4 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամները հանդիպած են Շիրակի մարզի կուսակցական կառոյցի ներկայացուցիչներուն եւ համակիր քաղաքացիներուն հետ: Այդ հանդիպումին մասին իշխան Սաղաթէլեան գրած է․ «Քննարկեցինք ներքաղաքական եւ այլ շարք մը կարեւոր հարցեր, լսեցինք կիւմրեցիներու մտահոգութիւններն ու առաջարկները` ստեղծուած ճգնաժամի հանգուցալուծման առնչութեամբ: Շիրակցի մեր ընկերներն ու համակիր շրջանակները վճռական են եւ մեզի հետ միասին կը պայքարին Հ֊Հ -ին ու Արցախին սպառնացող ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին վտանգները չէզոքացնելու, անվտանգ ու ուժեղ երկիր կառուցելու համար»: Յատուկ քննարկումի առարկայ դարձած է Կիւմրիի մէջ սպասուելիք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցութեան հարցը: Իշխան Սաղաթէլեան խօսած է նաեւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան` շարք մը հարցերու առնչութեամբ որդեգրած դիրքորոշումներու ու յառաջիկայ ընելիքներու մասին: ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը առանձին հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) Կիւմրիի խումբի անդամներուն հետ: Բազմապիսի հարցերու քննարկման հետեւանքով որոշուած է նոր թափով շարունակել երիտասարդութեան շրջանին ազգային արժէքներու սերմանումի ուղղուած ծրագիրերն ու քայլերը: Հանդիպումներուն աւարտը խորհրդանշուած է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի կնքահայրութեամբ տեղի ունեցած աւանդական երդման արարողութեամբ: