“Ազատութիւն”._Այսօր Երեւանի մէջ Հայաստանի ու Ռուսիոյ կառավարութիւններու կողմէն կազմակերպուած Armenian Business Forum-ի ընթացքին «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան յայտարարեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք որ Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսիա եռակողմ բանակացութիւններուն ընթացքին միջանցքի հարց չէ քննարկուած։ Երեք երկիրներու միջեւ փոխվարչապետեր Օվերչուքի, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի մակարդակով այս Յունուարէն սկսեալ՝ինը ամիսէ ի վեր կը գործէ աշխատանքային խումբ, որուն նպատակը հաղորդակցական ուղիներու վերագործարկումն է։ «Մեր մօտ միջանցքներ չկան։ Մենք չենք քննարկած միջանցքներու հարցը։ Քննարկուած է տնտեսական ապաշրջափակման հարցը։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են։ Անոնց մօտ առկայ է դրական տրամադրուածութիւն», ըսաւ Ալեքսէյ Օվերչուք։ Նախորդ ամիսներուն թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, թէ՛ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բազմիցս խօսած են Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու կապող միջանցքի բացման անհրաժեշտութեան մասին։ Մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը Ալիեւը պայմանաւորեց նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումով, իսկ Թուրքիոյ նախագահը 19 Սեպտեմբերին յայտարարեց՝ Հայաստանի վարչապետը իրեն հանդիպումի առաջարկ տուած է, միաժամանակ տարակուսանք յայտնելով՝ եթէ կը փափաքին հանդիպիլ իրեն հետ, Նախիջեւանի միջանցքի հարցով պէտք է յստակ քայլեր առնուին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բազմիցս յայտարարած է՝ միջանցքի հարցը չէ քննարկուած եւ պիտի չի քննարկուի, իսկ այսօր ընդունելով Օվերչուքին՝ դիտել տուաւ. «Մեծապէս շահագրգռուած ենք միջանցքներու բացումով, որովհետու կ’արժեւորենք իբրեւ Հայաստանի շրջափակումը յաղթահարելու միջոց, որուն մէջն ենք ցաւօք աւելի քան 25 տարի: Յոյսով ենք, որ աշխատանքներու հետեւանքով ճշգրիտ որոշումներու կը յանգինք»: Միջանցքի առնչութեամբ հայկական կողմի դիրքորոշումը այսօր՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին վերահաստատեց փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Երբ հարց տրուեցաւ, որ քննարկուա՞ծ են միջանցքի մասին հարցեր, Գրիգորեան պատասխանեց. «անշուշտ, ոչ»: Իսկ թէ եռակողմ հարթակի վրայ ի՞նչ հարցեր քննարկուած են, փոխվարչապետը յայտնեց. «Քննարկուած են այն հարցերը, որոնց մասին ես բազմիցս ձեզի հետ խօսած եմ՝ Ա. ենթակառուցուածքային կարելի լուծումները, Բ. իրաւական կարգաւորումը այդ լուծումներուն, որոնք եթէ մատչելի ըլլան, ապա ըլլան, կրկնեմ, կ’առնչուի մաքսային, սահմանային, ֆիթոսանիթարական եւ այլ հսկողական գործառոյթներու իրականացման»: