Չորեքշաբթի, 28 Յուլիս 2021-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ Ֆայսալ ալ Մըքտատ «RT» պատկերասփիւռային կայանի թղթակիցին յայտնեց, որ ռուսական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութիւնը իր կարեւորութիւնը ունի։ Ան յայտնեց, որ Երեքշաբթի, 27 Յուլիս 2021-ին, ռուսական պատուիրակութեան սկիզբ առած եռօրեայ այցելութիւնը ընդգրկեց քաղաքական խորհրդակցութիւններ, մնացեալ օրերուն գործնական քայլեր պիտի ճշդուին։ Մըքտատ աւելցուց. «Ռուսական պատուիրակութիւնը սուրիական կարգ մը նահանգներ պիտի այցելէ եւ Սուրիոյ մէջ տարբեր նախարարութիւններու հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ, որպէսզի իրողապէս տեղեակ ըլլայ Սուրիոյ իրավիճակէն եւ ականատեսը դառնայ ժողովուրդին տառապանքին»։ Մըքտատ Սուրիոյ երախտագիտութիւնը յայտնեց տարբեր ոլորտներու մէջ Ռուսիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Իր կարգին, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան յատուկ խորհրդատու Պուսայնա Շաապան «RT»-ի յայտնեց, որ ռուսական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութիւնը բնական երեւոյթ է, որովհետեւ երկու երկիրներուն բարեկամական ջերմ յարաբերութիւնը կը շարունակուի տարիներէ ի վեր, յատկապէս պատերազմի տարիներուն: Յիշենք, որ Երեքշաբթի, 27 Յուլիս 2021-ին, ռուսական պատուիրակութիւն մը Դամասկոս այցելեց՝ տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովման վերաբերող միջազգային խորհրդաժողովին աշխատանքները շարունակելու նպատակով։