Քա­նի մը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քեր յայտ­նած են, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­յե­րը անց­եալ Հոկ­տեմ­բե­րին՝ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, պատ­գամ յղած են «Ամե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Բ.ին, աշ­խար­հի հա­յե­րուն եւ Ղա­րա­բա­ղի մէջ ապ­րող հա­յե­րուն»։
Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քե­րէն մէ­կը (Report News Agency) պն­դած էր, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ «տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու խումբ մը ստո­րագ­րած է պատ­գա­մը»։ Միայն այս մէկ նա­խա­դա­սու­թե­նէն կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ այս տե­ղե­կա­տուու­թիւնը կա­տար­եալ սուտ է, քա­նի որ Պաք­ուի մէջ «տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր» չկան: 1988-ին եւ 1990-ին ատր­պէյ­ճա­նա­կան  ամ­բո­խին  կող­մէ Սում­կա­յի­թի, Պաք­ուի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այլ վայ­րե­րու մէջ հա­յե­րու դա­ժան ջար­դե­րէն ետք, ողջ մնա­ցած գրե­թէ բո­լոր հա­յե­րը փա­խած են այդ երկ­րէն՝ իրենց կեան­քը փր­կե­լու հա­մար: Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ մնա­ցած քա­նի մը հա­յե­րը անոնք են, որոնք ամուս­նա­ցած են ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու հետ: Անընդ­հատ ապ­րե­լով վա­խի մէջ՝ անոնք կ’օգ­տա­գոր­ծեն ատր­պէյ­ճա­նա­կան անուն­ներ՝ իրենց իս­կա­կան ինք­նու­թիւնը քո­ղար­կե­լու հա­մար:
Ես եր­կու ան­գամ փոր­ձե­ցի պար­զել, թէ այս նա­մա­կը իս­կա­կա՞ն է արդ­եօք, կամ՝ կեղծ: Նախ, դի­մե­ցի ատր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քե­րէն մէ­կուն, որ յղում ըրած էր այդ նա­մա­կին՝ խնդ­րե­լով նա­մա­կին լու­սա­պատ­ճէ­նը։ Կ’ու­զէի տես­նել, թէ քա­նի՞ հո­գի ստո­րագ­րած է զայն, եւ անոնց անուն­նե­րը: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քը, որ, ամե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, նիւ­թա­պէս կը հո­վա­նա­ւոր­ուի Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, պա­տաս­խա­նեց, որ իրենք ի վի­ճա­կի չեն «ման­րակր­կիտ քն­նու­թիւն իրա­կա­նաց­նե­լու»: Մի­ակ տե­ղը, ուր յայտն­ուած է կեղծ նա­մա­կին ամ­բող­ջա­կան գրու­թիւնը, եղած է ատր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քէ­ջը (Armenia.az), որ  շա­րու­նա­կա­բար  կը տե­ղադ­րէ հա­րիւ­րա­ւոր հա­կա­հայ­կա­կան յօդ­ուած­ներ՝ հա­յե­րէն եւ ռու­սե­րէն լե­զու­նե­րով: Այս յօդ­ուած­նե­րը կը գրեն ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը, որոնք նա­խա­պէս ապ­րած են Հա­յաս­տան եւ լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տեն հա­յե­րէ­նի:
Նա­մա­կը ճշ­դե­լու յա­ջորդ փորձս Հա­յաս­տա­նի մէջ են­թադր­եալ ստա­ցո­ղի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմ­ի­ա­ծի­նի տե­ղե­կատ­ուա­կան բաժ­նին հետ էր։ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը տեղ­եակ չէր նման նա­մակ մը ստա­նա­լէն եւ յայտ­նեց, որ այդ, ամե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, Պաք­ուի սո­վո­րա­կան յե­րիւ­րանք­նե­րէն մէկն է:
Ըն­թեր­ցող­նե­րը զուար­ճաց­նե­լու հա­մար հոս ներ­կա­յաց­ուած են հատ­ուած­ներ հայ­կա­կան կեղծ նա­մա­կէն՝ տե­ղադր­ուած 9 Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան Armenia.az կայ­քի վրայ:
«Այ­սօր Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կ’ապ­րին տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր։ Այս երկ­րին մէջ բո­լոր մար­դոց նկատ­մամբ, ան­կախ կրօ­նէն, կամ ցե­ղէն՝ նոյն ձե­ւով կը վե­րա­բե­րին։ Ամէն ոք այս երկ­րին մէջ կ’օգտ­ուի՝ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեամբ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուող մի­եւ­նոյն իրա­ւունք­նե­րէն»։  Նա­մա­կի այս առա­ջին եր­կու նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րուն մէջ կայ եր­կու ակն­յայտ սուտ. «Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կ’ապ­րին տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր», եւ անոնց հետ «կը վե­րա­բե­րին նոյն­պէս», ինչ­պէս կը վե­րա­բե­րին Ատր­պէյ­ճա­նի միւս բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ:
Են­թադր­եալ հայ նա­մա­կա­գիր­նե­րը դի­մած են Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սին՝ օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար իր «հե­ղի­նա­կու­թիւնը եւ ու­ժը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ Հա­յաս­տա­նի բռ­նագ­րաւ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դադ­րեց­ման, բռ­նագ­րաւ­ուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան հո­ղե­րը իրենց տէ­րե­րուն վե­րա­դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Աջակ­ցու­թիւն ցոյց տալ անար­դար արիւ­նա­յե­ղու­թիւնը կան­խե­լու հար­ցով»։ Ոչ մէկ իրաւ հայ այս­պի­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն կ’ընէր, բա­ցի եթէ անոր կեան­քին վտանգ սպառ­նար:
Այ­նու­հե­տեւ նա­մա­կին մէջ կը դի­մեն «աշ­խար­հի հա­յե­րուն եւ հայ­կա­կան զա­նա­զան լո­պի­նե­րուն՝ իրենց աջակ­ցու­թիւնը կեդ­րո­նաց­նե­լու անոր վրայ, որ­պէս­զի մար­դիկ ապ­րին խա­ղա­ղու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ»՝  պն­դե­լով, որ Ատր­պէյ­ճա­նի Գեան­ջա (Գան­ձակ) քա­ղա­քին մէջ Գա­րի­նա Գրի­գոր­եան անու­նով հա­յու­հի մը ծանր վի­րա­ւոր­ուած է հայ­կա­կան ռմ­բա­կո­ծու­թեան ըն­թաց­քին։ Դժ­ուար թէ այդ­պի­սի հայ կին մը բնա­կի Գան­ձա­կի մէջ: Մէկ բան հաս­տատ է. Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ոչ մէկ հայ կ’ու­նե­նայ այդ­քան ակն­յայտ հայ­կա­կան անուն: Հայ­կա­կան անուն­նե­րով ան­ձեր, որոնք կ’ապ­րէ­ին Ատր­պէյ­ճան, կա՛մ սպանուած են, կա՛մ փա­խած են երկ­րէն մօ­տա­ւո­րա­պէս 30 տա­րի առաջ:
Նա­մա­կին մէջ կը շա­րու­նակ­ուէր պն­դու­մը, որ Ատր­պէյ­ճան «հա­կ­ա­ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ միայն իր տա­րած­քին մէջ, բռ­նագ­րա­ւու­մէ ազա­տագ­րել ու­զե­լով իր պատ­մա­կան հո­ղե­րը»։ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար կեղ­ծա­ւո­րու­թեան  գա­գաթ­նա­կէտ է պն­դել, որ  կը պայ­քա­րի ահա­բեկ­չու­թեան դէմ՝ անց­եալ տար­ուան պա­տե­րազ­մին մէջ քա­նի մը հա­զար սուր­ի­ա­ցի իս­լա­միստ ահա­բե­կիչ­ներ Ար­ցա­խի դէմ կռ­ուե­լու հա­մար բե­րե­լէն ետք:
Ապա նա­մա­կը կո­չով կը դի­մէր «Ղա­րա­բա­ղի (Ար­ցա­խի) հա­յե­րուն», այն կեղծ պն­դու­մով, թէ «30 տա­րի առաջ դուք եր­ջա­նիկ էիք Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղե­րուն վրայ, ուր հի­մա կ’ապ­րիք։ Ձեր նիւ­թա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւնը բարձր էր, ձեր բո­լոր իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պան­ուած էին, որով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան մեր նկատ­մամբ միշտ վե­րա­բե­րած է իբ­րեւ իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։ Իսկ այժմ Հա­յաս­տա­նի ստ­ուե­րա­յին ղե­կա­վա­րու­թիւնը ձեզ վե­րա­ծած է սե­փա­կան խա­ղե­րու զո­հի։ Մենք շատ կ’ափ­սո­սանք ասոր հա­մար։ Դուք նոյն­պէս ու­նիք մար­դու նման ապ­րե­լու իրա­ւունք եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն, բայց Հա­յաս­տա­նը ձեզ զր­կած է այդ բո­լո­րէն։ Ուշ­քի եկէք, քա­նի դեռ ուշ չէ եւ հրա­ժա­րե­ցէք այդ խա­ղին մէջ գոր­ծիք դառ­նա­լէ։ Ատր­պէյ­ճա­նը կը պաշտ­պա­նէ ձեր բո­լոր իրա­ւունք­նե­րը, որոնց շար­քին՝ նա­եւ ձեր ապա­հո­վու­թիւնը։ Մենք կը հան­դի­սա­նանք ասոր վառ օրի­նա­կը»։
Այս նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւնը աւե­լի շատ կա­տա­կեր­գութ­եան կը նմա­նի, քան հա­ւաս­տի պատ­գա­մի: Անոնք, որոնք յօ­րի­նած են այս նա­մա­կը, այն­քան մո­լո­րած են, որ կը կար­ծեն՝ հա­յե­րը կը հա­ւա­տան այս­պի­սի ակն­յայտ սու­տե­րու:
Նա­մա­կը վեր­ջա­պէս կո­չով դի­մած է հայ մայ­րե­րուն. «Մի՛ փա­կէք աչ­քե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղե­րու մէջ ին­կած ձեր զա­ւակ­նե­րու մահ­ուան վրայ, որով­հե­տեւ դուք զա­նոնք աշ­խարհ չէք բե­րած, որ դառ­նան այս կամ այն ու­ժե­րու խա­ղե­րուն զո­հե­րը»։ Շատ յու­զիչ է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը, դի­մա­կա­ւոր­ուե­լով իբ­րեւ Պաք­ուի հա­յեր, այդ­քան հոգ տա­նէր հայ մայ­րե­րու եւ անոնց զա­ւակ­նե­րու բա­րե­կե­ցութ­եան…
Այս կո­չին մէջ մի­ակ լաւ բա­նը այն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը մեծ գու­մար­ներ կը  վատ­նէ՝ այս­պի­սի անօ­գուտ նա­մակ­ներ եւ կայ­քեր պատ­րաս­տե­լու հա­մար՝ վճա­րե­լով ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն, որոնք այ­լա­պէս գոր­ծա­զուրկ կ’ըլ­լա­յին: Ոչ մէկ հայ կը հա­ւա­տայ այս կեղծ լու­րե­րուն ոչ իսկ մէկ բա­ռին: Լու­րեր, որոնք կը յայտն­ուին Armenia.az (az՝ Ատր­պէյ­ճան) կայ­քի վրայ: Կ’առա­ջար­կեմ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը ստեղ­ծէ նա­եւ հե­ռա­տե­սի­լի եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յան՝ հա­յե­րէն հա­ղոր­դում­ներ հե­ռար­ձա­կե­լու հա­մար՝ աւե­լի եւս գու­մար վատ­նե­լով, որ իրենց ղե­կա­վար­նե­րը դեռ չեն թա­լա­նած…
Չեմ կար­ծեր, որ ասի­կա Պաք­ուի հա­յե­րու կող­մէ եղած իս­կա­կան դի­մում մըն է: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, նոյ­նիսկ եթէ չն­չին ճշ­մար­տու­թիւն մը կայ յայ­տա­րար­ուած նա­մա­կին մէջ, այդ կը նշա­նա­կէ, որ Ատր­պէյ­ճան որ­դեգ­րած է Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը՝ իր հայ եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ստի­պել քա­րոզ­չա­կան կեղծ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ տա­րա­ծել՝ ծած­կե­լու հա­մար մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու իր կո­պիտ խախ­տում­նե­րը:
Յարութ Սասունեան