«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն: Թեհրանի «Մեհրապատ» օդանաւակայանին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, վարչապետը ուղղուած է Իրանի նախագահի նստավայր, ուր զայն դիմաւորած է ԻԻՀ նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին: