«Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 6 Սեպտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս նորանշանակ համանախագահ Իկոր Խովաեւը: «Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերը` ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ խաղաղ գործընթաց վերսկսելու կարեւորութիւնը», տեղեկացուցած են ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն: Արարատ Միրզոյեան հայկական կողմին աջակցութիւնը յայտնած է 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան միատեղ յայտարարութիւններուն, ուր ընդգծուած է հանրայայտ սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ հակամարտութեան տեւական եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Նախարարը շեշտած է առաջնահերթ մարդասիրական հարցերու հասցէագրման հրատապութիւնը:ԱԳ նախարարը ընդգծած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական պատանդներուն շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը: