ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը 11 Օգոստոսին կը տեղեկացնէ, որ Ուաշինկթընի մէջ գրանցուած Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնը (ALC), գործակցաբար ՀՀ-ի մէջ գրանցուած Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին հետ, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանէն ներս նոր գործեր ներկայացուցած է, որոնցմով Ատրպէյճանը մեղադրուած է հայ ռազմագերիներուն եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձերու մահուան համար: ՄԻԵԴ ներկայացուած փաթեթին մէջ յիշուած է թիւով 19 անձեր՝ իրենց հայրենի բնակավայրերուն մէջ մնացած քաղաքացիական մարդիկ, զինուորականներ, իրարմէ տարբեր 10 միջադէպերու հետեւանքով սպանուած են, երբ գերութեան մէջ գտնուած են ատրպէյճանական ուժերու կողմէն կամ ձերբակալուած են: Դիմումները ներկայացուած են ականատեսներու ցուցմունքներուն, համացանցի մէջ տարածուած տեսաձայնագրութիւններուն, դատաբժշկական փորձաքննութիւններու անհերքելի ապացոյցներով եւ փորձագիտական եզրակացութիւններով: Երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները հաւաքուած նիւթերով կը փորձեն պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը`Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Միութեան, Միջազգային Մարդասիրական իրաւունքին համաձայն` գերութեան մէջ գտնուող անձերուն կեանքը չպաշտպանելու համար: «Չկարենալով պաշտպանել գերութեան մէջ գտնուողներուն կեանքը եւ չկարենալով հետաքննել սպանուած գերիներուն հարցերը, Ատրպէյճանը խայտառակ ձեւով խախտած է մարդու իրաւունքները ու չէ կատարած Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական համաձայնութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները: ՄԻԵԴ-ին եւ եւրոպական բոլոր յարակից կառոյցներուն պարտականութիւնն է միանշանակ կարմիր գիծ քաշել եւ ստիպել Ատրպէյճանի բռնապետութեան պատասխանատուութիւն ստանձնելը», ըսած է Հայկական Իրաւական Կեդրոնի նախագահ Քէն Խաչիկեան: Հայկական Իրաւական Կեդրոնը յանձնառու է սպանուած 19 անձերու պարագաներով հետապնդելու արդարութիւն, ինչպէս նաեւ ապահովել, որ բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ արձակուին եւ առանց վնասներու հայրենադարձուին: Այս նպատակով Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայկական իրաւական կեդրոնը կը գործակցի Երեւանի մէջ գտնուող Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին հետ` աւելի քան 100 հայ ռազմագերիներու անունով ՄԻԵԴ-ի մէջ գործեր յարուցելու համար: Այսպիսով, այս գործընկերութիւնը թոյլ կու տայ անհատական մակարդակով պաշտպանելու Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներուն կէսէն աւելին: Գործակցող կազմակերպութիւններու ջանքերով վերջերս դարձեալ լրացուցիչ գործեր ներկայացուեցաւ ՄԻԵԴ` պահանջելով Ատրպէյճանի հանդէպ կիրառել միջանկեալ միջոց: Մշտական աշխատանք կը տարուի Ատրպէյճանի կողմէն պահուող այլ ռազմագերիներու նկատմամբ հետաքննութիւն կատարելու եւ բացայայտումներ ընելու ուղղութիւններով, հետամուտ ըլլալու անոնց ազատութեան եւ կեանքի իրաւունքին: Հայկական Իրաւական Կեդրոնը հրապարակած է այն անձերուն անուն-ազգանունները ու սպանութեան դէպքերը, որոնց առնչութեամբ սկսած է իրաւական գործընթաց: Նկատի առնելով սպանութեան դէպքերու առանձնակի դաժան բնոյթը` անոնց առնչութեամբ տեղեկատուութիւնը թարգմանաբար չենք հրապարակեր: Ատրպէյճանական վայրագութիւններուն հետեւանքով գերութեան մէջ սպանուած մեր հայրենակիցներն են Վահրամ Լալայեան, Վոլոտիա Աղաբեկեան, Արսէն Ղարախանեան, Իւրի Ադամեան, Բենիկ Յակոբեան, Մուշեղ Մելքումեան, Նարեկ Բաբայեան, Գենատի Պետրոսեան, Իւրիկ Ասրիյեան, Սարգիս Մանուկեան, Լիւտուիգ Աւդալեան, Սենիկ Խուրշուտեան, Յուսիկ Յովակիմեան, Կարէն Ներսիսեան, Հայկ Յարութիւնեան, Ալպերթ Ստեփանեան, Գրիշա Գրիգորեան, Սասուն Պետրոսեան, Սամուէլ Սմբատով: