Բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ Դա­ւիթ իր բա­նա­կով պա­տե­րազ­մե­ցաւ փղշ­տա­ցի­նե­րուն դէմ, որոնք հե­թա­նոս էին, եւ իր կեան­քը մահ­ուան են­թարկ­ուե­ցաւ: Աստ­ուա­ծա­շուն­չին մէջ կը կար­դանք. «Փղշ­տա­ցի­նե­րը նո­րէն Իս­րա­յէ­լի հետ պա­տե­րազմ ըրին: Դա­ւիթ ու իր ծա­ռա­նե­րը իրեն հետ ելան ու Փղշ­տա­ցի­նե­րուն հետ պա­տե­րազմ ըրին: Դա­ւիթ ու­ժաս­պառ եղաւ: Յես­բի­բե­նոբ, որ Ռա­փա­յի որ­դի­նե­րէն էր, երեք հա­րիւր սիկղ ծան­րու­թեամբ պղն­ձէ նի­զակ մը ու­նէր ու մէջ­քը նոր սուր մը կա­պեր էր, ու­զեց որ Դա­ւի­թը զար­նէ: Բայց Շա­րուհ­եա­յի որ­դին Աբես­սան անոր օգ­նու­թեան հա­սաւ ու Փղշ­տա­ցին զար­կաւ ու մեռ­ցուց: Այն ատեն Դա­ւի­թին մար­դի­կը անոր եր­դում ըրին եւ ըսին. «Աս­կէ ետ­քը դուն մե­զի հետ պա­տե­րազ­մի մի՛ ել­լեր, որ­պէս­զի Իս­րա­յէ­լի ճրա­գը չմա­րի»:
Ան­կէ ետ­քը նո­րէն Փղշ­տա­ցի­նե­րուն հետ պա­տե­րազմ եղաւ Գով­բի մէջ: Այն ատեն Ով­սա­ցի Սով­բաք Ռա­փա­յի որ­դի­նե­րէն Սեփ­ի­ան մեռ­ցուց:
Նո­րէն Փղշ­տա­ցի­նե­րուն հետ պա­տե­րազմ եղաւ Գով­բի մէջ ու Բեթ­լեհէ­մցի Արի­ովր­գի­մի որ­դին Ել­է­ա­նան Գե­թա­ցի Գող­ի­ա­թին եղ­բայ­րը զար­կաւ, որուն նի­զա­կին ոս­տայ­նանկ­նե­րու գլա­նին պէս էր:
Նո­րէն Գէ­թի մէջ պա­տե­րազմ եղաւ: Եր­կայ­նա­հա­սակ մարդ մը կար, որուն ձեռ­քե­րուն մա­տե­րը ու ոտ­քե­րուն մա­տե­րը վեց վեց հատ ըլ­լա­լով՝ քսա­նչորս մատ ու­նէր: Անի­կա ալ Ռա­փա­յի որ­դի­նե­րէն էր: Անի­կա Իս­րա­յէ­լը նա­խա­տեց. բայց Դա­ւի­թին եղ­բօ­րը Սա­մ­աա­յի որ­դին Յով­նա­թան զա­նի­կա զար­կաւ: Այս չոր­սը Գէ­թի մէջ Ռա­փա­յէն ծներ էին եւ Դա­ւի­թին ձեռ­քով ու անոր ծա­ռա­նե­րուն ձեռ­քով ին­կան» (Բ. Թգ 21.15-22):
Այս բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը թէ­եւ ամ­փոփ­ուած են Բ. Թա­գա­ւո­րաց գիր­քի աւար­տին, սա­կայն անոնք պա­տա­հե­ցան նախ­քան Ամ­մո­նի որ­դի­նե­րուն հետ պա­տե­րազ­մի­լը, ինչ­պէս յս­տակ դար­ձած է Ա. Մնա­ցոր­դաց գիր­քին մէջ. «Ան­կէ յե­տոյ Դա­ւիթ Փղշ­տա­ցի­նե­րը զար­կաւ ու զա­նոնք նուա­ճեց եւ Գէթն ու անոր գիւ­ղե­րը Փղշ­տա­ցի­նե­րուն ձեռ­քէն առաւ» (Ա.Մն 18.1), եւ աս­կէ յե­տոյ 20-րդ գլու­խին մէջ կը յիշ­ուի Ամ­մո­նի որ­դի­նե­րուն դէմ պա­տե­րազ­մը. «Հե­տեւ­եալ տա­րին, Թա­գա­ւոր­նե­րուն պա­տե­րազ­մի ել­լե­լու ատե­նը, Յո­վաբ զօր­քե­րուն բո­լոր գուն­դե­րը (զօ­րու­թիւնը) հա­նեց եւ Ամ­մո­նին որ­դի­նե­րուն եր­կի­րը աւե­րեց ու գնաց Ռաբ­բան պա­շա­րեց, բայց Դա­ւիթ Երու­սա­ղէմ կը նս­տէր ու Յո­վաբ Ռաբ­բան զար­կաւ ու զա­նի­կա կոր­ծա­նեց» (Ա.Մն 20.1): Այս պա­տե­րազ­մին է, որ Դա­ւիթ չի մաս­նակ­ցիր, ըն­դա­ռա­ջե­լով իր զօ­րա­վար­նե­րուն խնդ­րան­քին. «Աս­կէ ետք դուն մե­զի հետ պա­տե­րազ­մի մի՛ ել­լեր, որ­պէս­զի Իս­րա­յէ­լի ճրա­գը չմա­րի» (Բ.Թգ 21.17), եւ Դա­ւիթ իր պա­լա­տին մէջ մնաց:
«Հե­տեւ­եալ տա­րին, թա­գա­ւոր­նե­րուն պա­տե­րազ­մի ել­լե­լու ատե­նը, Դա­ւիթ Յո­վա­բը ու անոր հետ իր ծա­ռա­ներն ու բո­լոր Իս­րա­յէ­լը ղր­կեց, որոնք Ամ­մո­նա­ցի­նե­րը կո­տո­րե­ցին ու Ռաբ­բան պա­շա­րե­ցին. բայց Դա­ւիթ Երու­սա­ղէմ կը նս­տէր» (Բ.Թգ 11.1):
Սամ­ուէ­լի ձեռ­քով Իս­րա­յէ­լի վրայ թա­գա­ւոր օծ­ուե­լէն ի վեր, մին­չեւ այդ պա­հը, շուրջ երե­սուն տա­րի, Դա­ւիթ ամէն պա­տե­րազ­մի իր բա­նա­կին գլու­խը ան­ցած մաս­նակ­ցե­ցաւ պա­տե­րազմ­նե­րուն, ասի­կա առա­ջին պա­տե­րազմն էր, որուն ան չէր մաս­նակ­ցիր եւ Երու­սա­ղէմ իր պա­լա­տը կը մնար: Հա­կա­ռակ այն իրո­ղու­թեան, որ իր քա­ջա­մար­տիկ զի­նուո­րա­կան­նե­րուն պար­տադ­րան­քին տակ Դա­ւիթ թա­գա­ւոր տուն մնաց եւ պա­տե­րազ­մին չմաս­նակ­ցե­ցաւ, սա­կայն, ան բնաւ ականջ պէտք չէ տար անոնց անի­մաստ խոր­հուր­դին, որով­հե­տեւ Աստ­ուած չէր հրա­մա­յո­ղը, ինչ­պէս նա­խա­պէս կա­րե­ւոր եւ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­րա­գա­նե­րուն Աս­տու­ծոյ խոր­հուր­դը կը հարց­նէր, այ­լա­պէս ի՞նչ օգուտ ու­նէ­ին Ու­րիմն ու Թու­մի­մը¹:
Ուս­տի, ո՛վ Դա­ւիթ, ի՞նչ­պէս յօ­ժա­րե­ցար պա­լատ մնալ, մինչ­դեռ զօրքդ պա­տե­րազ­մե­լու գա­ցած է. վնա­սի մը պա­տա­հե­լէ՞ն կը վախ­նա­յիր: Ին­չո՞ւ կը վախ­նաս: Մի­թէ քեզ պա­տե­րազ­մի ղր­կող Աստ­ուա­ծը չի՞ կր­նար պաշտ­պա­նել քեզ: Մի­թէ դուն չէի՞ր ըսո­ղը. «Իր թե­ւե­րով պի­տի ծած­կէ քեզ, եւ իր հո­վանի­ին տակ ապաս­տան պի­տի գտ­նես: Իր ճշ­մար­տու­թիւնը իբ­րեւ զրահ՝ պի­տի պա­տէ ու պաշտ­պա­նէ քեզ: Ո՛չ գի­շեր­ուան վտանգ­նե­րը պի­տի կր­նան քեզ վախց­նել, ո՛չ ցե­րեկ­ուան անակն­կալ փոր­ձանք­նե­րը. ո՛չ մու­թին մէջ շր­ջող մա­հը, ո՛չ ալ կէ­սօ­րին հար­ուա­ծող աղէ­տը: Նոյ­նիսկ եթէ հա­զար հո­գի իյ­նան ձա­խիդ, եւ տա­սը հա­զար հո­գի իյ­նան աջիդ, բայց ոե­ւէ հար­ուած բնաւ քե­զի պի­տի չմօ­տե­նայ: Սա­կայն պի­տի քու աչ­քե­րովդ տես­նես՝ թէ Աստ­ուած ի՛նչ­պէս կը հա­տու­ցա­նէ ամ­բա­րիշտ­նե­րուն» (Սղ 91.4-8): Ուս­տի, ո՛վ Դա­ւիթ, ի՞նչ­պէս կը մնաս պա­լա­տիդ մէջ եւ չես եր­թար պա­տե­րազ­մի: Ին­չո՞ւ կը մտա­հոգ­ուիս ան­ձիդ մա­հով: Աստ­ուած որ Դա­ւի­թը բարձ­րա­ցուց եւ կանգ­նե­ցուց, մի­թէ կա­րո­ղու­թիւնը չու­նի՞ անոր­մէ զատ ու­րիշ մը կանգ­նե­լու:
Սա­կայն Դա­ւիթ իր քաջ զի­նուոր­նե­րուն խօս­քե­րէն ազդ­ուած՝ ինք­նի­րեն կ’ըսէ. «անց­նող տա­րի­նե­րուն պայ­քարն ու պա­տե­րազ­մը բա­ւա­րար է ին­ծի հա­մար, այժմ որիշ­նե­րուն յանձ­նենք, որ­պէս­զի իրենք պայ­քա­րին, յոգ­նին եւ Աս­տու­ծոյ պա­տե­րազմ­նե­րը մղեն»:
Ինչ­պէս ըսինք Հին Կտա­կա­րա­նի մեր հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ Նոր Կտա­կա­րա­նի հաս­կա­ցո­ղու­թեան մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն կայ: Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ այս պա­տե­րազմ­նե­րը Աս­տու­ծոյ հա­մար մղ­ուած պա­տե­րազմ եւ սր­բա­զան արարք կը նկատ­ուէ­ին: Այս պատ­ճա­ռով ալ, երբ անոնք յաղ­թա­կան վե­րա­դառ­նա­յին պա­տե­րազմ­նե­րէն, Երու­սա­ղէ­մի դռ­նե­րէն ներս մտած ժա­մա­նակ ու­րա­խու­թեան աղա­ղակ­ներ եւ օրհ­նու­թիւն­ներ կ’եր­գէ­ին:
Սա­կայն Նոր Կտա­կա­րա­նին մէջ երբ կա­տա­րե­լու­թեան, սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան օրէն­քը եկաւ, Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պա­տե­րազ­մը իրա­կա­նու­թեան մէջ բա­ցա­յայտ­ուե­ցաւ, որ խորհր­դա­նիշ էր սա­տա­նա­յին եւ անոր հո­գե­ւոր ու անե­րե­ւոյթ թա­գա­ւո­րու­թեան դէմ մղ­ուած պա­տե­րազ­մին: Եւ ուս­տի, եթէ պա­տե­րազմ­նե­րու մա­սին կը խօ­սինք, ապա ի մտի պէտք է ու­նե­նանք, որ ներ­կայ մեր հաս­կա­ցու­թեամբ անոնք հո­գե­ւոր պա­տե­րազմ­ներ ու պայ­քար­ներ են:
___________________________________________
¹Տես՝ (Թւ 27.21) «Անի­կա Եղ­ի­ա­զար քա­հա­նա­յին առ­ջեւ պի­տի կե­նայ ու Տէ­րո­ջը առ­ջեւ Ու­րի­մին կա­նո­նո­վը անոր պի­տի հարց­նէ…» եւ (Ա.Թգ 28.6) «Սա­ւուղ Տէ­րո­ջը հար­ցուց, բայց Տէ­րը թէ՛ երազ­նե­րով, թէ՛ Ու­րի­մով եւ թէ՛ մար­գա­րէ­նե­րով անոր պա­տաս­խան չտ­ուաւ»: Փոքր քա­րե­րէն որ քա­հա­նա­նե­րուն վի­զէն կը կախ­ուին տես՛ (Ելք 28.30) «Դա­տաս­տա­նի լան­ջա­պա­նա­կին մէջ Ու­րի­մը եւ Թու­մի­մը դի՛ր»: