Պըրպէնք, Քալիֆորնիա – 15-18 Յուլիս 2021-ին Պըրպէնքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կարսի 55-րդ Շրջանային Ժողովը: Ժողովին ներկայ էին շրջանի 18 կոմիտէութիւններէն 16 կոմիտէութիւններու պատգամաւորները ներառեալ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեանի Շրջանի եւ ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութեան պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ նաեւ այլ շրջաններէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ: Մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն էր 130:

Ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանի եւ շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի գործունէութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ, ստեղծուած պայմաններու իրականութեան լոյսին տակ եւ տուաւ իր համապատասխան արժեւորումը:

Ժողովը միաժամանակ մանրամասն անդրադարձաւ յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան, յատկապէս՝ կազմակերպական, քաղաքական եւ գաղութային բնագաւառներուն մէջ, կատարեց մատնանշումներ ու ճշդեց յաջորդ երկու տարիներու գործունէութեան ընթացքը: Շրջանային ժողովը վերահաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու իր հաստատական կամքը եւ շրջանի հաւատարմութիւնը ՀՅԴ ընտանիքին:

Վերջին օրակարգով ժողովը երկու երրորդը գերազանցող մեծամասնութեամբ ընտրեց յառաջիկայ նստաշրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը՝ Ընկ. Զարէհ Աճէմեան, Ընկ. Զանգու Արմէնեան, Ընկ. Հարմիկ Պաղտասարեան, Ընկ. Խաչիկ Թազեան, Ընկ. Լեւոն Պարոնեան, Ընկհ. Լաորա Յակոբեան, Ընկ. Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Ընկ. Ստեփան Պօյաճեան, Ընկ. Վիգէն Պապիկեան, Ընկ. Յովիկ Սալիպա, Ընկ. Զոհրապ Քահուէճեան, Ընկ. Մայք Քէլէշեան, Ընկ. Քրիս ՔԷօսեան:

Աւարտին, Կարսի 55 Շրջանային ժողովը յոտնկայս իր յարգանքի տուրքը մատուցեց մեր բոլոր նահատակներուն, Լիզպոնի  հինգին, Արացախեան պատերազմի բոլոր զոհերուն եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՅԴ բոլոր ընկերներու յիշատակին, ապա ժողովը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր»ով: