«Երկիր».-ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են․ «Հակառակորդը, Ռուսիոյ Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ նախատեսուող բանակցութիւններէն առաջ, նախայարձակ մարտական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ` Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա հատուածին մէջ: Ծաւալած են մարտական գործողութիւններ, ընթացքի մէջ է փոխհրաձգութիւն:
Հակառակորդը կը փորձէ բարելաւել իր յենակէտերը` ստեղծելով բարենպաստ պայմաններ յառաջխաղացման համար:
ՀՀ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները լուծած են մարտական հարցերը եւ թոյլ չտալով հակառակորդի յառաջխաղացքին, իրենց դիրքերը պաշտպանած են:
Ժամը 07:30-ի դրութեամբ ունինք երկու վիրաւոր, հինգ զինուորական ծառայողի առնչութեամբ տուեալները կը ճշդուին»: