Հրաշալի զգացում է երբ բախտը կ՛ունենաս ծնելու ընտանիքի մը մէջ, ուր հօրմէդ կը սորվիս կեանքի ամէնէն կարեւոր դասերը՝ ազգասիրութիւն, աշխատասիրութիւն, ճշդապահութիւն, հաւատարմութիւն, բնութեան հանդէպ սէր եւ այլն: Յատկութիւններ, որոնք բոլորը հոգեհարազատ հօրս մէջ նկատած էի:
Հայրս յաճախած է Ազգ. Հայկազեան վարժարան, ապա Ամերիկեան գոլէճ, անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն. գայլիկութեան իր յուշերէն կը պատմէր, թէ «Տուրշուէրի» լիբանանեան լեռներուն մէջ բանակումի ընթացքին, խումբին ամէնէն փոքրը ըլլալուն, միշտ առջեւէն կը սիրէր քալել, այնքան արագ կը քալէր, որ զինք կը կոչէին «Վազրիկ»: Ան կը յիշէր նաեւ Ս. Զատկուան նախօրէին Սուրիոյ շրջաններէն հայ մարզիկներուն Հալէպ ժամանումը՝ Նաւասարդեան խաղերու եւ տարեկան տողանցքի մասնակցելու համար: Հայրս եւ իր ընկերները այդ օրերուն մարզիկներն ու սկաուտները դիմաւորելու կ՛երթային Թիլէլի ՀՄԸՄ-ի ակումբին դրան դիմաց եւ զիրենք կը հիւրընկալէին իրենց տուներուն մէջ:
Կենդանիներու հանդէպ ունեցած սէրը մեծ էր: Պատանի տարիքին, օր մը, աղուէսի ձագ մը տուն տարած ու լուացքի սենեակը պահած է: Մեծ մայրս գիշերը կենդանիին ձայնը լսելով սարսափած է, սակայն ենթադրած է հօրս «ձեռքին գործը» ըլլալը:
Հալէպի փոքրերը ժամանակին մեծ հաճոյքով «քուէք գետ» կ՛երթային լողալու: Օր մը հայրս ալ իր ընկերներով իրենց ժամանակի «Պիլիա արապա»ն քաշելով ձուկ որսալու կ՛երթայ, ապա կը լողայ գետին մէջ: Վերադարձի ճամբուն, տնեցիներէն լողացած ըլլալը պահելու համար, Երեքանթելի արձանին ետեւի յունական եկեղեցւոյ կանաչ երկաթէ դռներուն վրայ զգեստները կը չորցնէ, ապա գաղտագողի տուն կը մտնէ. մեծ մայրս հոտէն կը գուշակէ, թէ ուրկէ կու գայ հայրս ու զինք պատժելով դուրս կը ձգէ՝ մինչեւ մեծ հօրս վերադարձը:
Հայրս ամառնային արձակուրդին տեւաբար մեծ հօրս՝ Խաչատուրին արհեստանոցը «Պուսթան Քլէպ» կ՛երթար՝ արհեստ սորվելու: Այնքան մեծ էր հօրս սէրը արհեստին հանդէպ, որ ջանք չէր խնայած իր հօրմէն սորված գիտելիքներուն կողքին տիրապետելու անգլերէն լեզուին եւ Միացեալ Նահանգներ գտնուող ընկերութեան մը հետ նամակագրութեամբ հետեւելու դասընթացքներու եւ կատարելագործելու իր գիտելիքները, ստանալով համապատասխան վկայագիր՝ National Technical Schools, Los Angeles, California, «Auto Mechanic and Diesel»:
Ան մեծ հպարտութեամբ կը յիշէր զինք յարգող օտարազգի յաճախորդները. անդամակցած էր National Geographic պարբերաթերթին ալ, որ կրկին արտասահմանէն կը ստանար, իսկ մեր տունէն անպակաս կը մնային «Դրօշակ»ն ու «Ազդակ» թերթերը եւ հետագային՝ «Գանձասար»ը:
Մեծ հայրս բնութեան սիրահար էր, դժբախտաբար միջին տարիքին մահացած է: Զինք յիշելով մեծ մայրս Խարբերդի բարբառով կ՛ըսէր. «Գիւղը, գեղը ըսաւ, գնաց մեռաւ Քեսապի գիրկը»:
Քանի մը տարի ետք հայրս «Զուարթնոց» երգչախումբի մէկ ելոյթին մօրս կը ծանօթանայ: Ելոյթի ընթացքին կը հրապուրուի մօրս քնքուշ ձայնով ու շուտով միասին կը կազմեն տաքուկ բոյն մը՝ փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ վրայ հիմնուած, ու միասին կ՛ապրին 49 տարի:
Իմ եւ եղբօրս Խաչիկին աշխարհ գալէն 2 տարի ետք, հայրս քաղաքի ժխորէն կ՛ուզէ հեռանալ եւ ուղղուիլ բնութեան գիրկը, իսկոյն կը տեղափոխուինք Մուսլումիէի Հասին գիւղը, ուր անցուցինք մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան անմոռանալի, քաղցրիկ տարիները: Այնտեղ 2 եղբայրներս՝ Նժդեհը եւ Դրօն ալ ծնան:
Անկրկնելի օրեր էին Հալէպի մեր պարտէզի օրերը: Հեռաւոր երկիրներէ բարեկամներ, հարազատներ, գրողներ, եկեղեցական անձնաւորութիւններ, պատմաբան, դերասան, եւ այլն կը հիւրընկալէինք: Ցաւօք, պատերազմի տարիներուն շուտով հեռացանք, մեր ետին թողլով մանկութեան յուշերը:
Հայրս մեր գիւղին մէջ ճանչցուած էր Ապու Խաչօ անունով: Տեղացիներուն զատկուան առիթներուն քաղաքէն մեծաքանակ անուշեղէն կը բերէր ու կը բաժնէր տեղացի բոլոր ընտանիքներուն:
Մեր գիւղի տան ճամբուն սկիզբը կը գտնուէր զօրանոց մը՝ «Մատրասէթ ալ Մուշաթ»: Հայրս տուն վերադարձին պահակներուն հիւրասիրութիւնը չէր մոռնար երբեք:
Բոյսերով ալ հետաքրքրուած էր ան: Գարնան-ամրան եղանակներուն, երբ ճամբորդէինք Դամասկոս, Լաթաքիոյ, Համայի պարտիզպաններէն յատուկ ծառերու տունկեր եւ ծաղիկներու սերմեր կը բերէինք: Թէեւ մայրս երբեմն կը դժգոհէր, որովհետեւ կարգ մը տեսակներ Հալէպի կլիմային չէին յարմարեր ու կը փճանային, սակայն հայրս ամէն գտածը կը բերէր ու կ՛ըսէր. «Ան որ կենդանի եւ բոյս չի սիրեր, հետաքրքրական անձ ըլլալէ կը դադրի»:
Առաւօտները ժամը 5:00-էն արդէն իսկ դաշտ կ՛ըլլար՝ ձեռքին իր յատուկ յօտելու մկրատը, որթատունկերուն ողկոյզները խակ եղած շրջանին կը զատէր, որ մեր հաւաքելու ընթացքին դիւրացնէ գործը: Երբ հանդիպէր ճնճղուկներու բոյնի, զիս կը կանչեր ու ես հաճոյքով կը հետեւէի անոնց:
Կիրակի օրերը նոյնիսկ հանգիստ չունէր ան, կանուխ առաւօտէն իր դաշտի գործերը դասաւորելէ ետք, մեզ քաղաք՝ սկաուտութեան համար ակումբ կը տանէր, որպէսզի միութենական կեանքէ զրկուած չմնայնք:
Հայրս միշտ կը կրկնէր. «Աշխատասիրութիւնը մարդու դէմքին եւ հոգիին փայլք կու տայ»:
Ան ղեկավարելու կարողութիւն ունէր: Գիւղի պահակներուն զաւակները կ՛ուզէին արհեստ սորվիլ, ուստի ամէն օր հայրս զիրենք քաղաք կը տանէր: Այդպիսով գիւղացի արաբ մեր բարեկամները հօրմէս արհեստ սորվեցան, իսկ կիներն ալ մօրմէս խմորեղէն պատրաստել: Անոնք մինչեւ այսօր երախտագիտական խօսքերով կ՛արտայայտուին հօրս ու մօրս մասին:
Համեստ էր հայրս, ցուցամոլութիւն չէր սիրեր: Հանդիսութիւններուն երբ հօրս կ՛առաջարկէին առջեւի շարքերը նստիլ, կը մերժէր ու կատակով կ՛ըսէր. «Մենք ետեւն ալ հանգիստ կ՛ունկնդրենք»:
Հօրայքոյրս միութեան ձեռնարկներու տոմսերը երբ հօրս կ՛ուղարկէր, որպէսզի վաճառէ իր յաճախորդներուն, հայրս պարզապէս գումարը կ՛ուղարկէր, առանց տոմսերը վաճառած ըլլալու, կամ քրոջ ակնարկութիւն մը իսկ ընելու: Պարզապէս կը քաջալերէր զինք:
Բոյսերու կողքին կենդանիներ պահելու մեծ փափաք ունէր: Առիթով մը նոյնիսկ 2 ուղտ բերել տուած էր Տէր Զօրէն, ինչպէս նաեւ 15 սիրամարք ու տասնեակ մը շնիկներ, որոնց կերը անձամբ կ՛ապահովէր ըսելով, որ անոնք մեր հաւատարիմ պահակներն են: Մեր ընդարձակ պարտէզին մէջ կը պահէինք 20 կով, ոչխար, նապաստակ, կաքաւ եւ այլ թռչուններ: Հայրս գտածը պարտէզ կը բերէր:
Անմոռանալի օրերէս մէկը 2003-ին պատմական Հայաստան այցելութիւնս էր: Ես հայրս ու մայրս ցամաքով, քարտէզին հետեւելով հասանք մինչեւ Վանայ Լիճ, Խարբերդ, Մալաթիա:
Յիշատակելի օր էր երբ Արարատ բարձրացայ ու վերադարձայ մեծ հպարտութեամբ: Հայրս զիս կը ծանօթացնէր իր բարեկամներուն ըսելով. «Աղջիկս մեծ հօր երազը իրականացուց, եռագոյն դրօշը «խարբերդ» գրութեամբ բարձրացուց Արարատի գագաթին»:
Տարիներով կ՛երազէր հայրենիքի մէջ ալ տուն կառուցել: Յաջողեցաւ: Հալէպի դժխեմ պատերազմի օրերուն Հայաստան տեղափոխուեցանք: Ինը տարի երջանիկ օրեր ապրեցանք: Հայրս հայրենիքին մէջ, եղբայրներուս հետ միասին, ծիծեռնակին օրինակին հետեւելով կրկին շինեց իր բոյնն ու արհեստանոցը:
Միշտ փառք կու տար Աստուծոյ, որովհետեւ մարդկութեան լաւ եղած շրջանին ապրած էր:
Այո՛, հիմա մարմնապէս հեռու է մեզմէ աննման հայրիկս, սակայն միշտ մեր հոգիին եւ մտքին մէջ պիտի ապրի: Թէեւ Հայրերու տօնին նախօրէին հեռացաւ մեզմէ, սակայն մխիթարուեցանք մտածելով որ քրոջը՝ Էմմային միացաւ:
Քեզ երբեք պիտի չմոռնանք, պիտի յիշենք զոհողութիւններդ, խիզա՛խ, խոնա՛րհ, ժրաջա՛ն հայրիկ: Զաւակներդ ու թոռներդ նոյն արահեստովդ պիտի շարունակեն պահել քու վառ յիշատակդ, բարձր պահելով համբաւդ:
Խունկ եւ մոմ քու անմեռ յիշատակիդ, հայրի՛կ:
Դուստրդ՝
Բալիկ Ազարիկեան-Կոստիկեան
Հիւսթըն Թէքսաս – ԱՄՆ
21-6-2021