Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ, նախկին ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան կալանաւորուած է: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին տեղեկացուց Յովսէփեանի պաշտպան Սասուն Ռաֆայէլեանը: «Մենք անպայման բողոք պիտի ներկայացնենք վերաքննիչ դատարան, պարզապէս որոշումը տակաւին չենք ստացած: 8 Սպտեմբերին հրապարակուած է դատարանի որոշումին եզրափակիչ մասը: Որոշումը ստանալուն պէս պիտի քննենք, որմէ ետք բողոք ներկայացնենք», նշեց Ռաֆայէլեան: Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ քննուող քրէական գործով ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ հիմնաւորուած է, որ Աղուան Յովսէփեան ստացած է առանձնապէս մեծ չափերով` 190.000.000 հայաստանեան դրամի կաշառք եւ խարդախութեան եղանակով կատարած է մեծ չափերով` 800.000.000 հայաստանեան դրամի գոյքի յափշտակութիւն: Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ յանցաւոր միջոցով ստացուած առանձնապէս մեծ չափերով` ընդհանուր 1.299.404.414 հայաստանեան դրամի գոյքը (դրամի լուացում) օրինականացնելու համար: