«Երկիր».-28 Յուլիսին` ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթականօրէն դիմած են սադրանքի եւ խախտած են հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ:
Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ կ’ընթանան տեղային մարտեր: Իրադրութեան սրումին ամբողջ պատասխանատուութիւնը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ է:
Աւելի ուշ ՊՆ-ը նոր հաղորդագրութիւն տարածած է` յայտնելով. «28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները յարձակումի ձեռնարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ հաստատուած հայկական դիրքերու վրայ:
Ծաւալած են տեղային մարտեր, որոնք, ժամը 07:00-ի դրութեամբ, կը շարունակուին: Նախնական տեղեկութիւններով, մարտական գործողութիւններու հետեւանքով երկու կողմէն կան կորուստներ: Տուեալները կը ճշդուին»: