Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ իր ելոյ­թին ըն­թաց­քին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ­նա­խա­գահ Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եան ելոյթ ու­նե­նա­լով ըսաւ, որ այն իշ­խա­նու­թիւնը, որ շր­ջա­փա­կած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը, այն Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, որուն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը իրենց կու­սակ­ցութ­եան ղե­կա­վա­րին հրա­հան­գով կազ­մա­կեր­պած են դա­տա­րան­նե­րու շր­ջա­փա­կու­մը, այդ իշ­խա­նու­թիւնը եւ այդ քա­ղա­քա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը իրա­ւունք չու­նին խօ­սե­լու ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գին եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գին մէջ բա­րե­փո­խում­ներ իրա­կա­նաց­նե­լու մա­սին:
«Յայ­տա­րա­րե­ցիք զտում, ըսիք՝ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գէն պի­տի հե­ռաց­նէք չա­րա­շա­հող դա­տա­ւոր­նե­րը, բայց պարզ­ուե­ցաւ, որ կը վե­րա­դարձ­նէք չա­րա­շա­հող, փտած դա­տա­ւոր­նե­րը, նոյ­նիսկ անոնց, որոնք ձեր ըսած՝ չա­րա­շա­հող նախ­կին իշ­խա­նու­թիւնը հե­ռա­ցու­ցած էր դա­տա­կան հա­մա­կար­գէն: Կը խօ­սիք «օրէն­քի բռ­նա­տի­րու­թեան» մա­սին. սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ, ատի­կա խա­բէ­ու­թիւն է: Եթէ խօս­քը օրէն­քի եւ իրա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան մա­սին է եւ օրէն­քի իրա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան մա­սին է, ատի­կա շատ լաւ է, բայց դուք անոր հետ որե­ւէ կապ եւ առն­չու­թիւն չու­նիք, ձեր բո­լոր բա­րե­փո­խում­նե­րուն մեկ­նար­կը կը սկ­սի մէկ կէ­տէ՝ ամ­րապն­դել ձեր իշ­խա­նու­թիւնը»: