Երկուշաբթի, 26 Յուլիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ռուսական պատուիրակոթեան ներկայութեամբ, Դամասկոսի ժողովներու պալատին մէջ սկսաւ ռուս-սուրիական միացեալ ժողովը՝ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին շուրջ։ Ռուս-սուրիական նախարարական համակարգման խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման եւ Կենսոլորտի նախարար Հուսէյն Մախլուֆ իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս ժողովը տեղի կ՚ունենայ նախորդ տարուան աւարտին տեղի ունեցած տեղահանուածներու տունդարձին շուրջ գումարուած միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքները վերաքննելու եւ աշխատանքը շարունակելու», յայտնելով, որ երկրի ապահովական իրավիճակը բարելաւուեցաւ, ինչ որ նպաստեց 5 միլիոն տեղահանուածի Սուրիա վերադառնալուն, ինչպէս նաեւ 2, 5 միլիոն ներքին գաղթի դիմած սուրիացիներ իրենց քաղաքները եւ գիւղերը վերադարձան։ Իր կարգին, ռուս-սուրիական նախարարական միացեալ համակարգման խորհուրդի Ռուսիոյ կողմի նախագահ, Ռուսիոյ ազգային պաշտպանութեան վարչակազմի նախագահ գնդապետ Միքայէլ Մեզենձեւ խօսք առնելով ըսաւ. «Տունդարձող սուրիացի տեղահանուածներուն բժշկական, օժանդակութիւններ եւ ուտեստեղէն կը տրամադրուի։ Անոնք կը փոխադրուին իրենց հաստատման կեդրոնները եւ անոնց համար կ՚ապահովուի աշխատանք եւ ուսում» ։ Իր կարգին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սուսան յայտնեց, որ ԱՄՆ-ին եւ թրքական ուժերուն սուրիական հողեր գրաւած ըլլալը եւ ԱՄՆ-ի պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցները եւ հակասուրիական կողմերուն վերահաստատման փորձերը կը խոչընդոտեն սուրիացիներուն տունդարձը։