Երեքշաբթի, 27 Յուլիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ 5-րդ շաբաթն ըլլալով թրքական ուժերը կը շարունակեն Հասիչէի աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւնը ծարաւ պահել։ Թրքական ուժերը Հասիչէի միակ ջուր մատակարարող՝ «Ալուք» ջրամուղ կայանի ելեկտրականութիւնը անջատած են եւ հակառակ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բարձր ջերմաստիճանին, Հասիչէի բնակիչները կը զրկեն կենսական ջուրէն։ Այս ոճիրը կու գայ աւելնալու թրքական ուժերուն գործած սպանութեան, թալանի, քանդումի եւ այլ ոճիրներուն։ Հասիչէի ջրամատակարարման պետական հաստատութիւնը, սուրիական Կարմիր Մահիկին կողքին, այլազան միջոցներու կը դիմէ բնակչութեան ջուր տրամադրելու համար։