“Երկիր”._9 Սեպտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան ընդունած է Արցախի Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար, գեներալ-մայոր Միխայիլ Քոսոպոքովն ու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռուսաստանեան 102-րդ զինուորական բաժինի հրամանատար, գնդապետ Տմիթրի Օվչարով: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ՀՀ-ի Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերու կցորդ, գնդապետ Իկոր Շչերպաքով: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է գեներալ-մայոր Միխայիլ Քոսոպոքովը՝ պաշտօն ստանձնելու առիթով եւ յաջողութիւններ մաղթած է խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին: Միխայիլ Քոսոպոքով ստանձնած է 58-րդ համազօրային բանակի հրամանատարի տեղակալի պաշտօնը։ Ժամանակին ան եղած է Ափխազիոյ ռուսական զինուորական բաժինի հրամանատարը։ Արշակ Կարապետեան շնորհաւորած է նաեւ գնդապետ Տմիթրի Օվչարովը՝ Ռուսիոյ 102-րդ զինուորական բաժինի հրամանատարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ կարեւոր համարած է Հայաստանի տարածքին մէջ հաստատուած ռուսաստանեան ստորաբաժանման դերն ու նշանակութիւնը: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Ռուսիոյ ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ իրականացուող Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Հանդիպումի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ: