Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրէն ներս հիւրընկալած է «Միջազգային Կրօնական Ազատութիւն եւ Խաղաղութիւն» խորագիրով միջազգային համաժողովի մասնակիցները` տարբեր երկիրներէն ժամանած քոյր եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական կառոյցներու ներկայացուցիչներու, գիտնականներու ու հասարակական գործիչներու: Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան ներկայացուցած է համաժողովի նպատակն ու օրակարգը` յատկապէս յայտնելով, որ Մայր Աթոռի քարոզչական կեդրոնի ու Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողովի ընթացքին քննարկուած են աշխարհի ներկայիս մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած շարք մը հարցեր: Ողջունելով համաժողովի մասնակիցներուն` նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ համաժողովի ընթացքին արծարծուած հարցերը կարեւոր նշանակութիւն ունին մեր ժողովուրդին համար: Նախագահը դիտել տուած է, որ տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ձեւով կը բնորոշեն սեփական ազգային ինքնութիւնը, իսկ հայկական ինքնութիւնը հիմնուած է քրիստոնէական հաւատքի ու եկեղեցւոյ վրայ: Նախագահը շեշտած է, որ այսօր, ինչպէս որեւէ հայ, մտահոգ է հազարաւոր պատմական եւ կրօնական յուշարձաններուն ճակատագիրին համար, որոնք հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ չեն: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն է յայտնած է հիւրերուն` համաժողովին մասնակցելու եւ Հայաստան այցելութեան համար. «Վստահ եմ, որ մեր ազգը բաւականաչափ ուժ ունի ոտքի կանգնելու համար, պայքարելու մեր հաւատքին, մեր Աստուծոյ, մեր մշակոյթի, մեր եկեղեցւոյ համար: Մենք բաւականաչափ ուժ կ’ունենանք` ոտքի կանգնելու մեր բարեկամներուն հետ միասին. դուք մեր բարեկամներն էք»: