17 Յուլիսին, Պռոշեանի «Զօրաց» պանթէոնին մէջ, ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուողներուն, հոգեհանգստեան կարգ  մատուցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը եւ Յունաստանի Թեմի Փոխառաջնորդը: Անոնց նպատակը զօրակցութիւնն է զոհուածներու ընտանիքներուն, որոնք ամենաթանկը  նուիրած են Հայրենիքին: