Շա՜տ հա­ճե­լի է երե­խա­նե­րուն հետ աշ­խա­տիլ։ Գի­տէ՞ք ին­չո՛ւ, որով­հե­տեւ անոնց շնոր­հիւ լքե­լով ձեր քա­ռա­կու­սի ակ­նոց­նե­րը, նոր ակ­նոց մը եւս կը դնէք ձեր դա­րա­կին մէջ՝ կա­նաչ ակ­նոց մը, յե­տոյ կա­պոյտ մը, կլոր ակ­նոց մը եւ ապա հն­գան­կիւն։ «Հն­գան­կիւն ակ­նո՞ց կ’ըլ­լայ» կը հարց­նէք։ Ան­շո՛ւշտ։ Փոր­ձե­ցէ՛ք այդ ակ­նո­ցով դի­տել աշ­խար­հը…
Ամէն երե­խայ ու­նի իւ­րա­յա­տուկ մտա­ծե­լա­կերպ մը եւ աշ­խար­հը ըմբռ­նե­լու ձեւ մը։ Երե­խա­նե­րուն դա­տո­ղու­թիւն­նե­րը եւ գա­ղա­փար­նե­րը կ’ուր­ուագծ­ուին որ­պէս մտա­յին պղպ­ջակ­ներ։ Այս պղպ­ջակ­նե­րը պէս-պէս կտր­ուածք կ’ու­նե­նան։ Մէ­կը կլոր կ’ըլ­լայ, միւ­սը՝ հն­գան­կիւն, ու­րիշ մը՝ եռան­կիւն կամ ուղ­ղան­կիւն։ Բազ­մա­տե­սակ այս պղպ­ջակ­նե­րը իրենց բազ­մա­տե­սակ գոյ­նե­րով անձ­նա­յա­տուկ կ’ըլ­լան ու երե­խա­նե­րուն եզա­կա­նու­թիւն կը շնոր­հեն։
Իսկ ի՞նչ կը պար­տադ­րէ կր­թա­կան հա­մա­կար­գը։ Ու­սու­ցիչ մը, մկ­րատ մը եւ վր­ձին մը ձեռ­քը՝ կը սկ­սի այս բո­լոր պղպ­ջակ­նե­րը բռ­նա­բար քա­ռա­կուսիի վե­րա­ծել ու բո­լո­րը նոյն գոյ­նով ներ­կել։ Կը կոր­ծա­նի եզա­կա­նու­թիւնը։ Կ’ան­հե­տա­նայ երե­խա­յին ինք­նու­րոյ­նու­թիւնը։
Մինչ­դեռ բո­լորս գոյնզ­գոյն պղպ­ջակ­նե­րու սի­րա­հար­ներ ենք։ Զա­նա­զան այս պղպ­ջակ­նե­րով կը գե­ղեց­կա­նայ ամէն ինչ։ Իւ­րա­քան­չիւր պղպ­ջակ գոյն մը եւս կ’աւելց­նէ այդ հրա­շա­լի հա­մադ­րու­թեան։ Առանց որե­ւէ ճն­շու­մի, երփ­նե­րանգ ու բազ­մա­ձեւ այս պղպ­ջակ­նե­րը հո՛ն են ու ազա­տօ­րէն կը սա­ւառ­նին օդին մէջ՝ ստեղ­ծե­լով զար­մա­նահ­րաշ պատ­կեր­ներ։
Ձգենք մեր մկ­րատ­նե­րը եւ վր­ձին­նե­րը։ Քա­ռա­կու­սի եւ մոխ­րա­գոյն այդ պղպ­ջակ­նե­րը տխ­րու­թիւն կը բեռ­նեն օդին։ Իսկ մեր անու­շիկ, գոյնզ­գոյն, բազ­մա­զան պղպ­ջակ­նե­րը մոխ­րա­գոյն­նե­րուն ձեռ­քե­րէն բռ­նե­լով կը բարձ­րաց­նեն զա­նոնք իրենց հետ, պար­զե­լով չնաշ­խար­հիկ տե­սա­րան մը։ Ա՛յս տե­սա­րանն է, որ յոյս եւ աւիւն կը ներշն­չէ։
Կեան­քը այս հրա­շա­լի պղպ­ջակ­նե­րով է գե­ղե­ցիկ։
Սարին Ագպաշ