ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը յայտնած է, որ ժամը 10:30-ի դրութեամբ ահազանգեր ստացած են քաղաքացիական բնակիչներէն, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը կրակած են Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Կութ, Ազատ, Նորաբակ, Ներքին Շորժա, Վերին Շորժա գիւղերուն ուղղութեամբ: Յատկապէս խոցելի վիճակի մէջ, կրակոցներու անմիջական թիրախի մէջ են Կութ, Վերին Շորժա գիւղերը:
Ըստ Պաշտպանին, կրակոցները ուժգին են, արձակուած են փոքր նաեւ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներէն:
Արման Թաթոյեան արձանագրած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ ատրպէյճանական մարտական յարձակումները ունին քաղաքական դրդապատճառներ: Ուստի, Պաշտպանը հրաւիրած է միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը այս յայտարարութեան:
Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի աշխատակազմի Գեղարքունիքի մարզային ստորաբաժանման փաստերը հաստատած են, որ կրակոցները անընդհատ հրահրած են ատրպէյճանական զինեալ ուժերը, այդ կրակոցները Հայաստանի գիւղերու անմիջական մերձակայութեամբ են` գիւղերու ուղղութեամբ, ունին միասնական դիտաւորութիւն, խախտած են Հայաստանի քաղաքացիական բնակիչներու իրաւունքները, կեանքն ու խաղաղութիւնը, յայտնած է Թաթոյեան: