Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով, առողջապահութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար, սրտային վիրաբոյժ Մհեր Սուսանին պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացիի մետալով: Նախագահ Սարգսեան 19 Յունիս 2021-ին պետական պարգեւը յանձնած է վիրաբոյժին՝ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր մասնագիտական անձնուէր աշխատանքին համար եւ մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ: Բժիշկ Մհեր Սուսանին շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին՝ պարգեւին համար՝ զայն համարելով ոչ միայն իր, այլեւ իր ողջ բժշկական խումբի աշխատանքին արժեւորումը: