18 Յուլիս 2021-ին «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարութիւն հրապարակեց Ազգային Ժողով չուղղուելուն առնչութեամբ.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Հայաստան» դաշինքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեան Կեդրոնական Ընտրութեան Յանձնախումբին  ներկայացուց պատգամաւորի մանդատէն հրաժարելու` իմ որոշումիս դիմումը:

Ժամանակին եղած եմ թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի խորհրդարաններու պատգամաւոր, սակայն բնաւորութեան կերտուածքով միշտ հանդիսացած եմ գործադիր իշխանութեան մարդ: Համոզուած եմ, որ հիմա աւելի ճիշդ է տեղս զիջիմ խումբի անդամներուս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, վստահ եմ, լաւ պատգամաւոր պիտի  դառնայ:

Այս քայլով նաեւ իմ համաձայնութիւնս  յայտնած եմ հազարաւոր խումբի անդամներուն, որոնք ինծի  փոխանցած են այդ կարծիքը, որ Արցախի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօններէն վերջ պէտք չէ գայթակղիմ պատգամաւորի մանդատով: Վերջապէս, ինծի ձայն  տուած էին որպէս Դաշինքի վարչապետի թեկնածու:

Միեւնոյն ատեն, յարկ կը համարեմ շեշտել, որ Ազգային ժողով չերթալս չի նշանակեր պայքարէն հրաժարիլ: Ֆրաքցիան Դաշինքի ներկայութիւնն է Ազգային ժողովի մէջ, իսկ ես կը շարունակեմ մնալ Դաշինքի առաջնորդը ու ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանքով պիտի նպաստեմ մեր սպասուած յաղթանակներուն:

Վստահ եմ` ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:

ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան»