«Երկիր».-Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ 15 Յուլիսի գիշերը «ատրպէյճանական բանակի դիրքերը Շուշի քաղաքի շրջակայքին գնդակոծուած են հրաձգային զէնքերով»: Թշնամին յայտնած է, որ կրակը արձակուած է «ապօրինի հայկական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ», ուր ժամանակաւորապէս հաստատուած են նաեւ ռուս խաղաղապահներ: Հայկական կողմը յայտարարած է, որ գիշերը ատրպէյճանցիները Շուշիէն կրակահերթ բացած են հայկական դիրքերու վրայ: Սակայն այդ ժամանակ եւս, Ատրպէյճանը մեղադրած էր հայկական կողմը: