10-11 Յուլիս 2021-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան 26-րդ Շրջանային Ժողովը, որուն մասնակցած էին ՀՅԴ Արցախի բոլոր շրջաններու պատգամաւորները, շրջանաւարտ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները, հրաւիրեալ ընկերներ: Ժողովը քննարկեց ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անցնող երկամեայ գործունէութիւնը եւ ճշդեց յառաջիկայ երկամեակի ռազմավարական թիրախներն ու ուղեգիծը: Ժողովը արձանագրեց, որ անցնող երկամեակի ընթացքին ՀՅԴ Արցախի կառոյցը դիմագրաւած է քաղաքական եւ ռազմական բարդ պայմաններէն թելադրուած մարտահրաւէրներ: Շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէն իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին դրսեւորած է սկզբունքային կեցուածք, հաստատած է ծանրակշիռ որոշումներ: Արցախի կրած կորուստներուն հետեւանքով ստեղծուած ծանր քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը պարտադրած է ուժերու գերլարում հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի այս փուլը յաղթահարելու եւ յաջողութիւններ արձանագրելու համար: Անդրադառնալով յառաջիկայ գործունէութեան` ժողովը որոշեց, որ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ հետեւեալ ռազմավարական ուղղութիւններով. -Յանուն Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորման առաջնորդուելով ԱՀ Սահմանադրութեան դրոյթներով` շարունակել պայքարը Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային կապով ճշդուած սահմաններով Արցախի տարածքային ամբողջականութեան ապահովումին ուղղութեամբ: -Ակնյայտ է, որ արհեստածին եւ անարդարացի որեւէ սթաթուս-քուոյ չի կրնար կայուն խաղաղութիւն ապահովել եւ անհրաժեշտ է վերականգնել ու նոր թափ հաղորդել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային գործընթացը: -Նկատի առնելով հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ փոխվստահութեան կարեւորութիւնը` գործուն հիմքերու վրայ դնել Արցախի Հանրապետութեան ու Ռուսիոյ քաղաքական ուժերու եւ իշխանութիւններու հետ փոխյարաբերութիւնները: -Մեկնելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու եւ գոյութենական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հրատապ անհրաժեշտութենէն` Շրջանային Ժողովը կը պահանջէ ԱՀ նախագահէն եւ Ազգային Ժողովէն պաշտօնապէս դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն` ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: -Հրատապ անհրաժեշտութիւն է յետպատերազմեան ֆորս-մաժորային իրավիճակէն եւ Արցախի տուեալներուն ամրապնդումի հրամայականէն մեկնելով հայեցակարգային մօտեցումներու յստակեցումը, հանրային իշխանութեան գործուն եւ արդիւնաւէտ կառուցուածքի ձեւաւորումը` ի խնդիր ժողովուրդի միասնականութեան եւ համախմբման: -Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ընկերային արդարութեան հաստատումը պետական համակարգի առանցքային գործառոյթներէն է: Այդ նկատառումով ամէն ջանք պէտք է գործադրել` պետական համակարգը զերծ պահելու խմբակային շահերու սպասարկման աղէտաբեր գործելաոճէն: -Պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած եւ տեղահանուած բնակչութեան վերադարձը իրենց հայրենի օճախներ եւ անոնց կենցաղային, ընկերային հարցերուն լուծումը պէտք է ըլլայ ոչ միայն պետական համակարգի, այլ նաեւ համահայկական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը: -ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք է կարելի բոլոր միջոցներով հակազդէ Արցախին տիրանալու նպատակով Ատրպէյճանի ծաւալած քաղաքական, քարոզչական եւ բիրտ ուժի գործադրման քաղաքականութեան` զօրաշարժի ենթարկելով համահայկական ողջ ներուժը: Ժողովը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ ստեղծուած կացութեան առնչութեամբ, յատկապէս Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մարզերու տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնացող վտանգներուն առումով: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի յաղթանակին: