“Երկիր Մետիա”._10 Օգոստոսին՝ Ուրբաթ ԱԺ պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի արտահերթ նիստ նշանակուած է։ Օրակարգի վրայ մէկ հարց եղած է. «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած նախագիծի քննարկում՝ վերանուանել արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու մշտական յանձնաժողովը եւ կոչել՝ արտաքին յարաբերութիւններու եւ Արցախի հարցերու մշտական յանձնաժողով: Հիմնական զեկուցողն է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան:

27 Օգոստոսի նիստին հարցը յետաձգուած էր՝ նախագիծը լրամշակելու նպատակով: Իսկ աւելի ուշ ԱԺ իշխանական մեծամասնութիւնը մերժած էր Արցախի հարցերու առանձին մշտական յանձնաժողով ստեղծելու «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու միատեղ առաջարկը։

Ըստ Աժ նոր որոշման նախագիծին, Ազգային Ժողովի 12 մշտական յանձնաժողովի գործունէութեան ոլորտներուն մէջ որեւէ յիշատակում չկայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին համար կենսական եւ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող Արցախի հիմնահարցի լուծման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի դերակատարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման, հայկական երկու հանրապետութիւններու միջեւ օրենսդրութեանն մօտարկումին եւ այլ հարցերու առնչութեամբ։

Նախագիծը, ԱԺ փորձագիտական եւ վերլուծական վարչութեաևն եզրակացութեան համաձայն, Սահմանադրութեան հակասող ձեւաչափեր չի պարունակեր։ Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը չի կրնար պատճառաբանել, թէ նախագիծը հարց ունի Սահմանադրութեան, օրենսդրութեան հետ, ու պետք է որոշէ՝ ընդունել կամ մերժել ընդդիմութեան առաջարկը։