«2002-ի աշ­նան, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով առի­թը ու­նե­ցայ Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու՝ քա­նի մը շա­բա­թով։ Իբ­րեւ Սփիւռք ծնած-մեծ­ցած դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի գոր­ծիչ, ես այս­պէս նկա­րագ­րած եմ այ­ցե­լու­թիւնս ու տպա­ւո­րու­թիւն­ներս, օրին՝ այ­ցե­լու­թե­նէս քա­նի մը շա­բաթ վերջ։ Մէ­կը, որուն ման­կու­թեան թէ գի­տակ­ցա­կան կեան­քին առանց­քը եղած է (ու կը մնայ) Հա­յաս­տա­նը. ա՛յն Հա­յաս­տա­նը, զոր տե­սած էի միայն դա­սա­գիր­քե­րուս, լու­սան­կար­նե­րու, «Նա­հա­պետ»ին ու նման ժա­պա­ւէն­նե­րու կամ վա­ւե­րագ­րա­կան գոր­ծե­րու մէջ։ Մէկ խօս­քով՝ տե­սած էի միայն ոգե­ղէն Հա­յաս­տա­նը։ Հի­մա, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի տես­նէի իրա­կան, շօ­շա­փե­լի ու ֆի­զի­քա­կան աչ­քե­րով տե­սա­նե­լի Հա­յաս­տա­նը ու զգա­յի անոր ու­ժը ներ­բան­նե­րէս դէ­պի վեր։ Ես այս­պէս տե­սայ ու նկա­րագ­րե­ցի Հա­յաս­տա­նը»։
Թե­րեւս շա­տե­րու հա­մար քիչ մը մի­ա­միտ եւ պար­զու­նակ հն­չեն այս տո­ղե­րը, բայց Սփիւռ­քի մէջ ծնած-մեծ­ցա­ծիս հա­մար շա՜տ հա­րա­զատ այս պատ­կե­րով կը սկ­սի Վա­չէ Բրուտ­եա­նի «Եր­կի­րը Ար­տեր­կրէն» յօդ­ուած­նե­րու ժո­ղո­վա­ծուն:
392 էջա­նի գիր­քը տպ­ուած է Երե­ւա­նի «Լու­սակն» հրա­տա­րակ­չա­տան մէջ եւ ու­նի հիմ­նա­կան երեք գլուխ­ներ. Հա­յաս­տան, Սփիւռք եւ Քա­ղա­քա­կան-Գա­ղա­փա­րա­կան:
Միայն քա­նի մը օր առաջ Երե­ւա­նի մէջ հրա­պա­րակ­ուած այս գիր­քը ըստ էու­թեան ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն եւ իր ար­ծար­ծած նիւ­թե­րով՝ մեր վեր­ջին տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան օրա­գի­րը կա­րե­լի է նկա­տել:
Ինք­նա­տիպ ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն է, պի­տի ըսեմ, որով­հե­տեւ ար­ծարծ­ուած բազ­մա­զան նիւ­թե­րը ներ­կա­յաց­ուած են գա­ղա­փա­րա­կան քու­րա­յէ մը ան­ցած եւ այդ գա­ղա­փար­նե­րով կոփ­ուած, այդ գա­ղա­փար­նե­րով ապ­րող հա­յու մը, դաշ­նակ­ցա­կա՛ն հա­յու ակ­նո­ցով: Սա­կայն գա­ղա­փա­րա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւնը չի փա­կեր, չի խան­գա­րեր յօդ­ուած­նե­րու հե­ղի­նա­կին տե­սո­ղու­թիւնը: Եւ այս մէ­կը նկա­տե­լի է գիր­քի երեք գլուխ­նե­րու յօդ­ուած­նե­րուն մէջ:  Նոյ­նիսկ գա­ղա­փա­րա­կան նիւ­թով յօդ­ուած­նե­րուն մէջ Վ. Բրուտ­եան կ’ընդգ­ծէ. «Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը եւ հա­ւա­տամ­քը ոչ մէկ ատեն տոկ­մա­թիք, քա­րա­ցած վար­դա­պե­տու­թիւն եղած են: Անոնք յատ­կանշ­ուած են հա­մաշ­խար­հա­յին ըն­կե­րա­յին, տն­տե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան ու մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լու, անոնց բաց­ուած մնա­լու լայ­նա­խո­հու­թեամբ»:  Կա­ղա­պար­ուած, քա­ռա­կու­սի, չոր մօ­տե­ցում չկայ, այլ՝ գե­րա­զան­ցա­պէս ազ­գա­յին եւ պե­տա­կա­նա­մէտ:
Հե­ղի­նա­կը հա­յու­թիւնը յու­զող, հայ ժո­ղո­վուր­դի թէ՛ առօր­եան եւ թէ ապա­գան ձե­ւա­ւո­րող գրե­թէ բո­լո՜ր ան­ցու­դար­ձե­րուն մա­սին գրած, կար­ծիք յայտ­նած եւ մտա­ծե­լու մղած է: Կար­կի­նը լայն բաց­ուած է. ներ­քին եւ մի­ջազ­գա­յին կեանք, ար­տա­քին եւ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, ըն­կե­րա­յին եւ տն­տե­սա­կան հար­ցեր, լեզ­ուա­կան եւ մշա­կու­թա­յին խն­դիր­ներ, եւ այլն…
Երբ գիր­քը կը կար­դա­յի, բնա­կա­նա­բար աւե­լի կանգ կ’առ­նէի այ­սօր­ուան մեր կեան­քին մէջ աւե­լի ու­ժեղ հն­չե­ղու­թիւն ու­նե­ցող երե­ւոյթ­նե­րուն եւ միտ­քե­րուն վրայ: Օրի­նակ՝ որ­դեգ­րու­մը Ապ­րիլ­եան պա­տե­րազ­մի օրագ­րութ­եան մէջ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգծ­ուած ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԱ­ԿԵԴ­ՐՈՆ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որուն նա­հան­ջի հե­տե­ւանք­նե­րը կը զգանք մեր կեան­քին մէջ՝ բա­նա­կէն մին­չեւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, մին­չեւ մշա­կու­թա­յին կեանք եւ պատ­մու­թեան ներ­կա­յա­ցում: Այդ օրե­րուն առաջ­նա­գիծ այ­ցե­լած յօդ­ուա­ծա­գի­րը տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հետ կը կա­տա­րէ նա­եւ առա­ջարկ­ներ: Օրի­նակ. «Երկ­րի ներ­քին մթ­նո­լոր­տի բիւ­րե­ղաց­ման, ինչ­պէս նա­եւ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քա­կան կամ­քի ամ­րապն­դու­մին հա­մար շատ օգ­տա­կար կ’ըլ­լայ այն, որ յայ­տա­րար­ուի կազ­մու­թիւնը մաս­նա­գի­տա­կան այն խում­բին, որուն պար­տա­կա­նու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ անա­չա­ռօ­րէն երե­ւան հա­նել թէ՛ թե­րա­ցում­նե­րը, թէ՛ թե­րա­ցող­նե­րը եւ մի­ա­ժա­մա­նակ կա­տա­րէ իր յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րը, որ­պէս­զի ապա­գա­յին առաջ­քը առն­ուի նմա­նօ­րի­նակ թե­րա­ցում­նե­րու: Պայ­ման է նա­եւ, որ կա­տար­ուե­լիք յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րը գոր­ծադր­ուին պե­տա­կան հա­մա­պա­տաս­խան օղակ­նե­րուն կող­մէ:
Կիր­քե­րէ, իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն տրա­մա­բա­նու­թե­նէ հե­ռու պէտք է պահ­ուի այս գոր­ծըն­թա­ցը, որ­պէս­զի շա­հա­ւո­րը ըլ­լան միայն Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը: Եւ ձե­զի կը վս­տա­հեց­նեմ, որ այս գոր­ծըն­թա­ցի աւար­տին, ինչ­քան աւե­լի ու­ժե­ղա­ցած դուրս կր­նայ գալ Հա­յաս­տա­նը:
Նա­եւ, պէտք չէ մտա­հան ընել, որ պա­տե­րազ­մը չէ աւար­տած: Ատոր ուժգ­նու­թեան աս­տի­ճանն է միայն, որ նուա­զած է: Նե­րե­լի չէ պաշտ­պա­նութ­եան բնա­գա­ւա­ռը քա­ղա­քա­կա­նաց­նել. մեր այս հաս­տա­տու­մը ուղղ­ուած է թէ՛ իշ­խա­նու­թեան եւ թէ անոր հա­կադր­ուած տար­րե­րուն»:
Հա­ճե­լի է Վա­չէի յօդ­ուած­նե­րով շր­ջիլ, ծա­նօ­թա­նալ Հա­յաս­տան աշ­խար­հի այս կամ այն ան­կիւ­նին, Հա­լէ­պին, Պէյ­րու­թին… Ըն­թեր­ցո­ղին ձեռ­քը բռ­նած, յօդ­ուա­ծա­գի­րը մէկ հար­թու­թեան վրայ կը քա­լէ աշ­խար­հագ­րա­կան այդ վայ­րի ճամ­բա­նե­րով, ու­րիշ հար­թու­թեան վրայ՝ կը տա­նի պատ­մութ­եան արա­հետ­նե­րով:  Օրի­նակ՝ Անիի փո­ղոց­նե­րով կը քա­լէ եւ ահա՛, կը հաս­նի Բագ­րա­տուն­եաց թա­գա­ւո­րի թա­գադր­ման պեր­ճա­շուք արա­րո­ղութ­եան:  Կար­սի բեր­դէն կը տես­նէ եր­կու մեծ դա­ւա­ճա­նու­թիւն­նե­րը: Աւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տէն կը հաս­նի այ­սօր­ուան Մեծն Բրի­տան­իա եւ Աֆ­ղա­նիս­տան ու կը վե­րա­դառ­նայ Նուար­սա­կի դաշ­նա­գի­րին…
Թէ՛ մեր կեան­քի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, թէ՛ նկա­րագ­րած վայ­րե­րու  մա­սին պատ­մա­կան background-ը ան­պայ­մա՛ն կայ եւ կը կար­ծեմ, որ այս մօ­տե­ցու­մը կը հարս­տաց­նէ մա­տուց­ուած նիւ­թը ու կը նպաս­տէ, որ ըն­թեր­ցո­ղը աւե­լի լաւ ըն­կա­լէ յօդ­ուա­ծա­գի­րին առա­ջարկ­նե­րը: Ըն­թեր­ցո­ղը աւե­լի լայն գա­ղա­փար կ’ու­նե­նայ թէ՝ ո՛ւր է տու­եալ դէպ­քի (կամ հար­ցի) ար­մա­տը, ին­չո՛ւ այդ­պէս պա­տա­հե­ցաւ, կամ՝ հա­կա­ռա­կը….:
Մի­ջին Արե­ւել­քէն (աւան­դա­կան գա­ղու­թէ)՝  ԱՄՆ-ի Արեւմտ­եան ափ հա­սած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քի դրա­կան- եթէ կա­րե­լի է այդ­պէս բնու­թագ­րել- ազ­դե­ցու­թիւնը կա՛յ իր յօդ­ուած­նե­րուն մէջ: Կլո­պա­լիզ­մի յոր­ձա­նու­տին մէջ՝ ազ­գա­յի­նը պահ­պա­նե­լու ար­մա­տա­կան իր գի­ծը ան­չա՜փ անհ­րա­ժեշտ է այ­սօր մե­զի, մա­նա­ւա՛նդ մեր երի­տա­սար­դու­թեան հա­մար, որ շատ դիւ­րաւ կը շլա­նայ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման շղար­շին տակ հրամց­ուած ազ­գա­կոր­ծան չա­կերտ­եալ «ար­ժէք­նե­րով»: Բրուտ­եա­նի յօդ­ուած­նե­րուն մէջ -նոյ­նիսկ եթէ թե­ման բո­լո­րո­վին այլ վեր­նա­գիր ու­նի- այդ ծրա­գիր­նե­րը շերտ առ շերտ կը բաց­ուին, կը բա­ցատր­ուին… : Այս իմաս­տով շա­հե­կան օրի­նակ է՝ «Քա­լի­ֆորն­իոյ Հա­յու­թեան Ներ­քին Դր­ուած­քը (ԽՆ­ԴԻՐ­ՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾ­ՄԱՆ ԱՌԱ­ՋԱՐԿ­ՆԵՐ)» յօդ­ուա­ծա­շար­քը: Այս շար­քը սփիւռ­քա­գի­տու­թեան նիւ­թով հե­տաքրք­րուող­նե­րուն հա­մար շատ լաւ խմոր է:
Բա­րո­յա­խօ­սու­թիւնն ալ առ­կայ է այս յօդ­ուած­նե­րուն մէջ: Քա­րոզ չկայ, բայց ան­պայ­մա՛ն բան մը հասկց­նե­լու, դրա­կան ար­ժէք մը վեր հա­նե­լու ճիգ կայ: Յօդ­ուած­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը նկա­րագ­րէ Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի ճի­գե­րով կա­ռուց­ուած ճամ­բա­յէն անց­նե­լու մէկ դր­ուա­գը.
«Ար­ցա­խի հիւ­սիս-հա­րաւ ճամ­բան կը սկ­սինք կտ­րել դէ­պի վեր: Ճամ­բան շատ սա­հուն է, մա­քուր ու խնամ­ուած: Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հան­գա­նա­կած գու­մար­նե­րով կա­ռուց­ուած է եւ տա­կա­ւին շի­նա­րա­րա­կան խում­բե­րը կ’աշ­խա­տին, ճամ­բու եզեր­քի փայ­լուն նշան­նե­րը կը տե­ղադ­րեն, գի­ծե­րը կը քա­շեն ու նոյ­նիսկ կ’աւ­լեն եզերք­նե­րը:
Սա­գօն յան­կարծ կը դան­դա­ղեց­նէ սու­րա­ցող ինք­նա­շար­ժը ու ապա՝ կանգ կ’առ­նէ։ Ճամ­բուն եր­կու կող­մե­րը ար­տեր են. գիւ­ղա­ցին իր «թրաք­թոր»ով հեր­կած-վեր­ջա­ցու­ցած է մէկ կող­մի ար­տը ու հի­մա պի­տի անց­նի միւս կող­մը՝ հեր­կե­լու։ Բայց քա­նի որ ճամ­բան նոր աս­ֆալ­թա­պատ­ուած է, ան եր­կու տախ­տա­կէ կամր­ջակ­ներ կը զե­տե­ղէր ճամ­բուն լայն­քին, որ­պէս­զի անոնց վրա­յէն «թրաք­թո­ր»ը միւս կողմ ան­ցը­նէր՝ որ­պէս­զի անոր ծանր թր­թուր­նե­րը [թրթ­ռա­ցում­նե­րը] չաւրշտ­կէ­ին նո­րա­կա­ռոյց ճամ­բան։ Հո­ղը սի­րե­լը, անոր վրայ գուր­գու­րա­լը նա­եւ ա՛յս ձե­ւով կը պատ­կե­րա­նար մեր դի­մաց, Ար­ցախ աշ­խար­հի՝ աշ­խար­հէն կտր­ուած այս վայ­րին մէջ»։
Այս պա­հը շա­տե­րու կող­մէ անն­կատ կր­նար մնալ, կամ՝ «ին­չո՞ւ կը սպա­սենք»ի տրա­մա­բա­նու­թեամբ մը ջղայ­նու­թեան առիթ դառ­նալ: Բայց յօդ­ուա­ծա­գի­րը որ­սա­ցած է դրա­կա­նը:
Գիր­քին մէկ կող­քէն միւ­սը անց­նե­լու ճամ­բուն կ’անց­նիս նա­եւ մեր վեր­ջին տա­րի­նե­րու իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն: Ամե­նա­լուրջ քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցու­մէն մին­չեւ Կլէն­տէյ­լի մէջ դի­տած անն­շան մէկ ժա­պա­ւէ­նը, մին­չեւ գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւն, մին­չեւ Շուշիի մէջ մշա­կու­թա­յին երե­կո­նե­րը, մին­չեւ Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մը եւ… եւ… եւ… այս հրա­պա­րա­կա­խօս-հրա­պա­րա­կա­գի­րին ու­շադ­րու­թե­նէն չեն վրի­պիր: Յի­շեմ Փետր­ուար 2011-ի «Եր­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մը Սկ­սա՞ծ Է Արդ­եօք» յօդ­ուա­ծի վեր­ջին պար­բե­րու­թիւնը անուղ­ղա­կի, բայց յս­տակ զգու­շա­ցում էր Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած ըն­կե­րա­յին-տն­տե­սա­կան ձա­խող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, որուն ծանր ար­դիւնք­նե­րը այ­սօր ալ կը կրենք, ցա­ւօք:
Վա­չէ Բրուտ­եան մեր այ­սօր­ուան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան ճա­կա­տին վրայ այն քի­չե­րէն է, որուն խօս­քը կը հաս­նի ըն­թեր­ցո­ղին: Յա­ճախ ըսած եմ. «Վա­չէն իր խօ­սե­լուն պէս կը գրէ, գրե­լուն նման ալ կը խօ­սի»: Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դէպ տա­ծած մեծ գուր­գու­րան­քը պա­հե­լով հան­դերձ, չի խու­սա­փիր ժո­ղովր­դա­յին խօս­քէն: Ու սա կ’առաջ­նոր­դէ աւե­լի հա­ճե­լի ու պարզ մա­տուց­ման:
Կը շնոր­հա­ւո­րեմ Վա­չէ Բրուտ­եա­նը, որով­հե­տեւ այս օրե­րուն մտա­ծեց հայ, դաշ­նակ­ցա­կան մտ­քի ար­ձա­գանգ­նե­րու հա­տոր մը հա­յաս­տան­ցի եւ սփիւռ­քա­հայ ըն­թեր­ցո­ղին հրամց­նե­լու մա­սին: Թե­րեւս եթէ այս յօդ­ուած­նե­րը առան­ձին-առան­ձին կար­դանք, ու­րիշ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ կ’ու­նե­նանք: Հոս՝ բո­լո­րին մէ­ջէն անց­նող գի­ծը յս­տակ է եւ հա­մո­զիչ. ազ­գա­յինն է առաջ­նա­յի­նը:
Մարի Մերտխանեան