2-էն 4 Յուլիս Երեւանի մէջ գումարուած է ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովը: Ժողովը քննած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի 2019-2021 թուականներու գործունէութիւնը, կատարած է արժեւորումներ: Ժողովի ընթացքին մանրակրկիտ կերպով քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, բարոյահոգեբանական վիճակը եւ անվտանգութեան հարցերը: Հաստատուած են ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան սկզբունքները, առաջնահերթութիւններն ու ընելիքները: Քննարկումներու հետեւանքով որոշումներ առնուած են: Ընդունուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովի յայտարարութիւնը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ժամերուն: Գերագոյն ժողովի աւարտին ընտրուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին` հետեւեալ կազմով. Իշխան Սաղաթէլեան, Սիմոն Սիմոնեան, Լիլիթ Գալստեան, Արծուիկ Մինասեան, Միքայէլ Մանուկեան, Տարօն Տօնոյեան, Աշոտ Սիմոնեան, Յակոբ Մաթիլեան, Իգոր Սարգսեան, Արգիշտի Գէորգեան, Սուրէն Մանուկեան, Բագրատ Եսայեան, Պետրոս Մեղրեան: Գերագոյն Մարմինի անդրանիկ նիստին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ վերընտրուած է Իշխան Սաղաթէլեան: Ժողովի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին 6 Յուլիսին Երեւանի ժամով ժամը` ժամը 12:00-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդոնէն ներս Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչները հանդէս պիտի գան մամլոյ ասուլիսով: