«Արմէնփրէս».- Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ յետաձգուած է 13 հայ գերիներու դէմ շինծու քրէական գործերու դատավարութիւնը: Դատավարութեան յետաձգումին մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները: Նիստը յետաձգուած է մեղադրեալներու փաստաբաններէն մէկուն չներկայանալուն պատճառով: Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 26 Յուլիսին: Յաջորդ դատական նիստին նախատեսւուած է դատաքննութեան աւարտը եւ դատախազի ելոյթը: Դատարանի առջեւ կանգնած են Ռաֆիկ Ռոպերթի Կարապետեան, Գուրգէն Յովհաննէսի Ղօլայեան, Հրայր Սերեոժայի Թադէոսեան, Վաղարշակ Մերուժանի Մալոյեան, Սասուն Սէյրանի Եղիազարեան, Արսէն Արայիկի Վարդանեան, Վահագն Էտիկի Բախրիկեան, Սեդրակ Սամուէլի Սողոմոնեան, Արմէն Վազգէնի Դիլանեան, Մանուկ Յովհաննէսի Մարտօնեան, Մելս Կարապետի Անբարդանեան, Անդրանիկ Վազգէնի Միքայէլեան եւ Ֆելիքս Արշակի Գրիգորեան: