Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ «անկախ հայկական պետականութիւն» հասկացութիւնը չկայ: Եթէ պիտի ըլլայ ինչ-որ հայկական պետականութիւն Թուրքիոյ դրացնութեամբ, ապա Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեամբ` ատիկա կ՛ենթադրէ իրմէ կախուածութիւն: Իսկ այն ուղղութիւնը, որ մեր իշխանութիւնները որդեգրած են, ճիշդ այդ է` Հայաստանը դարձնել Թուրքիայէն կախուած, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ամբողջական ազդեցութեան տակ, եւ ամբողջովին կորսնցնել ինքնիշխանութիւնը, անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեան որդեգրած արտաքին քաղաքական գիծին ` 10 Սեպտեմբերին «Փաստարկ» ակումբին մէջ հրաւիրած ասուլիսին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Իր ըսածին իբրեւ հիմնաւորում` ան ներկայացուց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայփ Էրտողանի անփոփոխ դիրքորոշումին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատասխան յայտարարութեան ակնառու տարբերութիւնը: «Էրտողանը կը խօսի նախապայմաններու մասին, Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ` Թուրքիայէն դրական ազդակներ կան: Ասիկա չափազանց վտանգաւոր է մեր պետութեան եւ պետականութեան համար, եւ մենք բաւական ծանր փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ ենք», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան: Ան շեշտեց, որ ինչպէս 9 Նոյեմբերի, այնպէս ալ այս տարուան 11 Յունուարի յայտարարութիւններուն մէջ շատ կէտեր կան, որոնք կեանքի չեն կոչուած: «Ռուսական ներկայութիւնը Արցախի` Ատրպէյճանի գրաւած տարածքներուն մէջ ընդամէնը ամրագրուած է 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ: Բայց խնդիր կայ, որ առնուազն ստորագրուի երկկողմանի պայմանագիր` Ռուսիա-Ատրպէյճան, որպէսզի շատ աւելի մանրամասն ամրագրեն, որ այդ խաղաղապահ ուժերը ի՛նչ լիազօրութիւններ ունին: Ռուսիան կ՛ուզէ, որ նման պայմանագիր ստորագրուի, Ատրպէյճանը կը խուսափի, որ նման պայմանագիր ստորագրուի», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: «Այն, որ Ռուսիան կրցաւ աշխուժանալ եւ համոզել պատերազմը դադրեցնել այնպէս, ինչպէս դադրեցաւ, այսինքն` խաղաղապահ ուժեր բերելով, ատիկա կը նշանակէ, որ Ռուսիան համաձայն չէ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուի «Արցախը Ատրպէյճանի մաս է» ձեւով: Ռուսիան կը փորձէ առանց առճակատման այդ հարցը լուծել», նշեց Կիրօ Մանոյեան: ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին: «Թուրքիան այդ ամէնը շատ սուղ ծախեց Ատրպէյճանին: Ատրպէյճանը այդքան ալ գոհ չէ, որ Թուրքիան այս ծաւալով մտած է իր առօրեային մէջ` ո՛չ միայն ռազմական օգնութիւն, ներկայութիւն, այլեւ, փաստօրէն, թելադրող ըլլալու ցանկութիւն եւ փորձեր, որոնք դժգոհութիւն կը պատճառեն Ալիեւին: Այս ամէնը մէկ կողմ, այստեղ կարեւորը այն է, թէ մենք ի՛նչ պիտի ընենք: Մեր պահուածքով` մենք, բացի ամէն ինչ` ինքնիշխանութիւն, տարածք յանձնելէ ալ ոչինչ կրնանք ընել: Վրաստանը մեր աչքին առջեւ օրինակ է. Թուրքիան ամբողջութեամբ կը վերահսկէ Վրաստանին», նշեց Կիրօ Մանոյեան: