ՀՀ ինքնիշխան տարածք 12 Մայիսին ներթափանցած ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, յարձակումի ձեռնարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ հաստատուած հայկական դիրքերու ն վրայ, որուն հետեւանքով ծաւալած են տեղային մարտեր: Ըստ նախնական տուեալներուն, կան մարդկային կորուստներ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի ԱԳՆ-ը:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական կողմը կ’երթայ իրավիճակի միտումնաւոր սրման այն պայմաններուն մէջ, երբ կը շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու ապօրինի ներկայութիւնը, երբ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը հիմնաւորէ նմանօրինակ գործողութիւնները Հայաստանի հանդէպ տարածքային եւ պատմական պահանջներու առաջադրմամբ:
Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուժի կիրառման ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործի կը դնէ միջազգային իրաւունքով վերապահուած իր ռազմաքաղաքական ողջ գործիքակազմը:
Խստօրէն կը դատապարտենք տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած ատրպէյճանական կողմի ռազմական գործողութիւնները:
Իրադրութեան յետագայ սրումի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ»: