«Երկիր».- Nordic Monitor-ը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշ ոլորտներու մէջ սկսած է «Հանրային Դիւանագիտութեան» արշաւ` Թուրքիոյ «խարխլած դիմագիծի բարելաւման» միտումով: Թուրքիոյ նախագահին կից հասարակայնութեան հետ կապերու գրասենեակը Երեքշաբթի հրապարակած էր «Հանրային Դիւանագիտութեան Ազգային Ռազմավարութիւնը» եւ «Գործողութիւններու Ծրագիրը»` 2021-2023 թուականներուն սեւ քարոզչութեան դէմ պայքարին եւ «Թուրքիա» վաճառանիշի ամրապնդումին գծով: Գործողութիւններու ծրագիրին համաձայն, 26 նոր յանձնաժողովներ եւ 16 աշխատանքային խումբեր պիտի ձեւաւորուին, որոնք պիտի կեդրոնանան այն հարցերուն վրայ, որոնք Թուրքիոյ օրակարգերը կը զբաղեցնեն վերջին տարիներուն: Ստեղծուելիք յանձնաժողովներէն մէկը պիտի զբաղի իբրեւ թէ «1915 թ. իրադարձութիւններով եւ անհիմն պահանջներու դէմ պայքարով»: ԱՄՆ նախագահի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը ցոյց տուաւ, որ Թուրքիա չէ յաջողած կանխել ճանաչումը նախագահի մակարդակով: Միւս յանձնաժողովին անունն է «Օրէնք, Արդարութիւն, Մարդու Իրաւունքներ եւ Իրաւասութիւն», ինչպէս նաեւ «Թուրքիոյ Ապրանքանիշի Բարելաւում»: