Սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի այ­սօր­ուան ու վաղ­ուան մա­սին հն­չող ծան­րա­գոյն յո­ռե­տե­սա­կան ար­ժե­ւո­րում­նե­րը զիս կր­կին մղե­ցին մտո­րե­լու լեզ­ուի եւ գրա­կա­նու­թեան մա­սին ու ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լու, որ
ՉԿԱՅ ԳՐԱ­ԿԱՆ ԼԵ­ԶՈՒ ԵՒ ԳՐԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ, ԵԹԷ ՉԿԱՅ ԴՊ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊ­ՐՈՑ:
Ու կր­կին՝
ՉԿԱՅ ԳՐԱ­ԿԱՆ ԼԵ­ԶՈՒ ԵՒ ԳՐԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ, ԵԹԷ ՀԱՅ ԴՊ­ՐՈ­ՑԸ ԾԱՆՐ ԹԵ­ՐԱ­ՑՈՒՄ­ՆԵՐ ՈՒ­ՆԻ:
Յի­շենք, որ արեւմ­տա­հա­յու­թեան զար­թօն­քին հա­մար նա­խախ­նա­մա­կան դեր ու­նե­ցաւ Կ.ՊՈ­ԼԻ­Սը, ուր 1790-ական­նե­րէն սկս­եալ գո­յու­թիւն ու­նէ­ին ու նո­րե­րով կը հա­մալր­ուէ­ին բազ­մա­թիւ նոր ոճի վար­ժա­րան­ներ: Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կազ­մա­ւո­րու­մը, այս­պէս թէ այն­պէս, կը կապ­ուի գլ­խա­ւո­րա­բար Կ. Պոլ­սոյ հետ, եւ արեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը սկիզ­բէն ար­մա­տա­պէս եւ էա­պէս պոլ­սա­հայ գրա­կա­նու­թիւն է: 1866-ին Կ. Պոլ­սոյ մէջ կը գոր­ծէ­ին 46 դպ­րոց, որոնց­մէ 32-ը՝ արա­կան, 14-ը՝ իգա­կան, ու­նէ­ին 4700 աշա­կերտ եւ 1472 աշա­կեր­տու­հի: Պատ­կե­րա­ցու­ցէ՛ք, եթէ չըլ­լա­յին Կ. Պոլ­սոյ Սկիւ­տա­րի, Եսայ­եան, Մաք­րուհ­եանց, Արամ­եան, Մխի­թար­եան, Կեդ­րո­նա­կան, Պէր­պէր­եան եւ միւս ճե­մա­րան­ներն ու դպ­րոց­նե­րը, եթէ չըլ­լա­յին Եւ­րո­պա­յի մէջ մխի­թար­եան հայ­րե­րու բա­ցած Ռա­ֆա­յէլ­եան եւ Մու­րատ­եան վար­ժա­րան­նե­րը, որոնց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը ստեղ­ծա­գոր­ծե­ցին Կ. Պոլ­սոյ մի­ջա­վայ­րին մէջ, ո՛վ պի­տի խօ­սէր արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ արեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մա­սին՝ վի­պա­պաշտ­ներ, իրա­պաշտ­ներ, ար­ուես­տա­գէտ սե­րուն­դի գրող­ներ: Պոլ­սա­կան մեր թեր­թե­րու խմ­բագ­րա­տու­նե­րը նա­եւ խորհր­դա­տուն կը դառ­նա­յին, մկր­տա­րան՝ դպ­րոց­նե­րէն եկող սկս­նակ­նե­րուն: Ի վեր­ջոյ պոլ­սա­կան մի­ջա­վայ­րի ծնունդ էր աշ­խար­հա­բա­րի քե­րա­կա­նութ­եան հայ­րը՝ հայր Ար­սէն Այ­տըն­եան, որ 1866-ին հրա­տա­րա­կեց իր «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն աշ­խար­հա­բար լեզ­ուի» դա­րա­դար­ձիկ դա­սա­գիր­քը. անով փաս­տօ­րէն ճա­նա­պարհ բաց­ուե­ցաւ հայ դպ­րոց­նե­րուն մէջ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հիմ­նա­ւոր ու­սուց­ման։
Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի տա­րա­ծու­մը դէ­պի գա­ռառ­ներ, ամ­բողջ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան տա­րած­քով մէկ, դարձ­եալ պոլ­սա­կան ներշն­չում եւ առա­քե­լու­թիւն էր: Ստեղծ­ուե­ցան բազ­մա­թիւ միու­թիւն­ներ (Արա­րատ­եան, Արե­ւել­եան, Դպ­րո­ցա­սի­րաց, Կի­լիկ­եան, Մի­աց­եալ հա­յոց, Հա­մազ­գա­յին, Ազ­գան­ուէր հա­յուհ­եաց եւ այլն ), որոնք ծան­րա­գոյն ար­կած­նե­րու եւ հե­տապն­դում­նե­րու տակ, բայց անօ­րի­նակ քա­ջու­թեամբ, հա­ւատ­քով ու նուի­րու­մով գա­ւառ­նե­րու մէջ դպ­րոց­ներ բա­ցին՝ իրենց նե­րու­ժը Պո­լի­սէն ստա­նա­լով, կր­թա­կան մշակ­ներ, ծրա­գիր­ներ, դա­սա­գիր­քեր, հո­վա­նա­ւոր­չու­թիւն, որ­պէս­զի արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը վե­րած­ուի հա­մայն արեւմ­տա­հա­յու­թեան գրա­կան լեզ­ուի, որ­պէս­զի հոն եւս ծլար­ձա­կի, ԵՐ­ԿԻՐ բու­րէ արեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը:
1901-1902 տա­րեշր­ջա­նին կայս­րու­թեան մէջ ար­դէն կը գոր­ծէ­ին 803 ազ­գա­յին վար­ժա­րան­ներ 81208 աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­նե­րով: Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ արեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը ազ­գա­յին եր­կուն­քի մը՝ ծան­րա­գոյն եր­կուն­քի մը ծնուն­դը եղան: Մենք պէտք չէ մոռ­նանք, որ անոնք նախ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան մը եւ ի գործ նե­տուող նուի­րու­մի մը ար­դիւն­քը եղան: Մեր ժո­ղո­վուր­դը, առանց պե­տա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան, բա­նուո­րէն մին­չեւ ամի­րան, սի­րեց իր դպ­րո­ցը, զօ­րա­վիգ եղաւ, լի­ա­բուռն նպաս­տեց, իր զա­ւակ­նե­րը վս­տա­հե­ցաւ անոր եւ վե­րա­նո­րոգ­ուե­ցաւ ու վե­րա­զին­ուե­ցաւ անոնց լեզ­ուէն ու գրի­չէն հո­սող մեր զրա­հան­դերձ հա­յոց լե­զուով:
Այո , նշ­ուած թիւե­րը չա­փա­զանց փոքր են: Ապ­տուլ­հա­միտ­եան բռ­նաճն­շում­նե­րուն տակ հե­ւա­ցող հե­ռա­ւոր գա­ւառ­նե­րուն մէջ դեռ հա­զա­րա­ւոր գիւ­ղեր եւ աւան­ներ կա­յին առանց դպ­րո­ցի, իսկ ժո­ղո­վուր­դը թր­քա­խօս էր, քր­տա­խօս, արա­բա­խօս, բախ­տա­ւոր պա­րա­գա­յին ՝ բար­բա­ռա­խօս: Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դեռ ճամ­բայ ու­նէր կտ­րե­լիք, եւ դեռ պի­տի գար Վաղ­ուան գրա­կա­նու­թիւնը…
Երբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՄԵԾ ԵՂԵՌ­ՆԸ:
(շա­րու­նա­կե­լի)
Յակոբ Չոլաքեան