րա­նա­կան լծակ­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տան աւե­լի աշ­խոյժ ըլ­լալ շարք մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով:
«Ես չեմ նկա­տած հաշ­տու­թեան ձեռք: Այս իշ­խա­նու­թիւնը այն­քան ստած է, որ հա­ւա­տալ այ­լեւս կա­րե­լի չէ: 44 օր ստած իշ­խա­նու­թիւնը հի­մա նոր բա­ներ կ’ըսէ, եւ ան­մի­ջա­պէս իր­մէ ետք եկա­ծը լրիւ ու­րիշ բա­ներ կ’ըսէ: Ասի­կա ոճ է, ես կը կար­ծեմ՝ դի­տորդ­նե­րուն կամ ինչ որ մէ­կուն ինչ որ բան ցոյց տա­լու հա­մար: Աւե­լի շատ՝ դուր­սի աշ­խար­հին», ըսաւ Ռո­պերթ Քո­չար­եան՝ պա­տաս­խա­նե­լով այն դի­տար­կու­մին, որ Փա­շին­եա­նը Երկուշաբթի յայ­տա­րա­րած է, թէ հաշ­տու­թեան ձեռք կ’եր­կա­րէ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն:
Ռո­պերթ Քո­չար­եան ըսաւ, որ եթէ անոնք հաշ­տու­թեան ցան­կու­թիւն ու­նին, ապա գո­նէ 6 ամիս պէտք է այն­պէս մը վար­ուէ­ին, որ կա­րե­նան հա­ւատք ներշն­չել:
«Չեմ կր­նար հա­ւա­տալ այն պա­րա­գա­յին, երբ յայտ­նի բժիշկ Ար­մէն Չարչ­եա­նին կ’ու­զեն տա­նիլ կա­լան­քի՝ ան­հե­թեթ մե­ղադ­րան­քով մը: 5000 զո­հի մե­ղա­ւոր եւ պա­տաս­խա­նա­տու դար­ձած ան­ձեր կը փոր­ձեն կա­լա­նա­ւո­րել բժիշկ մը, որ հա­զա­րա­ւոր կեան­քեր փր­կած է: Ասի­կա այս իշ­խա­նութ­եան իրա­կան դէմքն է: Եթէ իրենք այդ­պէս կ’ու­զեն, յս­տակ գոր­ծե­րով ու քայ­լե­րով պէտք է ցոյց տան, որ իրենց մտադ­րու­թիւնը ասի­կա է: Իրենց կո­չե­րը ու­նին զե­ռո­յա­կան ար­ժէք: Կը կար­ծեմ՝ ո՛չ միայն մե­զի  հա­մար, այ­լեւ ձե­զի հա­մար», ի պա­տաս­խան լրագ­րո­ղի հար­ցու­մին՝ նշեց Ռո­պերթ Քո­չար­եան:
Ան ըսաւ, որ այ­սօր­ուան իշ­խա­նու­թիւնը 2018-ին կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նին տա­լու զար­գաց­ման այլ ուղ­ղու­թիւն:
«Ես եկած եմ Հա­յաս­տան, եւ յա­ջորդ օրը ին­ծի կա­լա­նա­ւո­րած են: Զանգ­ուա­ծա­յին հե­տապն­դում­ներ սկ­սած են անոնց դէմ, որոնք, ըստ իրենց, ու­նին որո­շա­կի հե­ղի­նա­կու­թիւն, պա­շար, փոր­ձա­ռու­թիւն, ազ­դե­ցու­թիւն: Հի­մա նոյ­նը պի­տի շա­րու­նա­կեն ընել: Ես պի­տի պայ­քա­րիմ. այն, ինչ որ կ’ընեմ հի­մա: Մենք պի­տի պայ­քա­րինք, եւ անոր հա­մար ստա­ցած ենք լրա­ցու­ցիչ շատ էա­կան լծակ­ներ, կա­րե­լիու­թիւն­ներ», յայ­տա­րա­րեց «Հա­յաս­տան» դա­շին­քի առաջ­նոր­դը:
Ի՞նչ պի­տի ընէ դա­շին­քը խորհր­դա­րա­նին մէջ՝ հար­ցու­ցին լրագ­րող­նե­րը: Խորհր­դա­րա­նա­կան աթոռ­նե­րու քա­նա­կը կր­նա՞յ որե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ օրէնք­նե­րու փո­փո­խու­թեան ու նա­խա­գի­ծե­րու ըն­դուն­ման վրայ:
«Խորհր­դա­րա­նա­կան խմ­բակ­ցու­թիւնը ու­նի բազ­մա­թիւ կա­րե­լիու­թիւն­ներ՝ ընդ­հուպ յանձ­նա­խում­բեր ձե­ւա­ւո­րե­լու, ինչ որ հար­ցեր ու­սում­նա­սի­րե­լու, կա­ռա­վա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­լու որո­շա­կի փաս­տա­թուղ­թեր որո­շա­կի գոր­ծա­ռոյթ­նե­րու վե­րա­բեր­եալ, օրէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, դի­մե­լու Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան: Մենք պի­տի չմոռ­նանք պայ­քա­րի միւս ձե­ւե­րը եւ պի­տի զբա­ղինք այս հար­ցե­րով, այս լծակ­նե­րը հա­մա­կարգ­ուած, իրա­րու հետ պի­տի կի­րարկ­ուին այս իշ­խա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րին հա­մար: Իրենց որակն է, նախ­նա­կա­նու­թիւնը՝ խան­գա­րե­լու ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը: Մենք ու­նինք բազ­մա­թիւ տու­եալ­ներ, որ պար­գե­ւավ­ճար­ներ բաժն­ուած են նա­եւ ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րուն մէջ, մենք հրա­պա­րա­կա­յին օրի­նա­կան թուղ­թե­րով պի­տի բա­ցա­յայ­տենք եւ ցոյց տանք: Օրի­նակ՝ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւնը մեծ պար­գե­ւավ­ճար­ներ ստա­ցած է՝ ամ­բողջ սպա­յա­կան կազ­մը: Ես դէմ չեմ, որ ստա­նան, բայց կր­նա­յին քա­նի մը օր սպա­սել, յե­տոյ տալ, չկա­պել ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն հետ», նշեց Ռո­պերթ Քո­չար­եան: